Հայոց ցեղասպանութեան դասաւանդումը կ՚ընդգրկուի Գերմանիոյ ուսուցչական ուղեցոյցին մէջ


 

Երբ 2005ին «Սփիւռքի եւ ցեղասպանագիտութեան Հիմնարկ»ը (Պոխումի Ռուհր համալսարան՝ IDG-Institute of Diaspora and Genocide Studies) իր տնօրէն՝ Միհրան Տապաղի նախաձեռնութեամբ Լանտի եւ Պրանտըպուրկի նահանգներուն համար հրատարակեց «Դպրոցներու մէջ 20րդ դարու ցեղասպանութիւններու եւ պետական բռնի ոճիրներու դասաւանդումը» խորագրեալ ուսուցչական ուղեցոյց մը, ան գրաւեց հանրութեան ուշադրութիւնը եւ կարելի է ըսել թէ մեծ աղմուկ բարձրացուց։ Երբ նշեալ հրատարակութեան մէջ ընդգրկուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան դասաւանդման մասին գլուխ մը, Գերմանիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը միջամտեց որպէսզի այդ հրատարակութեան առաջքը առնուի, բայց վերջինիս ջանքերը ապարդիւն եղան եւ ուղեցոյցը այնքան մեծ ժողովրդականութեան արժանացաւ, որ առաջին հրատարակութիւնը շատ կարճ ժամանակի ընթացքին սպառեցաւ։

Ներկայիս նոյն Հիմնարկը պատրաստած է ցեղասպանութիւններու մասին այլ ուղեցոյց մը Սաքս-Անհալթի կրթութեան եւ մշակութային հարցերու դաշնակցային նախարարութեան պատուէրով եւ գործակցութեամբ դպրոցի որակաւորման եւ ուսուցիչներու վերապատրաստման կեդրոնին։ Այս ուղեցոյցը, որ կը կրէ «Ցեղասպանութեանց դասաւանդումը դպրոցներու մէջ» անունը լոյս տեսած է Դեկտեմբեր 2015ին։ Ինչպէս նախորդ հրատարակութիւնը, այս վերջինին բնաբանն ալ մշակուած ու գրուած է IDG-ի կողմէ։ Ուղեցոյցը, որ կ՚ընդգրկէ այս գծով տարուած հետազօտական աշխատանքներու վերջին փուլը, առիթ պիտի տայ ուսուցիչներուն՝ դասարանին մէջ արծարծելու ցեղասպանութեան նիւթը եւ զայն ընդգրկելու դասաւանդուող այլ առարկաներու ցանկին մէջ, ինչպէս՝ պատմութիւն, քաղաքականութիւն, հոգեւոր դաստիարակութիւն եւ բարոյագիտութիւն։ Ուղեցոյցին հիմնական նիւթն է Օսմանեան կայսրութեան մէջ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութիւնը՝ 20րդ դարու բռնութեանց պատմութեան շրջանակէն ներս։

Յայտնենք թէ «Սփիւռքի եւ ցեղասպանագիտութեան Հիմնարկ»ը, որ ստեղծուած է 1994ին հայկական նախաձեռնութեամբ եւ ղեկավարութեամբ հիմնադիր փրոֆ. Միհրան Տապաղի, իր աշխատանքները կը շարունակէ մինչեւ այսօր։ Ան Գերմանիոյ մէջ առաջին եւ միակ հետազօտական կեդրոնն է, որ կը զբաղի բաղդատական ցեղասպանագիտութեան ուսումնասիրութեան հարցով եւ կը քննարկէ հաւաքական բռնութեանց յառաջացման, իրագործման եւ հետեւանքներուն առընչուող խնդիրներ։ Բացի գիտական հետազօտութիւններէն, Հիմնարկի աշխատանքներու ծիրին մէջ կարեւոր կալուած մըն է նաեւ կրթական համակարգը։ Այս ուղղութեամբ կայացած դասախօսութիւններն ու վիճարկումները մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելեն։ Իւրաքանչիւր կիսամեակին հոն կը յաճախեն 150-300 ուսանողներ, որոնք իրենց դոկտորան կը պատրաստեն Փրոֆ. Տապաղի մօտ, ուր ալ հայկական փորձառութիւնը հիմնական եւ կարեւոր նիւթ մըն է։ Հիմնարկի գործունէութեանց ծիրէն ներս հրատարակուած եւ 128 էջերէ կազմուած վերոնշեալ ուղեցոյցը յառաջդիմական քայլ մը կը նկատուի։

Ստանալու համար կարելի է դիմել հետեւեալ հասցէին.-
https://www.bildung-lsa.de/bildungsland/landesinstitut_fuer_schulqualitaet_und_lehrerbildung_sachsen_anhalt__lisa_/publikationen.html

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.