Վիրահայոց Թեմը Շուրջ 250 Հազար Տոլար Ստացած է Վրաստանի Կառավարութենէն


Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմը 2015 թուականին 600 հազար լարի (մօտաւորապէս 250 հազար տոլար) նիւթական օգնութիւն ստացած է Վրաստանի կառավարութենէն:

Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի,  յայտնած Է Վրաստանի կրօնական հարցերու պետական գործակալութեան ղեկավար Զազա Վաշախմաձէն, որ Փետրուար 15-ին տարեկան հաշուետւութիւն ներկայացուցած է կատարուած աշխատանքին մասին:

Ան նշած է, որ 2016 թուականին կրօնական միաւորումներուն պետութեան կողմէ յատկացուած նիւթական օգնութիւնը կազմած է 4 միլիոն 500 հազար լարի (1,8 միլիոն տոլար): Անցեալ տարի համանման ցուցանիշը կազմած է 3 միլիոն 500 հազար լարի (1,4 միլիոն տոլար):

Այդ գումարէն մօտաւորապէս 890 հազար տոլարը յատկացուած Էր Վրաստանի իսլամական համայնքին, շուրջ 162 հազար տոլար` Հռոմի կաթոլիկ եկեղեցւոյ համայնքին, աւելի քան 131 հազար տոլար` Վրաստանի հրէական համայնքին:

Նշուած գումարները նախատեսուած են հոգեւորականներու աշխատավարձի եւ անոնց կրօնական գործունէութեան, կրօնական շինութիւններու վերականգնման, կրօնական միաւորումներու կենցաղային ծախսերու, մշակութային եւ բարեսիրական գործունէութեան համար:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.