Ռուսիոյ մէջ կ՚առաջարկուի Մոսկուայի 1921ի դաշնագիրը յետս կոչել


 

Այս դաշնագրով Կարսն ու Արտահանը, ներառեալ՝ Արարատը յանձնուած էին Թուրքիոյ

Ռուսական «Իզվեստիա» թերթը կը գրէ, թէ 1921ին Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ կնքուած Մոսկուայի բարեկամութեան եւ եղբայրութեան դաշնագիրը յետս կոչելու տրամադրութիւններ կը տիրեն:

Արդարեւ, Համայնավար կուսակցութենէն երկու երեսփոխան՝ Վալերի Ռաշքին եւ Սերկէյ Օպուհով նախագահ Փութինին եւ Արտաքին գործոց նախարար Լաւրովին նամակ յղելով այդ դաշնագրին ջնջումը պահանջած են:

Անոնցմէ Օպուհով, «Իզվեստիա»յին յայտնած է, թէ «Այս շրջանին երբ Ռուսաստանի նկատմամբ՝ Թուրքիոյ յարձակողական կեցուածքը կը շեշտուի, հարկ է վերատեսութեան ենթարկել ռուս-թրքական այն բոլոր դաշնագրերը, որոնք նպաստաւոր չեն Ռուսաստանին»:
Ըստ «Իզվեստիա»յի, համայնավար երեսփոխաններուն այս նախաձեռնութիւնը զօրակցութիւնը կը վայելէ նաեւ «Արդար Ռուսաստան» կուսակցութեան: Վերջինիս երեսփոխաններէն Օլեկ Փահոլքով ալ յայտարարած է, թէ Մոսկուայի դաշնագիրը խոտոր կը համեմատի Ռուսաստանի շահերուն:

Լրատւութեան մէջ կ՚ըսուի նաեւ, թէ հակառակ անոր, որ այդ դաշնագրով կը ճշդուէր Ազէրպայճանի, Հայաստանի եւ Վրաստանի հետ Թուրքիոյ հիւսիս-արեւելեան սահմանը, նշեալ երկիրները մաս չեն կազմած դաշնագրին:
Այս դաշնագրով Կարսը եւ Արտահանը, ներառեալ՝ Արարատը, յանձնուած էին Թուրքիոյ, իսկ Պաթումը՝ Վրաստանին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.