Ռուսիոյ Մէջ Հայերէն Պիտի Դասաւանդեն


Սփութնիք” լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ‚ որ Ասթանայի‚ Մոսկուայի‚ Երեւանի եւ Քիշնեւի փորձագէտները քննարկած են կրթութեան ոլորտի համագործակցութեան հարցերը եւ անդրադարձած ԱՊՀ երկիրներուն մէջ կրթական համակարգի որակի բարելաւման նախագիծերուն։

Սփութնիք Արմենիա” միջազգային մամլոյ կեդրոնի կազմակերպած ”Կրթութեան տարին ԱՊՀ-ի մէջ. Հնարաւորութիւններ երիտասարդ սերունդի համար” տեսակապի ժամանակ յայտարարուած է‚ որ Ռուսիոյ տարածքին հայկական դպրոցներ բանալու ուղղութեամբ բանակցութիւններ տեղի կ’ունենան։

Ինչպէս պարզաբանեց Հայաստանի կրթութեան նախարարութեան արտաքին կապերու եւ սփիւռքի վարչութեան պետ Տիգրան Սահակեանը‚ դպրոցներ պիտի բացուին հայաբնակ քաղաքներուն մէջ՝ Մոսկուայի‚ Սան Փեթերզպուրկի‚ Սոչիի եւ Կրաստոտարի մէջ։

Այժմ մենք ռուսական կողմի հետ կը քննարկենք համագործակցութեան ձեւաչափը. կա՛մ պէտք է դպրոցներ եւ դասարաններ բանալ‚ կա՛մ հայերէն լեզուով քանի մը առարկաներ ներմուծել հանրակրթական դպրոցներուն մէջ։ Պէտք է հասկնալ‚ թէ ինչպէս պիտի գործէ փորձառական ծրագիրը՝ հետագայ համագործակցութիւնը պատկերացնելու համար”‚ ”Սփութնիք Արմենիա”-ին ըսաւ Սահակեանը։

Ան նաեւ նշեց‚ որ ռուսերէն լեզուի տեսանկիւնէն Հայաստանի մէջ իրավիճակը դրական է‚ չէ՞ որ այստեղ դպրոցներէն բացի‚ ուր ռուսերէն լեզու կը դասաւանդեն‚ կը գործեն ռուսալեզու բարձրագոյն ուսմանց կեդրոններ‚ օրինակ՝ Ռուս-հայկական (Սլավոնական) համալսարանը‚ Մոսկուայի պետական համալսարանի մասնաճիւղը։

Մեր մօտ մեծ փորձառութիւն կուտակուած է եւ ուրախութեամբ կ’ուզենք զայն փոխանցել մեր գործընկերներուն”‚ աւելցուց Սահակեան՝ նշելով‚ որ Հայաստանի մէջ բարձրագոյն կրթութիւն կը ստանայ աւելի քան 5000 արտասահմանեան ուսանող՝ Ռուսիայէն‚ Միջին Արեւելքէն‚ Իրանէն‚ Հնդկաստանէն։

Տեսակապի ծիրին մէջ քննարկուեցաւ նաեւ պետութիւններու համագործակցութեան ուժեղացման‚ կրթութեան ոլորտին մէջ համատեղ նախագիծերու իրագործման‚ կրթութեան միասնական չափանիշերու մշակման կարեւորութիւնը‚ չէ՞ որ 2016-ը ԱՊՀ երկիրներուն մէջ կրթութեան տարի հռչակուած է։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.