Սուրիահայութեան Գոյերթը Ռազմավարական Նշանակութիւն Ունի Նաեւ


Սուր­ի­ա­հա­յու­թեան գո­յեր­թի պահ­պա­նու­մը հա­մայն­քա­յին ինք­նանը­պա­տակ անհ­րա­ժեշ­տու­թե­նէ բխած խն­դիր չէ, այլ հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-ընդ­հան­րա­կան շա­հե­րուն ծա­ռա­յող պատ­մա­քա­ղա­քա­կան եւ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան հիմ­նա­ւո­րում­նե­րով ներ­կա­յա­ցող հրա­մա­յա­կան:

Ակ­նարկ մը նե­տե­լով սուր­ի­ա­հայ հա­մայն­քի կազ­մու­թեան եւ հայ-սուր­ի­ա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն վրայ պի­տի տես­նենք, թէ Հայ­կա­կան լեռ­նաշ­խար­հի եւ Սուր­իոյ մի­ջեւ առ­կայ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը հա­զա­րամ­եակ­նե­րու պատ­մու­թիւն ու­նին: Եփ­րատ եւ Տիգ­րիս գե­տե­րը, իբ­րեւ մայր երակ­ներ, Հա­յաս­տա­նը կա­պած են հա­րա­ւի եր­կիր­նե­րուն հետ, մինչ այդ պատ­մա­կան Սուր­իոյ տա­րած­քը Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նա­կից եղած է հիւ­սիս-արե­ւել­քէն, իսկ Արե­ւել­քի հին ճա­նա­պարհ­նե­րը, որոնք Սուր­ի­ան մի­ա­ցու­ցած են Սեւ ծո­վին ու Եւ­րո­պա­յին Հայ­կա­կան Բարձ­րա­ւան­դա­կէն ան­ցած են:

Հա­յեր պատ­մու­թեան տար­բեր հանգր­ուան­նե­րուն կայք հաս­տա­տած են Սուր­իա: 12-13-րդ դա­րե­րուն հայ­կա­կան ներ­կա­յու­թիւնը ծաղ­կում ապ­րած է Սուր­իոյ մէջ, իսկ մե­ծա­գոյն գաղ­թե­րը դէ­պի Սուր­իա իրա­կա­նա­ցած են Օս­ման­եան կայս­րու­թեան հա­լա­ծանք­նե­րուն իբ­րեւ ար­դիւնք, մա­նա­ւանդ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու հայ­կա­կան Կի­լիկ­իոյ աղէ­տին եւ Ալեք­սանտ­րէ­թի Սան­ճա­քին Թուրք­իոյ կցու­մին հե­տե­ւան­քով:

Ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին սուր­ի­ա­հայ հա­մայն­քի զա­ւակ­նե­րը, որ­պէս Սուր­իոյ լի­ի­րաւ քա­ղա­քա­ցի­ներ, դրա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ մշա­կած են սուր­ի­ա­կան ըն­կե­րու­թիւնը կազ­մող բո­լոր բա­ղադ­րիչ­նե­րուն, յատ­կա­պէս մահ­մե­տա­կան­նե­րուն հետ:

Սուր­ի­ա­հա­յե­րը իրենց մաս­նակ­ցու­թիւնը բե­րած են երկ­րի քա­ղա­քա­կան, տն­տե­սա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ նոյ­նիսկ զի­նուո­րա­կան նուա­ճում­նե­րուն: Ապ­րե­լով իրենց պատ­մա­կան հայ­րե­նի­քի մեր­ձա­ւո­րու­թեան, անոնք պահ­պա­նած են իրենց ազ­գա­յին ժա­ռան­գու­թիւնը` մշա­կոյ­թը, աւան­դոյթ­նե­րը, առանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րը, ձգ­տում­ներն ու իղ­ձե­րը ու մա­նա­ւանդ լե­զուն` արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը: Այլ խօս­քով իրենց ինք­նու­թիւնն ու տե­սա­կը:

Ու­նե­նա­լով ազ­գա­յին կա­ռոյց­ներ, կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ ու եկե­ղե­ցի­ներ պահ­պա­նած ու սե­րուն­դէ սե­րունդ փո­խան­ցած են բռ­նագ­րաւ­ուած մեր հո­ղե­րուն իրա­ւա­տէ­րը ըլ­լա­լու գի­տակ­ցու­թիւնն ու անոնց վե­րա­տի­րա­նա­լու կամ­քը` դառ­նա­լով Հայ Դա­տի հե­տապնդ­ման ուղիի առա­ջա­տար հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րէն մէ­կը:

Բնա­կա­նա­բար Սփիւռ­քի տար­բեր հա­մայնք­նե­րուն մէջ տա­րուող յա­րա­բե­րա­կան- քա­րոզ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն կա­րե­ւո­րու­թիւնը թե­րագ­նա­հա­տե­լու հարց գո­յու­թիւն չու­նի այս­տեղ: Անա­ռար­կե­լի է սա­կայն, որ հայ­րե­նա­մերձ Սուր­իոյ մէջ կազ­մա­կերպ, քա­ղա­քա­կա­նա­ցած ու պա­հան­ջա­տէր հա­յու­թեան գո­յու­թիւնը պատ­մա­քա­ղա­քա­կան եւ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ազ­դու գոր­ծօն է Հայ Դա­տի հե­տապնդ­ման ծի­րէն ներս: Ու երբ Սուր­իոյ հա­յու­թեան ներ­կա­յու­թիւնը նօս­րա­նայ, անոր շօ­շա­փե­լի մէկ հատ­ուա­ծը աշ­խար­հագ­րա­կա­նօ­րէն ան­ջատ­ուի իր պա­պե­նա­կան հո­ղե­րուն մեր­ձա­ւո­րու­թեան, անոր մշա­կոյ­թով, լե­զուով ու աւան­դոյթ­նե­րով ապ­րող զանգ­ուա­ծէն, բնա­կա­նա­բար պի­տի թու­լա­նայ Հայ Դա­տի հե­տապնդ­ման տու­եալ գոր­ծօ­նին ազ­դե­ցու­թիւնը:

Փաս­տօ­րէն հայ­կա­կան ներ­կա­յու­թեան թու­լաց­ման կը մի­տէր սուր­ի­ա­կան տագ­նա­պի անց­նող հինգ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ահա­բեկ­չա­կան թր­քա­մէտ խմ­բա­ւո­րում­նե­րու կող­մէ հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սե­րու, եկե­ղե­ցի­նե­րու, սըր­բա­վայ­րե­րու եւ կեդ­րոն­նե­րու նպա­տա­կաուղղ­ուած հր­թի­ռա­կո­ծու­մը, Տէր Զօ­րի մէջ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մա­կան Յու­շա­հա­մա­լի­րի ակա­նա­հա­րու­մը` մի­ան­գա­մայն վե­րաց­նե­լու Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան շա­ռա­ւիղ­նե­րու ներ­կա­յու­թիւնն ու պատ­մա­կան խօ­սուն վկա­յա­րան­նե­րը:

Հայ­կա­կան հա­մընդ­հա­նուր շա­հե­րուն մէջ, սուր­ի­ա­հայ հա­մայն­քի գո­յու­թիւնը ռազ­մա­վա­րա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նի նա­եւ այլ նկա­տա­ռում­նե­րով:

Հա­մայն­քը տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ, յատ­կա­պէս որ­պէս տն­տե­սա­կան, մշա­կու­թա­յին ազ­դու լծակ, իր դրա­կան ներ­գոր­ծու­թիւնը ու­նե­ցած է Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւն-Սուր­իա յա­րա­բե­րու­թեան մէջ:

Տա­րի­ներ շա­րու­նակ եղած է Սփիւռ­քի հայ հա­մայնք­նե­րուն մար­դուժ հայ­թայ­թող հնոց: Իր վար­ժա­րան­նե­րով ու մշա­կու­թա­յին կեդ­րոն­նե­րով` հայ մշա­կոյ­թի, հայ­կա­կան աւան­դոյթ­նե­րու եւ արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պահ­պան­ման ամ­րոց:

Այս բո­լո­րով հան­դերձ արա­բա­կան եւ յատ­կա­պէս մահ­մե­տա­կան աշ­խար­հին մէջ եղած է թր­քա­կան ապա­տե­ղե­կա­տուու­թիւնը քօ­ղա­զեր­ծող ազ­դակ:

Ուս­տի եթէ կը յա­ւակ­նինք ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կան տես­լա­կան ու­նե­ցող ազգ ըլ­լալ, ապա մեր ամ­բողջ ճի­գը ի գործ պէտք է դնենք ոչ միայն պահ­պա­նե­լու եւ ու­ժե­ղաց­նե­լու սուր­ի­ա­հայ հա­մայն­քը, այ­լեւ Սուր­իոյ ան­ցո­ղա­կի դըժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը տա­նե­լու յանձ­նա­ռու քա­ղա­քացիի կար­գա­պա­հու­թեամբ եւ զո­հո­ղու­թեամբ, ընդ­հան­րա­կան շա­հե­րու գի­տակ­ցու­թեամբ:

Որով­հե­տեւ մեր ազ­գա­յին- ընդ­հան­րա­կան շա­հե­րը կը պա­հան­ջեն, որ սուր­ի­ա­հա­յու­թիւնը չար­տա­գաղ­թէ ու չհե­ռա­նայ իր հայ­րե­նի­քի մեր­ձա­ւո­րու­թեան գտ­նուող տա­րածք­նե­րէն:

«Գանձասար»Ի խմբագրական 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.