Հրանդ Տինք Հիմնադրամը ցանկագրած է 4600 հայկական ժառանգական կառոյց Թուրքիոյ մէջ


Վանայ լիճի ափամերձ հայկական Ս. Թովմաս վանքը 

Էրմենիհապեր.- Հրանտ Տինք հիմնադրամը «Փոքր Ասիոյ մշակութային ժառանգութիւն» նախագիծով կատարած է ցանկագրումը հայերու, յոյներու, ասորիներու և հրեաներու կողմէ կառուցուած եկեղեցիներու, սինակոկներու, վանքերու, դպրոցներու, հիւանդանոցներու ու գերեզմանատներու: Մօտ 2.5 տարի տևած աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք ցուցակագրուած է 10 հազարի չափ կառոյց, որոնցմէ 4.600-ը հայկական է, 4100-ը` յունական, 650-ը` ասորական, 300-ը` հրէական: Հիմնադրամը այս բոլոր կառոյցները ներառող քարտէս կազմած, որը կարելի է տեսնել turkiyekulturvarliklari.com կայքէջիմ վրայ:

 Աշխատանքները իրականացուցած են հետազօտողներ Վահագն Քեշիշեանը, Նորա և Զաքարիա Միլտանօղլուները, Նորայր Օլկարը, Մուսթաֆա Պաթմանը, Էզգի Տէնիզ Պերքը, Մերվէ Քուրթը, Թունա Պաշըբէքը և այլօք:

 Բացի կանգուն մնացած կառոյցներէն, Հետազօտողները կազմած  են նաև Փոքր Ասիոյ քանդուած, աւերուած, որպէս ախոռ օգտագործուող կամ մզկիթի վերածուած  կառոյցներու ցանկը: Վերոնշեալ նախագիծին աջակցած են Թուրքիոյ Եւրոմիութեան հարցերով նախարարութիւնը, «Բաց հասարակութիւն» և «Chrest» հիմնադրամները:

 Թուրքիոյ քրիստոնէական կառոյցներուն վերաբերեալ նմանատիպ համապարփակ ուսումնասիրութիւն ցարդ չէր կատարուած:

 հետազօտողները նշած են, որ լայնօրեն օգտուած են եկեղեցական մատեաններէն և բոլոր այն աղբիւրներէն: Ուսումնասիրութիւններ կատարելու հնարաւորութիւն ունեցած են նաև Թուրքիոյ կառավարութեան ենթակայութեան տակ գտնուող Օսմանեան արխիւներուն մէջ:

 Նախագիծի յաջորդ հանգրուանով կը նախատեսուի այցելել Թուրքիոյ տարբեր շրջաններ և մէկ առ մէկ ստուգել բոլոր այն կառոյցները, որոնց մասին հետազօտողները տեղեկութիւններ հաւաքագրած եւ արձանագրած են:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.