Իրաքահայ Գաղթական Ընտանիքներ Թուրքիոյ Մէջ Իրենց Կրօնական Պատկանելիութիւնը Կը Սքօղեն
Ռիֆաթ Հաշարան ”Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ”-ի մէջ կը գրէ‚ որ Սուրիայէն եւ Իրաքէն փախուստ տուած շուրջ 45,000 քրիստոնեաներ Թուրքիոյ Եոզղաթ, Աքսարայ եւ Չորում նահանգներուն մէջ ստիպուած են պահելու իրենց կրօնական պատկանելիութիւնը։
Թուրքիա ապաստանած շուրջ 45,000 հայեր, ասորիներ եւ քաղդէացիներ դիմած են ՄԱԿ-ին Միացեալ Նահանգներ, Գանատա կամ Աւստրալիա գաղթելու համար եւ Թուրքիոյ մէջ մինչեւ 2023 կեցութեան արտօնագիր ստացած են։ Անոնց մեծամասնութիւնը կ’ապրին Անատոլուի փոքր քաղաքներու մէջ, ինչպէս՝ Եոզղաթի, Աքսարայի, Չորումի, Ամասիոյ, Քըրշեհիրի, Էրզրումի եւ Գարահիսարի մէջ։
Պոլսոյ ասորի եւ հայ պատրիարքութիւնները, ինչպէս նաեւ շարք մը ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ այդ տեղահանուածներէն շատերուն նիւթական օժանդակութիւն կը տրամադրեն, սակայն անոնց խնդիրները տնտեսական դժուարութիւններէն շատ աւելին են։
Հայերուն համար կացութիւնը պատմական ենթահող մը ունի, որովհետեւ անոնցմէ շատերը կը վերադառնան իրենց նախորդներուն հողերը, ուրկէ 100 տարի առաջ բռնի հեռացուած էին։
Իր ընտանիքին հետ Իրաքէն փախուստ տուած եւ Եոզղաթի մէջ հաստատուած Անոնիս Ալիս Սալճըեան ”Հիւրրիյէթ”-ի յայտնեց, որ հասարակութեան մէջ կը ձեւանան իսլամ ըլլալ։ Անոնց բնակած սենեակին մէջ կաղանդի ծառին մօտ Ս. Աստուածածինին նկարը կախուած է։ Անոնիսի նախահայրերը օսմանեան իշխանութիւններուն եւ տեղւոյն իսլամներուն կողմէ մէկ դար առաջ վտարուած էին Անատոլուէն։ 100 տարի ետք, անոնք դարձեալ կը ստիպուին իրենց երկրէն հեռանալու։
”Ընտանիքս Վանէն էր։ Ամուսինիս ընտանիքը՝ Այնթապէն։ Ես եւ ամուսինս մեր երկու զաւակներուն հետ մէկ տարի առաջ 20 այլ ընտանիքներու հետ փախուստ տուինք Իրաքէն։ Իրաքի մէջ ճնշումի ենթակայ էինք”, ըսաւ ան՝ նշելով‚ որ իր ընտանիքը ոսկերիչ է, սակայն Եոզղաթի մէջ անգործ է։ Անոնք կ՚՚ապրին շնորհիւ Եւրոպա բնակող իրենց ազգականներուն նիւթական օժանդակութեան։
Սալճըեան նաեւ ըսաւ, որ իր զաւակները Թուրքիոյ մէջ իրենց նոր կեանքին յարմարելու դժուարութիւն կը դիմագրաւեն, որովհետեւ թրքերէն չեն խօսիր։ ”Մեր զաւակները այստեղ դպրոց չեն կրնար երթալ, որովհետեւ թրքերէն չեն խօսիր։ Անոնք միայն այստեղ փոխադրուած այլ հայ ընտանիքներու զաւակներուն հետ կը յարաբերին”, ըսաւ ան։
ՊԱՂՏԱՏԻ ՄԷՋ ԻՐԵՆՑ ՏԱՆ ԴԷՄ ՏԱՀԵՇ-Ի ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԷՆ Ի ՎԵՐ ՉԽՕՍՈՂ ԱՂՋԻԿԸ
Լինտա եւ Վահան Մարգարեան եւս որոշած են Թուրքիա փախուստ տալ, երբ Պաղտատի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի (Իսլամական Պետութիւն – ISIS) զինեալներ ներխուժած են անոնց տունը։
”Երբ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները անցեալ տարի Պաղտատի մէջ մեր տունը ներխուժեցին՝ դուստրս Նուշիկը 7 տարեկան էր։ Այդ օր ան դադրեցաւ խօսելէ եւ մինչեւ օրս չէ խօսած։ Այժմ կ’ապրինք Եոզղաթի մէջ։ Շատ աշխատանք կը տանինք անոր դարմանում ապահովելու համար, սակայն տակաւին կը մերժէ խօսիլ”, ըսաւ Լինտա՝ աւելցնելով.”Այստեղ ապագայ չունինք։ Մեր կեանքին մէջ ամէն բան անորոշ է։ Մեր փափաքն է մեր զաւակներուն ապահովել աւելի լաւ կեանք մը այնպիսի վայրի մը մէջ, ուր անոնք ապահով ու անվտանգ են”։
Ան նաեւ ըսաւ, որ հասարակութեան կողմէ ճնշումի պատճառով դժուար է իրենց կրօնքին հետեւիլ։ ”Մենք հաւատացեալ մարդիկ ենք, սակայն մեր քարոզներն ու աղօթքները տունը կը կատարենք։ Ատիկա դժուար է”։
Ան նշեց, որ իր ամուսինը Պաղտատի մէջ ելեկտրագէտ էր, սակայն Եոզղաթի մէջ դժուարութիւն կը դիմագրաւէ։ ”Շէնքերու կառուցման վայրերու պէս տեղերու մէջ միայն ժամանակաւոր գործեր կ’աշխատինք։ Միւսները (թուրք քաղաքացիները) օրական շուրջ 100 թրքական լիրա կը վճառուին, իսկ մենք՝ նոյն գործին համար միայն 25 լիրա։ Չենք կրնար մեր իրաւունքը պահանջել”, ըսաւ ան։
Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան՝ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութենէն երեսփոխան Սելինա Տողան‚ որ ծագումով հայ է‚ վերջերս այցելած էր Եոզղաթի մէջ հայ ընտանիքներուն։