Ըմբշամարտ. Հայ Ըմբիշները Ոսկի Մետալներ Նուաճեցին Միջազգային Մրցաշարքին Մէջ


emp_013116

Պուլկարիոյ մէջ տեղի ունեցած Տան Քոլովի եւ Նիքոլա Փեթրովի անուան ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարքին, Լոնտոնի Ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի կրկնակի, Եւրոպայի եռակի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան 98 քկ ծանրութեան  դասակարգին մէջ երրորդ տարին անընդմէջ նուաճեց մրցաշարքի ոսկի մետալը: 75 քկ ծանրութեան  դասակարգի ոսկի մետալը նուաճեց Կարօ Չալեան, իսկ 71 քկ ծանրութեան դասակարգին մէջ, Եւրոպական խաղերու փոխախոյեան, յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Միհրան Յարութիւնեան նուաճեց ոսկի մետալը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.