Թուրքիոյ Սիլոփի շրջանի շէնքերու պատերուն վրայ «Հայ բիճեր» գրութիւն յայտնուած է


Թուրքիոյ հարաւ-արևելեան Շըրնաք նահանգի Սիլոփի շրջանի պարետային ժամի  դադրեցումէն ետք առաջին անգամ փողոցներուն մէջ առնուած լուսանակարները դաժան տեսարաններ կը պատկերեն:

՚Թրքական «Cumhuriyet» թերթը կը գրէ, որ պարետային ժամը դադրեցնելէ ետք անգամ ժողովուրդը դուրս չի գար տուներէն՝ վախնալով դիպուկահարներէն:

 Թերթը կը գրէ, որ ուշադրութիւն կը գրաւեն յատկապէս շէնքերու պատերուն վրայ արձանագուած գրութիւնները. «Հայ բիճեր», «Յալչընհանի թիմ», «PÖH» (Ոստիկանութեան յատուկ գործողութիւններ): Փողոցները լեցուած են կենդանիներու դիակներով, որոնք, ըստ բնակիչներուն կամ գնդակահարուած են կամ սատկած սովէն:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.