Թալիշները Ազրպէյճանի Մէջ Բողոքի Զանգուածային Ցոյցեր Կը Կատարեն


Փրաւտա”-ի կայքը կը հաղորդէ, որ թալիշները Ազրպէյճանի հարաւային շրջաններուն մէջ քանի մը օր շարունակ բողոքի ցոյցեր կը կատարեն։ Փորձագէտները անոնց ցոյցերը կը կապեն երկրին մէջ տիրող տնտեսական եւ ընկերային խնդիրներուն հետ՝ քարիւղի գինի անկումի ենթահողին վրայ։

Զանգուածային խռովութիւններ տեղի կ’ունենան թալիշական Ասթարա եւ Ճալիլապատ քաղաքներուն մէջ։ Ազրպէյճանի ներքին գործոց նախարարութեան եւ գլխաւոր դատախազութեան տուեալներով՝ բողոքի ցոյցեր կատարուած են նաեւ նախորդ շաբաթ Սիյազանի, Լենքորանի, Աղճապետի, Ֆիզուլիի շրջաններուն մէջ։

Իշխանութիւնները երկրին մէջ անկարգութիւններ հրահրելու մէջ կը մեղադրեն ընդդիմադիրները՝ ”Ազրպէյճանի ազգային ճակատ” եւ ”Մուսաւաթ” կուսակցութիւնները։ ”Մուսաւաթ”-ի ղեկավար Արիֆ Կաճիլիին զգուշացուցած են, իսկ կուսակցութեան անդամներէն ոմանք ձերբակալուած են։

Կուսակցութիւնը կը հերքէ իր հասցէին հնչած մեղադրանքները եւ կը կարծէ, որ իշխանութիւնները քայլեր չեն ձեռնարկեր՝ գնաճը կանխարգիլելու համար։

Թալիշները Հարաւային Կովկասի մէջ բնակող ազգերէն են։ Ազրպէյճանի մէջ անոնք կը բնակին Քուր գետի հարաւային ափերուն, իսկ Իրանի մէջ՝ Կիլան եւ Արտապիլ նահանգներուն մէջ։

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.