«Հրանդի պատմութիւնը՝ Վերապրումի երթ մը»


armenianweekly.com կը գրէ, որ «Հրանդի պատմութիւնը՝ Վերապրումի երթ մը» գիրքը մարդու մը կեանքին եւ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրող ականատեսի մը իսկական վկայութիւնն է։

Խարբերդէն ջարդերէն դէպի ազատութիւն անոր ճամբորդութիւնը այդ ժամանակաշրջանին հայերու ցուցաբերած քաջութեան եւ յարատեւութեան խորհրդանիշն է։

Հրանդ Ռուսեան իր կեանքին վերջին տարիներու ընթացքին ժապաւէններու վրայ հայերէնով արձանագրեց իր պատմութիւնը։ Երեք անգամ ստոյգ մահէ փրկուելէ ետք ան պարտաւորուած զգաց մանրամասն կերպով նկարագրելու իր կեանքի դէպքերը։ Տարիներով ատիկա պահուած մնաց, մինչեւ որ անոր ընտանիքի անդամները որոշեցին անոր մահէն 30 տարի ետք, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առթիւ անոր պատմութիւնը հրապարակել։

Մինչ գիրքի վրայ աշխատանքը աւարտելու խայծը վստահաբար 100-ամեակն էր՝ անոր դուստրը՝ Սանտրա Ռուսեան-Աղպապեան, որ թարգմանութիւնն ու խմբագրութիւնը կատարեց, յայտնեց, որ իսկական պատճառը իր տարիքին եւ մահկանացու մը ըլլալուն գիտակցումն էր։

«Հօրս խոստացած էի այս ծրագիրը աւարտել եւ տակաւին խոստումս չէի յարգած», ըսաւ ան։ Ռուսեան իր կեանքի դրուագները արձանագրեց բազմաթիւ ժապաւէններու վրայ եւ կ’ուզէր, որ անոնք հրապարակուին։ «Ի վերջոյ, բազմաթիւ տարիներ ետք ժամանակը հասած էր։ Գրող մը չըլլալով տատամսեցայ, որովհետեւ կ’ուզէի անոր պատմութիւնը լաւ ձեւով ներկայացնել։ Ի վերջոյ անդրադարձայ որ իր բառերն ու պատմութիւնը ամէնէն կարեւորն են»։

Աղպապեան դիմեց իր եղբօր, Քէյփ Քոտի մէջ փաստաբան Հրանդի օժանդակութեան եւ անոնք միասնաբար կարողացան փաստագրել իրենց հօր ժառանգը։ Մինչ Սանտրան գրելն ու թարգմանութիւնը ստանցնեց՝ անոր եղբայրը տրամադրեց անոնց հօր կեանքէն հին նկարներու մեծամասնութիւնը։ Աղպապեանի դուստրը՝ Փամելան, որ գրադարանագէտ է, հրատարակման կայքը ստեղծեց եւ իր մայրը առաջնորդեց համացանցի գործողութեան մէջ։ Գիրքը տեղադրուած է Lulu.com կայքին վրայ։

Պատմութիւնը կը ջերմացնէ ընթերցողին սիրտը։ Անիկա լաւ ձեւով գրուած ու փաստագրուած է։ 1923-ին Հրանդ Միացեալ Նահանգներ գաղթելէ ետք անդրդարձած է, որ ամերիկեան անուն մը որդեգրելը կը դիւրացնէ հարցերը, ուստի որդեգրած է «Հենրի» անունը։ Ան կը դառնայ նպարավաճառ եւ տէր կը դառնայ իր սեփական խանութին՝ Henry’s Market, որ կը գտնուի Գէմպրիճի (Պոսթըն) մէջ եւ այլ մարզերու մէջ եւս յաջողութիւն կը գտնէ։

1934-ին ան դասաւորուած ամուսնութեամբ մը կը պսակուի Բեկրուհի Թաշճեանի հետ։ Անոնց փոխադարձ սէրն ու յարգանք յաջորդող 50 տարիներու ընթացքին կ’աճի։ Անոնց ընտանիքը ի վերջոյ կը հաստատուի Պելմոնթի մէջ։

Թէեւ Հրանդ մինչեւ ուշ ատեն կ’աշխատէր, ան հպարտ կը զգար Ուոթըրթաունի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ կառուցման մէջ իր ունեցած դերակատարութեան համար։ Ան նաեւ ՀՅԴ-ի  անդամ էր։

Աղպապեան կը նշէ, որ միայն ականատեսներու վկայութիւնները լսելով է, որ աշխարհը պիտի ճանչնայ հայերու դէմ գործուած անարդարութիւնը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.