Հալէպի Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ Եկեղեցին Հրթիռակոծուեցաւ


Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան Այցելեց Հրթիռակոծուած Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ Եկեղեցի

Այսօր, 17 Յունուար 2016-ի կէսօրին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ հրթիռակոծուեցան Հալէպի Մունշիէ,Ազիզիէ, Սաատ Ալլա Ճապրի շրջանները։

Հրթիռակոծման թիրախ դարձաւ նաեւ Մունշիէի շջանին մէջ գտնուող Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցին, առաւօտեան պաշտամունքի արարողութենէն ժամեր անց։

Բարեբախտաբար մարդկային վնասներ չարձանագրուեցան, սակայն եկեղեցւոյ կառոյցը մեծապէս վնասուեցաւ։

Հայ Աւետարանական Համայնքապետ Վեր․ Յարութիւն Սելիմեան այցելեց եկեղեցի՝ ստուգելու վնասներու տարողութիւնը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.