Ընթացքի Մէջ Է ՀՕՄ-ի Ստեփանակերտի «Սօսէ» Մանկապարտէզի Նոր Շէնքի Շինարարութիւնը


Հայ Օգնութեան Միութեան կողմէ Արցախի մէջ իրականացուող եւ յաջողած ծրագիրներէն մէկը «Սօսէ» մանկապարտէզներու ծրագիրն է: Ներկայիս Արցախի մէջ կը գործեն 8 մանկապարտէզներ՝ Ստեփանակերտի, Շուշիի, Մեծ Թաղերի, Տողի, Ակնաբերդի, Աշանի, Խնձրիստանի եւ Քարեգահի մէջ:

Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի շէնքը վերջին տարիներուն կը գտնուի բաւական անմխիթար վիճակի մէջ՝ տարբեր իմաստներով։ Ապրիլ 2014-ին Լեռնային Ղարաբաղի «Սէյսմիկ ծառայութեան» գրասենեակը շէնքը նկատած է վթարային եւ մանկապարտէզը փակելու պահանջ ներկայացուցած է: ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի եւ միութեան աշխարհասփիւռ կառոյցին կողմէ անմիջապէս կեանքի կոչուած է  միասնական ջանքերով նոր մանկապարտէզ կառուցելու ծրագիրը: Այսօր արդէն ՀՕՄ-ի կողմէ կատարուած դրամահաւաքին շնորհիւ հիմնովին նոր մանկապարտէզ կը կառուցուի: Շինարարութեան ընթացքին եւ դրամահաւաքի կազմակերպման աշխատանքներուն մասին խօսած է Արցախի մեկուսի միաւորի ատենապետ Արմինէ Յարութիւնեան: «2015 թուականը նշանակալից էր Արցախի ՀՕՄ-ի միաւորի համար, որովհետեւ ՀՕՄ-ի Կենտրոնական վարչութիւնն որոշում է կայացրել նախաձեռնելու Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի շէնքի կառուցումը: Եւ ինչպէս շատերն են ականատես, շինարարութիւնը բնականոն ընթացքի մէջ է», յայտնած է Արմինէ Յարութիւնեան՝ աւելցնելով. «Արդէն գրեթէ աւարտուած է շէնքի 2րդ յարկի շինարարութիւնը, սակայն եղանակային անբարենպաստ պայմանների հետ կապուած՝ շինարարութիւնը ժամանակաւորապէս դադարեցուել է: Եղանակային պայմանների բարելաւումից անմիջապէս յետոյ շինարարութիւնը նորից կը շարունակուի եւ 2017 թուականի գարնանը մանկապարտէզը շահագործման է յանձնուելու»:

Ներկայիս «Սօսէ» մանկապարտէզը կը գործէ ժամանակաւոր կերպով տրամադրուած վայրին մէջ՝ Ստեփանակերտի նախկին 6րդ դպրոցի մասնաշէնքերէն մէկուն: Արմինէ Յարութիւնեանի համաձայն՝ այսօր մանկապարտէզ կը յաճախեն շուրջ 70 երեխաներ:

ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութիւնը, «Սօսէ» մանակապարտէզի շինարարութեան յանձնախումբը եւ ՀՕՄ-ի տարբեր կառոյցներ՝ Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի եւ այլ երկիրներու մէջ կը շարունակեն նախաձեռնել դրամահաւաքներու՝ շինարարութիւնը կարելի եղածին չափ շուտ աւարտելու նպատակով:

ՀՕՄ-ի Արցախի կառոյցը նամակով դիմած եւ յորդորած է Արցախի մէջ գործող 100-է աւելի կազմակերպութիւններու՝ ակնկալելով իրենց մասնակցութիւնը բարեգործական այս ծրագիրին:

«Ուրախութեամբ տեղեկացնեմ, որ մենք ունենք Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան աջակցութիւնը եւ խոստումը շինարարութեան ֆինանսաւորման մասնակցութեան գործում»,- ըսած է Ա. Յարութիւնեան:

«Պէտք է խոստովանեմ, որ այժմ ունենք նուիրատուներ Արցախից, որոնց անունները ուզում եմ հպարտօրէն նշել՝ «Շարմ Սերվիս» ՓԲԸ, «Գառնի Գրուպ» ՓԲԸ, «Ստրոյմոնտաժ» ՍՊԸ, «Ալիւս Գրում» ՓԲԸ, «Շիմսերվիս» ՍՊԸ, «Ագրոտնտեսութիւն մէկ» ՓԲԸ, «Բէյս Մեթլս» ՓԲԸ, «Դուին» ՍՊԸ, «Մերի» ՍՊԸ եւ «Արցախէներգօ» ՓԲԸ»ն:

«Արցախի միաւորը եւս անմասն չի մնալու եւ տարբեր նախաձեռնութիւններով նպաստելու է մանկապարտէզի շինարարութեան արագ ընթացքին ու աւարտին»,- դիտել տուած է Ա. Յարութիւնեան:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.