Իւրաքանչիւր Հայ Պէտք Է Աջակցի Իր Հայրենակիցներուն. Գանատահայ Գործարար Ճէք Քաչքարեան


Ճէք Քաչքարեան Գանատայի ամենահարուստ հայերէն է, որ բաւականին յաջողակ գործարար է, Inyx դեղագործական ընկերութեան սեփականատէրը, միեւնոյն ժամանակ Ֆրանսայի «Մարսէլ» ֆութպոլային ակումբի վառ երկրպագուներէն:

Ծնած է 1963 թ-ի Փետրուար 19 -ին Դամասկոս: Արմատներով Արեւմտեան Հայաստանէն է, ուրկէ նախնիները գաղթած են Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն եւ ապաստան գտած Պէյրութի մէջ, այնուհետեւ տեղափոխուած Դամասկոս: 1981 թ-ին երիտասարդ Ճէքը գերազանց աւարտելով Դամասկոսի բժշկական քոլեջը կը մեկնի Պուտապեշտ` ուսումը շարունակելով արդէն բժշկական համալսարանի մէջ: Այնտեղ կը հանդիպի հայերու` կը ներգրաւուի անոնց գործունէութեան  եւ աշխոյժ կը մասնակցի հայ համայնքի կեանքին:

«Հունգարիա Ժամանելուս պէս, ես ընկերացայ տեղացի հայերու հետ եւ սկսայ օգնել անոնց համայնքի ձեռնարկներու կազմակերպման եւ մշակութային երեկոներու իրականացման գործերուն: Այսօր իմ ընկերներս Հունգարիոյ մէջ կը համալրեն լուրջ եւ հեղինակաւոր մտաւորականներու շարքը ողջ հայկական սփիւռքի»:

Ուսման երրորդ կարգին կը հանդիպի իր ապագայ կնոջ` Վիքթորիա Պենկովիչին, որ ամերիկուհի էր` հրէական ծագումով: Վերջինս նոյնպէս նոյն համալսարանի ուսանող էր: Զոյգը կ’ամուսնանայ Դամասկոսի մէջ, բացառապէս հայկական աւանդոյթներով: «Այո, իմ կինս, հրեայ է, բայց ես անմիջապէս ըսի, որ հարսանիքը, տեղի պիտի ունենայ Դամասկոսի մէջ հայկական աւանդոյթներով եւ ան համաձայնուեցաւ: Երկու տարի անոր հայերէն  սորվեցուցած եմ, որպէսզի ուրախութիւն պատճառէի նաեւ ծնողներուս: Կինս ինծի համար այն կնոջ օրինակն է, որուն երազած եմ կողքս տեսնել: Ան լաւ մարդ է, բարի ու նուիրուող: Սկիզբը, ծնողները դէմ էին մեր ամուսնութեան, սակայն Վիքթորիան ժամանակ ունեցաւ ուսումնասիրելու մեր արժէքները, աւանդոյթները, խոհանոցը եւ նոյնիսկ լեզուն»:

Հարսանիքէն ետք  ամուսնական զոյգը կը վերադառնայ Պուտապեշտ, ուր Ճէքը աշխատանքի կ’անցնի մասնաւոր բուժարանի մէջ` աշխատելով 1 տարի: Կարեւոր փաստերէն մէջբերենք այն, որ 1988 թ.-ին Սպիտակի մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժի տուժածներուն համար մեկնարկած դրամահաւաքին, Քաչքարեաններու ընտանիքը իր աշխոյժ մասնակցութիւնը  ունեցած է եւ զգալի ներդրում  կատարած երկրաշարժի հետեւանքներու յաղթահարման:

90 ական թթ-ուն ՃԷք ընտանիքով կը տեղափոխուի Նիւ Եորք եւ կը հիմնէ դեղատան փոքր ցանց, որ անոր լաւ շահոյթ կը բերէ: Հինգ տարի անց` դառնալով յաջող գործարար  Միացեալ Նահանգներու մէջ, ան կը հիմնադրէ դեղագործական ընկերութիւն եւ կը գնէ միջազգային Karver Holdings եւ Inyx Inc ընկերութեան բաժնետոմսերը եւ շարունակական յառաջընթացք կ’ունենայ գործարարութեան մէջ:

Մեծ եկամուտներ ունենալով` սակայն ան չի մոռնար իր ազգային պատկանելիութիւնը եւ ցանկութիւն կը յայտնէ օգնութեան ձեռք մեկնել հայ ժողովուրդին: Անոր կատարած ներդրումներով ԱՄՆ-ի, Գանատայի եւ Մեծ Բրիտանիոյ մէջ հայկական հիմնադրամներու օգնութեամբ կը կառուցուին հայկական եկեղեցիներ, հիւանդանոցներ, մշակութային կեդրոններ եւ հայկական կիրակնօրեայ դպրոց:

«Ես կը կարծեմ, որ իւրաքանչիւր հայ` ունենալով հնարաւորութիւն, պէտք է աջակցի իր հայրենակիցներուն», – ըսած է ՃԷք` իր հարցազրոյցներէն մէկուն:

2004 թ.-ին ան կը տեղափոխուի Գանատա, ուր եւ կը շարունակէ զարգացնել իր դեղագործական գործարարութիւնը:

http://aadmag.am/


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.