Բժ. Արի-Նարեկ Մկրտիչեան՝ Մոնթրէալի ՄգԿիլ համալսարանի բժշկութեան բաժանմունքի «Տարուան ուսուցիչը»


Մոնթրէալի ՄգԿիլ համալսարանի բժշկութեան բաժանմունքի Ուռուցքաբանութեան (Oncology) բաժնի տարեկան գիտաժողովին՝ 30 նոյեմբերին, ձեռամբ Բաժնի ղեկավարին՝ 2015 տարուան լաւագոյն ուսուցիչի ու դաստիարակի պարգեւը ստացաւ բժ. Արի-Նարեկ Մկրտիչեան։

Սոյն պարգեւի թեկնածուները, գրաւոր բացատրութիւններով, կ՚առաջարկուին վարժանքի մէջ գտնուող նոյն ինքն ուսանող-բժիշկներուն կողմէ, փրոֆեսորի մը հաւանութեամբ, ապա բաժնի մնացեալ փրոֆեսորները առաջարկուած անուններէն կ՚ընտրեն ու կը յանձնարարեն լաւագոյն թեկնածուն։

Բաժնի նախագահը՝ Dr. Edouardo Franco, ներկայացնելով պարգեւատրեալը, որ վիրաբուժութեան եւ ուռուցքաբանութեան աջակից (associate) փրոֆեսոր է, տուած է անոր ամփոփ կենսագրականը, նշելով յաճախած համալսարանները (Université de Montréal, Université de Laval, Rosewell Park Cancer Institute (Buffalo, N.Y), ստացած բարձրագոյն վկայականները, վարած բազմաթիւ պաշտօնները 2010 թուականէն սկսեալ՝ թէ՛ տեղական եւ թէ՛ միջազգային առումով, իրագործած աշխատանքները, նաեւ ստացած այլ մրցանակներն ու պարգեւները։ Ան անդամ է Գանատայի բժշկական խորհուրդի (Physicians Council of Canada) քննութիւններու յանձնախումբին եւ Բժիշկներու եւ վիրաբուժներու արքայական գոլեժի (Royal College of Physicians and Surgeons of Canada) մասնագիտական յանձնախումբին։

Բժ. Մկրտիչեան այժմ կը գործէ ՄգԿիլ համալսարանի Առողջապահական կեդրոնին մէջ որպէս վիրաբոյժ-ուռուցքաբան եւ գիտահետազօտիչ։

Ան հեղինակն է բազմաթիւ յօդուածներու եւ հրատարակութիւններու, յատկապէս հիմնուած իր իսկ կատարած գիտական հետազօտութիւններուն վրայ։ Ներկայիս իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է քաղցկեղով հիւանդներու խնամքի որակի բարելաւման, առողջապահական տեղեկաբանութեան միջոցներու համարկումին՝ դարմանական աշխատանքին մէջ եւ բժիշկներու ձեռնհասութեան գնահատումին ու հիւանդներու բուժման առնչութեան վրայ։

Մեր կողմէ աւելցնենք, որ երիտասարդ բժիշկը մաս կը կազմէ Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի Բաստրմաճեան երկրորդականի շրջանաւարտներու փաղանգին։

Մեր շնորհաւորութիւնները եւ նորանոր յաջողութիւններու մաղթանքները՝ իրեն։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.