Թրքական բանակը մեծ թիւով քրտերէն Աստուածաշունչ յայտնաբերեր է


Թրքական demokrathaber առցանց թերթը՝ «Թուրքիոյ բանակին կողմէ կատարուած քրտերէն Աստուածաշունչի մասին յայտարարութիւնը մեծապէս մտահոգեց քրիստոնեաները» խորագրին տակ կը կատարէ հետեւեալ լրատւութիւնը.-«Թրքական բանակը Պիթլիսի Մութքի գիւղաքաղաքին մէջ՝ ՓՔՔ-ի պատկանող պատսպարանի մը մէջ «քրտերէն Աստուածաշունչ յայտնաբերած ըլլալ»ու մասին յայտարարութիւն մը կատարեց։ Բանակին պաշտօնական կայքէջին վրայ, յայտնաբերուած զէնք, զինամթերքին, այլ իրերու եւ գիրքերու կողքին՝ քրտերէն Աստուածաշունչի ալ յիշատակումը ուշադրութիւն գրաւեց։ Սակայն, Թուրքիոյ մէջ Աստուածաշունչը հրատարակող եւ տարածող ընկերութեան տնօրէնը ըսաւ, որ հրապարակուած նկարներուն մէջ ինք չէ տեսած Աստուածաշունչի քրտերէն տարբերակը (Mızgini)։ «Քրիստոնեայ քաղաքացի մը, որու հետ Demokrat Haber կապ հաստատեց, ըսաւ թէ եթէ հոն իսկապէս քրտերէն Աստուածաշունչ յայտնաբերուած ըլլար, անոնց նկարները յատկապէս ցոյց տրուած կ՚ըլլային մամլոյ մէջ եւ թէ այս լուրը կրնայ պարզապէս քարոզչական գործողութիւն մը ըլլալ, աւելցնելով. “Մնաց, որ նոյնիսկ եթէ ենթադրենք, որ հոն իսկապէս քրտերէն Աստուածաշունչ յայտնաբերուած ըլլայ, շատ սխալ կ՚ըլլայ ատկէ ճամբայ ելլելով՝ փորձել արատաւորել որոշ խաւեր”։ 

«Քրիստոնեայ այդ քաղաքացին, որ չփափաքեցաւ բացայայտել իր անունը, այն համոզումը յայտնեց, թէ թրքական բանակին այս յայտարարութիւնը եւ AKP-ի Պոլսոյ երեսփոխան Մէթին Քիւլիւնքի՝ “Հարիւր տարի առաջ հայ հրոսակները կը հրկիզէին մզկիթները, դպրոցները։ Անոնց տարբերութիւնը հետեւեալն է. առաջինները հայ հրոսակներ էին, ասոնք ալ քրտական ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութեան հրոսախումբերն են” (տե՛ս. մեր նախորդ թիւը, Բ. էջ) յայտարարութիւնը պէտք է միասնաբար գնահատել եւ թէ ասոնք՝ քրիստոնեաներու դէմ ատելութիւնը աւելցնելու ուղղուած քարոզչական գործողութիւններ են։ «Քրիստոնեայ քաղաքացին նշեց նաեւ որ քրտերէն եւ կամ որեւէ այլ լեզուով Աստուածաշունչ մը կրնայ գտնուիլ որեւէ տեղ եւ ատիկա որպէս յանցանք ներկայացնելը շատ վտանգաւոր եւ գրգռիչ է։ Ան աւելցուց. “Կը կարդայինք այն մասին պնդումներ, թէ Էրկէնէքոն-ականները սկսած են գործակցիլ կառավարութեան հետ։ Էրկէնէքոնի շրջանակին մէջ կատարուած ձերբակալութիւններէն ետք կտրականապէս դադրած էին քրիստոնեաներու եւ միսիոնարներու դէմ ծրագրեալ յարձակումները։ Վերջին զարգացումները մտածել կու տան, որ հակաքրիստոնեայ մթնոլորտը կրկին կը վերակենդանանայ”, ու յայտնեց իր մտահոգութիւնը


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.