94 տա­րի ա­ռաջ, այսօ­ր, Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեան ա­հա­բե­կեց վար­չա­պետ Սա­յիտ ­Հա­լիմ ­Փա­շան


Դեկ­տեմ­բեր 5ի այս օ­րը, 94 տա­րի ա­ռաջ, Ի­տա­լիոյ մայ­րա­քա­ղաք Հ­ռո­մի փո­ղոց­նե­րէն մէ­կուն վրայ, օր-ցե­րե­կով, հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դա­րա­դատ կամ­քով՝ մա­հա­պա­տի­ժի են­թար­կո­ւե­ցաւ ա­ւե­լի քան մէ­կու­կէս մի­լիոն հա­յոր­դի­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թեան թրքա­կան ո­ճի­րին գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն՝ Իթ­թի­հա­տա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան վար­չա­պետ Սա­յիտ ­Հա­լիմ ­Փա­շան։

Ա­հա­բե­կի­չը 21 տա­րե­կան ե­րի­տա­սարդ դաշ­նակ­ցա­կան մըն էր, ա­նու­նը՝ Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեան։

Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տը դեռ չսկսած, երբ ­Հին Աշ­խար­հը կը գա­լա­րո­ւէր գաղ­թա­տի­րու­թեան ճի­րան­նե­րուն մէջ եւ ազ­գա­յին ինք­նո­րոշ­ման ի խնդիր պայ­քար­նե­րը կռո­ւի դաշտ նե­տած էին կայ­սե­րա­պե­տա­կան ու­ժերն ու ա­զա­տա­տենչ ժո­ղովր­դա­յին շար­ժում­նե­րը, Օս­մա­նեան ­Թուր­քիոյ պե­տա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը պա­հը յար­մար նկա­տեց գոր­ծադ­րու­թեան յանձ­նե­լու ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցէն «մէ­կան­գա­մընդ­միշտ ձեր­բա­զա­տե­լու» իր հա­յաս­պա­նա­կան ծրա­գի­րը։

Թուր­քիա պա­տե­րազ­մի մէջ մտաւ ­Գեր­մա­նիոյ կող­քին եւ ա­րե­ւե­լեան ռազ­մա­ճա­կա­տին վրայ ռու­սա­կան զօր­քե­րուն հետ իր մղած կռիւ­նե­րը պատ­րո­ւա­կե­լով՝ Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի հա­յու­թեան տե­ղա­հա­նու­մով սկսաւ պե­տա­կա­նօ­րէն գոր­ծադ­րել ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը։

Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տին ­Կայ­սե­րա­կան ­Գեր­մա­նիան եւ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թիւ­նը չա­րա­չար պար­տու­թիւն կրե­ցին։ Իթ­թի­հա­տա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը տա­պա­լե­ցաւ եւ ա­նոր գլխա­ւոր դէմ­քե­րէն ո­մանք աք­սո­րո­ւե­ցան, իսկ ու­րիշ­ներ փա­խուստ տուին դէ­պի Եւ­րո­պա եւ… կեդ­րո­նա­կան Ա­սիա։

Յաղ­թա­կան ­Դաշ­նա­կից­նե­րը ­Սուլ­թա­նին պար­տադ­րե­ցին զի­նո­ւո­րա­կան դա­տա­րան կազ­մել եւ ի բա­ցա­կա­յու­թեան դա­տել Իթ­թի­հա­տա­կան պա­րագ­լուխ­նե­րը։ Ի­րենց պա­տե­րազ­մա­կան ո­ճիր­նե­րուն եւ յատ­կա­պէս հայ, յոյն թէ ա­սո­րի ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն դէմ ի­րենց գոր­ծադ­րած բնաջն­ջու­մի յան­ցանք­նե­րուն հա­մար՝ ­Թա­լէաթ եւ ըն­կերք դա­տա­պար­տո­ւե­ցան ծան­րա­գոյն պա­տիժ­նե­րու, ո­րոնք սա­կայն մե­ռեալ տառ մնա­ցին…

Ի տես այդ բո­լո­րին, իր ան­կա­խու­թիւ­նը նո­ւա­ճած եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հի­մե­րը ամ­րապն­դող հայ ժո­ղո­վուր­դը, բնա­կա­նա­բար, չէր կրնար ան­պա­տիժ ձգել ­Հա­յաս­պա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը։ ­Հայ ժո­ղո­վուր­դի հա­ւա­քա­կան այդ կամ­քը ար­տա­յայ­տե­լով՝ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը 1919ին, Ե­րե­ւա­նի մէջ գու­մա­րո­ւած իր 9րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին, ո­րո­շեց կեան­քի կո­չել «­Նե­մե­սիս» ­Գոր­ծո­ղու­թիւ­նը եւ ա­նոր յանձ­նել ­Հա­յաս­պա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը ա­հա­բե­կե­լու հա­մազ­գա­յին ա­ռա­քե­լու­թեան ի­րա­կա­նա­ցու­մը։

«­Նե­մե­սիս»ի ա­ռա­քե­լու­թեան ա­մէ­նէն շռնդա­լից դրսե­ւո­րում­նե­րէն մէ­կը ե­ղաւ Իթ­թի­հա­տա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան վար­չա­պե­տին՝ ­Սա­յիտ ­Հա­լիմ ­Փա­շա­յի ա­հա­բե­կու­մը Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեա­նի ձե­ռամբ։

Հայ­կա­կան ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու թրքա­կան պե­տու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը պա­տու­հա­սող դաշ­նակ­ցա­կան ար­դա­րա­գործ­նե­րու փա­ղան­գին մէջ ան­մո­ռա­նա­լի է տե­ղը Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեա­նի, որ իր ա­ռա­քե­լու­թեան ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ամ­բող­ջա­կան գի­տակ­ցու­թեամբ եւ յանձ­նա­ռու­թեամբ գոր­ծեց։ Եւ իր կեան­քի վեր­ջա­լոյ­սին, 1965ին, ­Մեծ Ե­ղեռ­նի յիս­նա­մեա­կին ա­ռի­թով լոյս ըն­ծա­յած իր յու­շե­րը «Կ­տակն էր ­Նա­հա­տակ­նե­րուն» կո­չե­լով՝ Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեան հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն փո­խան­ցեց ա­րե­ւուն տակ խրոխտ քայ­լե­րով եւ բաց ճա­կա­տով յա­ռա­ջա­նա­լու անս­պառ հպար­տու­թիւ­նը։

Սա­յիտ ­Հա­լիմ իթ­թի­հա­տա­կան պա­րագ­լուխ­նե­րուն ա­մէ­նէն տա­րեցն էր, նաեւ՝ ա­մէ­նէն մե­ծա­հա­րուս­տը, որ ի վի­ճա­կի էր լա­ւա­գոյնս թաքց­նե­լու իր հետ­քե­րը։ ­Բայց «­Նե­մե­սիս»ի յան­դուգն հե­տա­խոյզ­նե­րը ի վի­ճա­կի ե­ղան գտնե­լու ­Սա­յիտ ­Հա­լիմ փա­շա­յի թագս­տո­ցը եւ Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեան, 5 ­Դեկ­տեմ­բեր 1921ին, Հ­ռո­մի փո­ղոց­նե­րուն վրայ գե­տին փռեց ցե­ղաս­պան թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան ա­տե­նի վար­չա­պե­տը։

Գոր­ծո­ղու­թիւ­նը «մա­քուր» էր եւ հայ ա­հա­բե­կի­չը ա­ռանց հետք ձգե­լու հե­ռա­ցաւ ար­դա­րա­հա­տուց­ման… բե­մէն։

Ա­հա՛ ցե­ղաս­պան թուր­քին ա­հա­բեկ­ման նկա­րագ­րա­կա­նը՝ Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեա­նի բա­ռե­րով, «Կ­տակն էր Նա­հա­տակ­նե­րուն» գոր­ծէն.

« ­Սա­յիտ ­Հա­լի­մի վեր­ջին օ­րը.

«1921, ­Դեկ­տեմ­բե­րի 5: Ա­ռա­ւօտ շատ կա­նուխ դուրս ե­լայ սե­նեա­կէս: ­Նա­խորդ գի­շե­րը մաք­րած էի ատր­ճա­նակս եւ փամ­փուշտ­ներն ալ համ­րած:

«­Թարմ-թարմ ա­ծի­լո­ւած էի եւ լո­գանք մը ա­ռած, ու ամ­բողջ կէս սրո­ւակ օ տը քո­լո­նիա­յով մար­մինս շփած էի: ­Ճեր­մա­կե­ղէն­նե­րէս մին­չեւ հա­գուստ­ներս եւ գլխարկս, ար­թիս­թի սեւ գլխարկս, նոփզ­նոր. ու­սա­նո­ղի կամ ա­րո­ւես­տա­գէ­տի սեւ փող­կապ մը դրած էի. կար­ծես հարս­նի­քի եր­թա­յի: ­Վե­րար­կուս վրաս՝ գա­ցի փա­շա­յին դղեա­կին մօ­տե­րը, ա­ռանց Մ.ին հան­դի­պե­լու: Վճ­ռած էի այդ օրն իսկ գոր­ծը վեր­ջաց­նել՝ ա­ռանց այ­լեւս մտա­ծե­լու հե­տե­ւանք­նե­րու մա­սին:

«­Ժա­մը ճիշդ 1ին ինք­նա­շարժ մը կե­ցաւ փա­շա­յին դրան առ­ջեւ. դուրս ե­լաւ ­Թեւ­ֆիք Ազ­մին եւ պա­յու­սակ մը թե­ւին տակ ներս մտաւ. քիչ վերջ փա­շա­յին հետ դուրս ե­լան եւ ա­ճա­պա­րան­քով մեկ­նե­ցան, շատ կա­րե­ւոր գոր­ծի մը գա­ցող մար­դոց ե­րե­ւոյ­թով: Չմ­տա­հո­գո­ւե­ցայ. այն­քան լաւ ու­սում­նա­սի­րած էի եր­թե­ւեկ­նե­րը, որ վստահ էի, որ, ուր ալ ըլ­լար, չէր կրնար հրա­ժա­րիլ իր յետ­մի­ջօ­րէի պտոյ­տէն եւ ան­պայ­ման պի­տի վե­րա­դառ­նար: Տ­րա­մա­բա­նօ­րէն, առ­նո­ւազն եր­կու ժամ պի­տի ու­շա­նար: ­Փու­թա­ցի ­Վիլ­լա ­Բոր­գե­զէ, ուր յա­ճախ կառ­քով, եր­բեմն ալ քա­լե­լով կու գար ան: ­Նոյ­նիսկ, օր մը, հե­տապն­դու­միս ըն­թաց­քին տե­սայ, որ թիկ­նա­պա­հին գնել տո­ւաւ ափ մը խո­րո­ված շա­գա­նակ, փո­ղո­ցի վրայ նստող շա­գա­նա­կա­վա­ճա­ռէ մը: ­Ժա­մը 12ին ա­տեն­նե­րը Մ. ե­կաւ ու հար­ցուց, թէ ին­չո՞ւ ճա­շի չէի գա­ցած մեր ու­սա­նող­նե­րուն ճա­շա­րա­նը, ուր կէ­սօր եւ ի­րի­կուն սո­վոր էինք հան­դի­պիլ:

«- Ո­րով­հե­տեւ,- պա­տաս­խա­նե­ցի,- վճռած եմ այ­սօր այս գոր­ծը գլուխ հա­նել, ա­մէն պա­րա­գա­յի տակ եւ ա­մէն գնով: Ջ­ղայ­նա­ցած էի փա­շա­յին ու­շա­նա­լէն եւ քիչ մը եւս սպա­սե­ցի ու Գ­րի­գո­րին ը­սի.- Ես տան կող­մե­րը կ­’եր­թամ: «Ա­յո՛»,- ը­սաւ ու դուրս ե­լանք եւ քա­նի մը քայլ ա­ռի՝ դառ­նա­լու հա­մար հան­րա­կառ­քին փո­ղո­ցը:

«­Հա­սայ ­Վիա ­Նո­մեն­տա­նա, ուր հան­րա­կառ­քը կե­ցաւ. ի­ջայ եւ քա­լե­լով մտայ Օս­տա­կիօ փո­ղո­ցը: ­Յան­կարծ դէմս ցցոե­ցաւ ­Հե­լե­նան: Ոս­տի­կա­նի մը հան­դի­պու­մը այն­քան չպի­տի նե­ղէր զիս, որ­քան այդ սի­րուն աղջ­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը այդ պա­հուն: Ջ­ղա­յին վի­ճա­կի մէջ պաղ վե­րա­բե­րում մը ցոյց տուի: Մ­տե­րիմ­ներ դար­ձած էինք եւ աղ­ջի­կը կը զար­մա­նար իմ ա­նակն­կալ պաղ վե­րա­բե­րու­մէս: ­Տա­րօ­րի­նակ նա­յո­ւած­քով կը դի­տէր, կար­ծես ա­ռա­ջին ան­գամ զիս տե­սած ըլ­լար:

«Ան­պի­տան աղ­ջի­կը կա­տա­րեալ հար­ցաքն­նու­թեան մը սկսած էր եւ բաժ­նո­ւե­լու միտք չու­նէր: ­Ժա­մը 4ին կը մօ­տե­նար: ­Փո­ղո­ցին վա­րի կող­մը նոր շէն­քի մը շի­նու­թեան աշ­խա­տող բա­նո­ւոր­նե­րը աշ­խա­տան­քէ կ’ար­ձա­կո­ւէին եւ, սո­վո­րա­բար, այդ ա­մա­յի ե­ղող փո­ղո­ցին մէջ բազ­մու­թիւն կար: ­Վայր­կեա­նէ վայր­կեան փա­շան կրնար հաս­նիլ: ­Փո­ղո­ցին խան­գա­րիչ եր­թե­ւե­կը չբա­ւէր կար­ծես, դեռ կար այս յա­մառ աղ­ջի­կը, որ ան­վերջ կը խօ­սէր ու կը ցրո­ւէր ու­շադ­րու­թիւնս:

«Եւ յան­կարծ վե­րէն լսո­ւե­ցաւ կառ­քի մը դղրդիւ­նը: ­Մէ­կէն մարմ­նէս ան­ծա­նօթ սար­սուռ մը ան­ցաւ, երբ տե­սայ հսկայ ձիե­րը, ո­րոնց բա­շե­րը հո­վէն կ­’ա­լեծ­փէին: ­Կառ­քին մէջն էր ­Սա­յիտ ­Հա­լիմ փա­շան՝ իր թիկ­նա­պա­հին հետ: ­Փո­ղո­ցին միւս ծայ­րը նա­յե­ցայ. Մ. դեռ հա­սած չէր: ­Վայր­կեա­նա­պէս «ցտե­սու­թիւն» ը­սի ­Հե­լե­նա­յին՝ պա­տո­ւի­րե­լով, որ շուտ ներս մտնէ, քա­նի որ «հայրս» կու գար…

«Ան­մի­ջա­պէս քա­լե­ցի միւս մայ­թը, որ­պէս­զի լա­ւա­գոյն դիր­քով մը ա­հա­բե­կու­մը կա­տա­րեմ, բայց քա­նի մը ակն­թարթ ու­շա­ցած ըլ­լա­լուս՝ քիչ մնաց ձիե­րու տակ մնա­յի. ձեռքս վեր­ցու­ցի, բռունցքս ցցած, ձիե­րը խրտչե­ցան եւ ծա­ռա­ցան: Այդ ի­րա­րան­ցու­մին մէջ ա­րագ ոս­տու­մով մը ան­ցայ եւ ցատ­կե­ցի կառ­քին վրայ՝ կո­խե­լով ոտ­նա­տե­ղին: ­Մէկ ձեռ­քով բռնե­ցի կառ­քին յե­նա­րա­նը, քիչ մը ե­րե­րա­ցի, բայց հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւնս կրցայ պա­հել: ­Մինչ թիկ­նա­պա­հը կա­ռա­պա­նին կը նա­յէր ու բա­ներ մը կ­’ը­սէր, ե­րե­ւի հասկ­նա­լու հա­մար ձիե­րուն խրտչի­լը. ­Սա­յիտ ­Հա­լիմ փա­շա­յին աչ­քե­րը հան­դի­պե­ցան աչ­քե­րուս: «Ե­րէն»,- ը­սաւ թիկ­նա­պա­հին: Այս ե­ղաւ սատ­րա­զա­մին վեր­ջին բա­ռը: Աչ­քե­րը սար­սա­փով լե­ցուն էին, երբ ատր­ճա­նա­կիս փո­ղը ուղ­ղե­ցի աջ քուն­քին եւ կրա­կե­ցի: Երկ­րորդ փամ­փուշ­տի մը հարկ չմնաց: Խռ­պոտ ձայն մը եւ փա­շան նստած տե­ղէն տա­պա­լե­ցաւ կառ­քին մէջ, գլու­խը իմ կողմս, գրե­թէ ոտ­քե­րուս տակ: ­Կառ­քը դեռ կ­’ար­շա­ւէր: ­Թեւ­ֆիք Ազ­մին, ա­ռա­ջին շփո­թէն սթա­փած, ատր­ճա­նակ մը հա­նեց ու կը պատ­րաստ­ւէր կրա­կե­լու, երբ ատր­ճա­նա­կիս փո­ղը ա­նոր ալ ճակ­տին ուղ­ղե­լով, գո­ռա­ցի թուր­քե­րէ­նով.

«- Աթ ա­շա­ղա, կե­պեր­տի­րի­րըմ,- ­Նե­տէ՛ զէնքդ, կը սատ­կեց­նեմ…

«Հ­նա­զան­դե­ցաւ եւ ատր­ճա­նա­կը կառ­քէն դուրս նե­տեց, ա­հա­բեկ դէմ­քով: Ատր­ճա­նա­կիս կո­թո­վը այս ան­գամ սկսայ հա­րո­ւա­ծել կա­ռա­պա­նին կռնա­կին՝ պո­ռա­լով ի­տա­լե­րէն. «Աս­բե­տա, աս­բե­տա». «­Կե­ցի՛ր, կե­ցի՛ր»: ­Խեղճ կա­ռա­պա­նը վա­խէն կը դո­ղար եւ յու­սա­հա­տա­կան ճի­չե­րով զիս վկա­յու­թեան կը կան­չէր՝ ը­սել ու­զե­լով,- ­Տե՛ս, կեց­նել կ­’ու­զեմ, բայց ձիե­րը չեն կե­նար:

Կա­ռա­պա­նը չյա­ջո­ղե­ցաւ կեց­նել ձիե­րը, ո­րոնք վազ­քը շա­րու­նա­կե­ցին մին­չեւ փա­շա­յին տան առ­ջեւ եւ ինք­նա­բե­րա­բար կանգ ա­ռին: Դ­րան առ­ջեւ խափ­շիկ ծա­ռան մե­քե­նա­բար ձեռ­քը ճակ­տին տա­րաւ՝ «թե­մեն­նահ» ը­նե­լու ձե­ւով, բայց փա­շա­յին ին­կած գլու­խը տես­նե­լով՝ այդ դիր­քին մէջ քա­րա­ցած մնաց, ապ­շա­հար: Ա­ռանց կա­րե­ւո­րու­թիւն տա­լու ծա­ռա­յին՝ վար ցատ­կե­ցի կառ­քէն եւ ատր­ճա­նակս ցցած թե­ւովս լայն շար­ժում մը գծե­ցի շուրջս՝ թէ՛ սար­սափ ձգե­լու եւ թէ՛ փա­խուս­տիս ուղ­ղու­թիւ­նը ո­րո­շե­լու հա­մար»…

Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեա­նի յանձ­նա­րա­րո­ւած միակ գոր­ծը չէր Իթ­թի­հա­տա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան վար­չա­պե­տին ա­հա­բե­կու­մը։

Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեան իր ա­հա­բե­կի­չի կրա­կէ մկրտու­թիւ­նը ստա­ցած էր ­Պոլ­սոյ մէջ, ­Մեծ Ե­ղեռ­նի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն տխրահռ­չակ հայ մատ­նի­չին՝ ­Վա­հէ Իհ­սա­նի (Ե­սա­յեան) ա­հաբ­կու­մով։ ­Հե­տե­ւե­ցաւ ­Սա­յիտ ­Հա­լիմ փա­շա­յի ա­հա­բե­կու­մը։ Իսկ ազ­գա­յին ու պատ­մա­կան իր պան­ծա­լի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը «­Նե­մե­սիս»ի յու­շա­մա­տեա­նին մէջ՝ Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեան ա­ւար­տեց Ա­րամ Եր­կա­նեա­նի հետ միա­սին ա­հա­բե­կե­լով, ­Պեր­լի­նի մէջ, 1922ին, թրքա­կան պե­տու­թեան ցե­ղաս­պան ղե­կա­վար­նե­րէն ­Պէ­հաէտ­տին ­Շա­քիրն ու ­Ճե­մալ Ազ­մին։

Ն.


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.