Հայերէնի՞, թէ՞ հայութեա՛ն հիմնախնդիրները


Ողջունելի է Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ու Երեւանի պետական համալսարանի միացեալ կազմակերպութեամբ այս գիտաժողովը, Երեւանի մէջ 18-19 նոյեմբեր 2015-ին՝ նուիրուած արդի հայերէնի հիմնախնդիրներու քննարկման։ Ողջունելի է մանաւանդ որ տեղի կ՚ունենայ հազիւ քանի մը ամիս անց՝ յուլիս 29-30-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ ՀՀ ԳԱԱ Հ. Աճառեանի անուան լեզուի ինստիտուտի (հիմնարկի) կողմէ կազմակերպուած համաժողովէն՝ «Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրներ» բնաբանով։ Ողջունելի է, որովհետեւ ցոյց կու տայ թէ ազգովին կ՚անդրադառնանք, Մեծ եղեռնի այս 100-ամեակին, որ մեր լեզուին վերապրումը ու մեր ազգի՛ն վերապրումը սերտօրէն առնչուած են իրարու, եւ մէկը առանց միւսին գուցէ իմաստ իսկ չ՚ունենար։

Ըստ կազմկոմիտէի ծանուցագրին՝ «Գիտաժողովը նպատակ ունի համակողմանիօրէն եւ արդիական չափանիշներով արժեւորելու հայերէնի լեզուավիճակը, անդրդադառնալու պետական լեզուաքաղաքականութեան, հայոց լեզուի տարածման եւ կանոնարկման, այդ թւում՝ լեզուի գործածութեան, պահպանման եւ զարգացման խնդիրներին»։ Իմ կարգիս կ՚ուզեմ անդրդադառնալ այդ հարցերէն ոմանց։

Վերոյիշեալ համաժողովին առիթով հայերէնի լեզուավիճակին մասին կը գրէի. «Մէկ կողմէն կայ ՀՀ/ԼՂՀ հայկական զոյգ պետութիւններուն մէջ բնակող շուրջ 2,5 միլիոն (պաշտօնական տուեալներով՝ աւելի, անպաշտօն՝ պակաս) հայութեան զանգուած մը, որ կը գործածէ գաւառաբարբառանման հայերէն մը, որ հետզհետէ աւելի ու աւելի կ՚աղաւաղուի օտարամուտ բառերու ու դարձուածներու խճողումով՝ անփութութեան, մտաւոր ծուլութեան եւ տգիտութեան ի հետեւանք։ Այդ հայերէնը խեղճ է ոչ միայն իր բանաւոր տարբերակով (ընդհանրութեան մէջ), այլեւ իր գրաւոր տարբերակով (նոյնիսկ ուսեալ տարրին մէջ)։

«Միւս կողմէ կայ Սփիւռքը, հիմա արդէն ըստ ոմանց՝ “սփիւռքները”, ուր կ՚ապրի (կ՚ապրի՞) հայրենիքէն երեք կամ չորս անգամ աւելի (գուցէ սնապարծօրէն չափազանցուած) հայութիւն, կազմուած Մեծ եղեռնէն վերապրած սերունդին շառաւիղներէն, Հայաստանէն կանուխէն, բայց մանաւանդ վերանկախացումէն ի վեր արտագաղթածներէն ու անոնց շառաւիղներէն՝ տարտղնուած աշխարհի չորս ծագերուն, ներառեալ նախկին Խորհրդային կայսրութեան անծայրածիր տարածքին, ընդգրկելով նաեւ թաքուն հայերը…։ Գիտե՞նք ո՛րն է, որո՛նք են այս “սփիւռքներու” հայութեան գործածած լեզուն, լեզուները։ Արեւմտահայերէ՞նը, արեւելահայերէ՞նը, թէ՞՝ ո՛չ մէկը ո՛չ միւսը։ Ունկնդրա՞ծ էք խօսուած խառնիճաղանճ լեզուներու խառնաղմուկը (cacophonie)։

«Եթէ նախկին հայրենաբնակները, մեծ մասամբ, ամենայն արագութեամբ օտար՝ տեղական լեզունե՛րը կը դարձնեն իրենց հաղորդակցութեան գլխաւոր միջոցը, մանաւանդ հայկական դպրոցներէն ալ հեռու պահելով իրենց զաւակները (ենթակայական թէ առարկայական պատճառներով), արեւմտահայութեան ալ մնացորդացը, որ կը կազմէր այսպէս կոչուած մեզի ծանօթ դասական Սփիւռքը, հետզհետէ կը հեռանայ հայերէնէն (նոյնպէս ենթակայական ու առարկայական պատճառներով, ներառեալ խառն ամուսնութիւնները)։ Առանց երբեք ստորագնահատելու հայապահպանման համար ի գործ դրուած հերոսական ճիգերը, ամբողջ դարու մը ընթացքին ու աւելի, չենք կրնար չափսոսալ, թէ դպրոցական տարիքի հայորդիներու ճղճիմ փոքրամասնութիւն մը միայն հայկական վարժարան կը յաճախէ, իսկ այդ փոքրամասնութեան մէջ ա՛լ աւելի փոքր թիւ մը հայերէնը կը դարձնէ իր առօրեայ լեզուն, մանաւանդ գրաւոր հայերէնը։ Տակաւին ի՞նչ ըսել համացանցի վրայ հաղորդակցողներուն մասին, որոնք եթէ հայերէն բառեր կը գործածեն, հայերէն տառեր՝ ո՛չ, ստեղծելով լատինատառ ուղղագրութիւն մը…, ըլլա՛յ երկիրէն, ըլլա՛յ արտերկիրէն։»

Նման կացութեան մէջ, լեզուի վիճակին պիտի գիտակցին ոչ միայն մշակութային ու ակադեմական շրջանակները, այլեւ հայրենիքի ու Սփիւռքի բոլոր պատկան մարմինները, սկսելով պետական տարբեր մակարդակներէն, կուսակցութիւններէն, մշակութային ու բարեսիրական կազմակերպութիւններէն մինչեւ անհատ մտաւորականներն ու քաղաքական գործիչները։

Ուրեմն, Հիմնախնդիր թիւ մէկ՝ այս գիտակցումը ընդհանրացնել կարելի եղածին չափ արագ ու կարելի եղածին չափ լայնօրէն։

Այս ծիրին մէջ նկատի առնուելիք բազմաթիւ լեզուական հարցեր կան, որոնց մասնակի թւումը միայն կրնայ գլխու պտոյտ յառաջացնել։ Ահա անոնցմէ ոմանք՝

1. Ներկայ հայերէնի զոյգ ճիւղերու իրարմէ հեռացումը ուղղագրութեան եւ հնչումի առումով։ Այս երկու մարզերուն մէջ երկու ճիւղերու մերձեցման հարցը համապարփակ ու համազգային քննութեան կը կարօտի, ինչպէս խօսուած է յուլիսի համաժողովին։

2. Մասամբ կապուած առաջին կէտին, բայց առանձնապէս քննարկուելիք խնդիր է բազմաձեւ գրուող բառերու մէկ՝ ընդհանուրին կողմէ ընդունելի գրելաձեւի որդեգրումը, այն պարագաներուն որ երկու ուղղագրութիւններով ալ այժմէն իսկ կարելի է օգտագործելի դարձնել զայն։ Նոյնպէս՝ գլխագրերու գործածութիւնը բազմեզր յատուկ անուններուն մէջ, թուականներու գրելաձեւի պարագան, դարերու նշումին պարագան եւ այլն։

3. Մասամբ կապուած առաջին կէտին եւ նոյնպէս առանձնաբար քննարկուելիք խնդիր է տառադարձութեան հարցը՝ երկու ուղղութեամբ՝ օտար լեզուներէ հայերէնի (իր երկու ճիւղերուն) եւ հայերէնէ օտար լեզուներու։ Ասիկա շատ կարեւոր է անձնանուններն ու տեղանունները ճի՛շտ գրելու համար։

4. Նորաբանութիւններու խնդիրը, որ հետզհետէ հրատապ կը դառնայ՝ գիտութեան, շինարարութեան, արհեստագիտութեան, մարդկային գիտութիւններու եւ բազմաթիւ այլ ոլորտներու մէջ՝ նոր յղացքներու, նոր բառեզրերու յառաջացումով միջազգային գետնի վրայ։ Անոնց հետ քայլ պահելը, հայերէն նոր բառեր ստեղծելը, անտեղի կերպով հայերէնէն ներս սողոսկած ու սողոսկող օտար բառերու մաքրազտումը տարբեր երեսներն են այս հարցին։

5. Հայերէնի համապարփակ (արեւմտահայերէն ու արեւելահայերէն) արդի բացատրական բառարանի մը (կամ տարբեր մակարդակներու բառարաններու) պատրաստութիւն, նորաբանութիւններն ալ ընդգրկեալ, բառարան, որ տեւական պիտի նորոգուի տարուէ-տարի, ինչպէս կ՚ըլլան անգլերէնի, ֆրանսերէնի կամ այլ բառարաններ աշխարհի տարածքին։

6. Քերականութեան կանոնարկումը՝ երկու լեզուաճիւղերուն համար, մերձեցնելով որքան հնարաւոր է եւ մատնանշելով տարբերութիւնները։ Հոլովումներու, խոնարհումներու եւ խնդրառութեան հարցերն ալ կը ներառուին այս գլուխին տակ։

Բայց կան նաեւ բազմաթիւ վարչական-կազմակերպական հարցեր, որոնք նոյնպէս կ՚առնչուին այս հիմնախնդրին։ Այսպէս՝

1. Դպրոցներու ցանցի բազմապատիկ ընդլայնումը Սփիւռքի մէջ։

2. Դպրոցներու եւ ուսումնական յարմարութիւններու արդիացումը հայրենի ցանցին մէջ։

3. Հիմնադրամներու ստեղծումը, որպէսզի հայեցի որակաւոր ուսման մենաշնորհը քիչերունը չըլլայ՝ ամենուրեք։

4. Արդի դասագրքերու հարցը, պատշաճելով իւրաքանչիւր շրջանի կարիքներուն։

5. Հայերէնի, հայ գրականութեան, հայոց պատմութեան ու հայ մշակոյթի ուսուցիչներու պատրաստութիւնը, նոյնպէս նկատի առնելով իւրաքանչիւր շրջանի կարիքները։ Այս առնչութեամբ սկսած նախաձեռնութեան արժեւորումը, ընդլայնումը։

7. Փոխադարձ ծանօթացումը արեւելահայ ու արեւմտահայ զանգուածներուն, մանաւանդ նոր սերունդին, որքան ալ այսօր այդ բառեզրերը այլեւս այնքան ալ յստակ չեն, լեզուական ու մշակութային առումով։

8. Արեւմտահայերէնի որդեգրումը, արեւելահայերէնի կողքին, որպէս պետական լեզու։ Պաշտօնական, համազգային բնոյթի վաւերաթուղթերու հրատարակութիւնը միշտ երկու լեզուաճիւղերով։

9. Հայերէնի որակին վրայ հսկողութիւնը պետութեան կողմէ՝ շուկայի, գործարքներու, լրատւութեան եւ այլ մարզերու մէջ, եւ օտար լեզուներու գործածութեան պարագային՝ հայերէնի նախապատւութեան խնդիրը։

10. Հրատարակչական եւ գրատարածման գործի վերաքննութիւնը, Հայաստան թէ Սփիւռք։

11. Պատկան մարմիններու աշխուժացում, համապատասխան նախարարութիւններու կամ տեսչութիւններու հովանիին ներքեւ կամ բոլորովին նոր մարմիններու յառաջացում՝ սփիւռքահայ ու հայրենի մասնագէտներու կամ հմուտ անձերու մասնակցութեամբ՝ վերոյիշեալ ու ներքոյիշեալ հարցերը հետապնդելու համար։

12. Անկէ ալ՝ յառաջացում ՀԱՅԵՐԷՆԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ-ի մը, որուն որոշումներուն պիտի հետեւինք բոլորս։

Հիմնախնդիր թիւ երկու՝ այս բոլոր խնդիրները նկատի առնել նաեւ իրենց ժամանակակից, առցանց (կամ այլ բառով մը՝ առգիծ) լուծումներով։ Կարելի չէ նախորդ դարու, նոյնիսկ նախորդ երկու դարերու մեր գիտցած ու օգտագործած միջոցներով հասնիլ 21-րդ դարու մեր կարիքներուն։ Այս առնչութեամբ ալ ընելիք շատ կայ։ Այսպէս՝

1. Հայերէն (թէ՛ արեւելահայերէն եւ թէ՛ արեւմտահայերէն) առցանց շարագրելու մէկ ու միակ համակարգի մը հաստատումը, անոր ընդհանրացումը բոլոր կրիչներուն վրայ, անոնք ըլլան համակարգիչ, առձեռն հեռաձայն, ել-տակդիր (tablette, tablet) թէ ինչ նորանոր միջոցներ որ տակաւին պիտի մատուցուին մեզի։

2. Վերոյիշեալին կապուած՝ ուղղագրիչ, որ ինքնաբերաբար մաս կը կազմէ համակարգին, այլեւ մէկ ուղղագրութենէն միւսը փոխակերպող կատարելագործուած յարմարանք, որպէսզի երկուստեք կարենանք առանց դժուարութեան կարդալ հայերէն առցանց գրութիւն մը՝ մինչեւ միասնական ուղղագրութեան որդեգրումը։

3. Համապարփակ բառարանի զետեղումը առցանց, անվճար հասանելի, ներառելով քերականութեան ու կէտադրութեան վերաբերեալ անհրաժեշտ բոլոր տեղեկութիւնները, ինչպէս վերեւը նշուեցաւ։

4. Հայերէնի երկու ճիւղերու առցանց դասաւանդում, նոյնպէս անվճար հասանելի՝ որեւէ պահու եւ որեւէ վայրէ։

5. Նորաբանութիւններու առցանց շտեմարան, ուր այցելողը կրնայ տեսակէտ յայտնել, առաջարկ ընել։ Պարբերաբար այդ առաջարկներու քննարկում ու ի հարկին որդեգրում պատկան մարմիններուն կողմէ։

6. Հայ գրականութեան ու մամուլի համապարփակ առցանց շտեմարան, Ե. դարէն մինչեւ ԻԱ. դար, որեւէ բառեզր, յղացք կամ խօսք որոնելու ամբողջական դիւրութեամբ, այս եւս անվճար հասանելի։

Հիմնախնդիր թիւ երեք՝ այս բոլորին հաւատացող ու անշահախնդրօրէն նուիրուիլ ցանկացող անձերու համախմբում, աշխարհի վրայ քիչ մը ամեն տեղ այս մարզերուն մէջ գործող անհատներու կամ հաստատութիւններու փոխադարձ ծանօթացում, ուժերու միատեղում, տնտեսում եւ մասամբ նորին։

Յոյսս է, որ այս Գիտաժողովը մեկնարկը կ՚ըլլայ համազգայի՛ն նախաձեռնութեան մը՝ Համազգայինի, մշակութային ուրիշ մեծ կազմակերպութիւններու, բարեսիրական հաստատութիւններու եւ հայրենի պատկան իշխանութիւններու (զանազան նախարարութիւններ եւ այլն) համագործակցութեամբ։

Նաեւ, թելադրութիւնս է, որ նոյնպէս նախաձեռնուի հայ մշակոյթի հիմնախնդիրներուն նուիրուած գիտաժողով մը, քանի որ լեզուի հիմնախնդիրներուն սերտօրէն կ՚առնչուին անոնք, յատկապէս թատրոնի ու երգի մարզերուն մէջ, հրատարակչական ու գրատարածման մարզերուն ալ մէջ, որոնք լեզուի զարգացման ու տարածման կարեւոր կռուաններ կը հանդիսանան։

Այս դաշտը, ուր հետզհետէ իր տեղը կը գրաւէ Համազգային հայ մշակութային միութիւնը իրապէս անսահման է։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Ծանօթ.– Սոյն գրութիւնը ներկայացուած է վերռյիշեալ գիտաժողովի ընթացքին։  


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.