Ատրպէյճանը «Իսլամական Պետութեան» Գլխաւոր Աջակիցներէն Է
1433
0
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Ռուսական «Իզվեսթիա» թերթը կը հաղորդէ, թէ ռուսական յատուկ ծառայութիւնները արձանագրած են Ատրպէյճանէն «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման կատարուող դրամական փոխանցումները։
Յատուկ ծառայութիւնները պար-զաբանած են, որ այդ գումարներուն հաւաքման հիմնական միջոցը համացանցն է:
ԱՊՀ երկիրներու շարքին, «Իսլամական պետութեան» նիւթական ամենաշատ աջակցութիւն տրամադրող երկիրը Ղազախստանն է, իսկ երկրորդը՝ Ատրպէյճանը։ Երրորդ դիրքի վրայ է Թիւրքմէնիստանը: