Էլիզ Պօղոսեան ասեղնաբուժութեամբ կ՚օժանդակէ Սուրիոյ եւ Իրաքի վիրաւորներուն


La-croix.com կը գրէ, որ աքիւփոնքթիւրի մասնագէտ Էլիզ Պօղոսեան որոշած է իր գիտելիքը ի սպաս դնել Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմի վիրաւորներուն՝ դարմանելով անոնց ցաւերը, որ կը զգան իրենց ստացած վէրքերէն։

Հայ գաղթականներու թոռնուհի ֆրանասահայ Էլիզ Պօղոսեան որոշած է պատերազմէն տուժածներուն օժանդակել։ Ան ասեղնաբուժութիւն (acupuncture) կատարած է Հայաստանի մէջ, ապա Սուրիոյ եւ այսօր իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ։

«Երբ այս բոլոր տարապանքը կը տեսնեմ, կը վերյիշեմ մեծ հայրս ու մայրս եւ ինքզինքիս կ՚ըսեմ, որ բախտաւոր եմ ապահովութեան մէջ ապրելուս համար։ Այդ ատեն օժանդակութիւնս տրամադրելը կը նկատեմ բնական։ Այդ մէկը կեանքս կ՚իմաստաւորէ», կ՚ըսէ ան։

10,000 ասեղներ պարունակող իր տուփը ձեռքին՝ ընտանիքի այս մայրը որոշած է պատերազմի վէրքերուն պատճառած ցաւերը մեղմացնել։ Ան իր այս աշխատանքը սկսած է 2002-ին, Հայաստանի մէջ, ուր Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը խոցած է բնակչութիւնը։ 2013-ին, Յորդանանի մէջ, Սուրիոյ սահմանէն տասնեակ մը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Զաաթարիի ճամբար կը մեկնի։ Անոր ներկայութիւնը աննշմար չի մնար։ «Այսպիսի կացութիւններու մէջ առաջին դարմանումը, որուն մասին կը մտածենք ասեղնաբուժութիւնը չէ», կը խոստովանի Պողոսեան՝ աւելցնելով.«Սակայն երբ ցաւազրկիչ գոյութիւն չունի, մեզի կ՚արտօնեն գործել։ Եւ որովհետեւ արդիւնքները տեսանելի են, բոլորը զայն կը պահանջեն»։

Էլիզ Պօղոսեան չինական աւանդական բժշկութեան իր կազմաւորումը ստացած է Նանքինի համալսարանին մէջ։ Ան նաեւ ասեղնաբուժութեան յատուկ դասընթացքներու հետեւած է Վիեթնամի մէջ փրոֆ. Նկույեն Թայ Թհուի մօտ, որ Հանոյի մէջ ասեղնաբուժութեան ազգային հիմնարկի ղեկավարն է։

2014-ին, Իսլամական Պետութեան (ISIS) իրաքեան քիւրտիստանի բնակչութեան դէմ յարձակումէն ետք, ան չի բաւարարուիր դարմանումներ կատարելով, այլ նաեւ տեղացի մասնագէտներու խմբակներ կը կազմէ բաւարարելու համար տեղւոյն կարիքները։

«Կ՚իրագործեմ կեանքիս երազը՝ ուրիշներուն ցաւերը թեթեւցնելը, մոռցուածներուն օգնելով աշխարհը գեղեցկացնելը, որովեհետեւ մենք՝ հայերս ալ մոռցուած էինք։ Որբերն ենք պատմութեան մը, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ հարիւր տարիէ ի վեր կը կրկնուի։ Ի՞նչպէս կրնայի անտարբեր մնալ։ Իւրաքանչիւր օր ինքզինքիս հարց կու տամ.«Մեր զաւակներուն ի՞նչ ժառանգ պիտի ձգենք», եւ այդ մէկը կ՚օգնէ, որ յառաջ ընթանամ։ Անոնք է, որ զիս կը ներշնջեն, անոնք են որ մեզի կ՚օգնեն աւելի լաւ ըլլալ»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.