Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Շնորհաւորէ Թուրքիոյ Երեք Հայ Երեսփոխանները
Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը ողջունեց քրտամէտ ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան արձանագրած ընտրական արդիւնքը:
Յանձնախումբը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Հակառակ կուսակցութեան անդամներուն եւ համակիրներուն նկատմամբ ահաբեկումներուն, ճնշումներուն, ձերբակալութիւններուն եւ նոյնիսկ մահ պատճառած յարձակումներուն, անոնք կրցան յաղթահարել 10 առ հարիւրի շեմը եւ 59 անդամներով ներկայացուած ըլլալ նոր ձեւաւորուած խորհրդարանին մէջ»: Եւրոպայի հայ դատի յանձնախումբը յոյս յայտնեց, որ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը պիտի համագործակցի այնպիսի յառաջադէմ քաղաքական ուժի հետ, ինչպիսին է Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը` ապահովելու համար բոլոր փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները, ինչ որ մարդու հիմնարար իրաւունքներէն է: Յանձնախումբին յայտարարութեան մէջ կ՛ընդգծուի, որ ասիկա յատկապէս անհրաժեշտ է Թուրքիոյ, եթէ վերջինս կ՛ուզէ դառնալ եւրոպական ընտանիքի անդամ:
Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը նաեւ շնորհաւորեց Կարօ Փայլանը (Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւն), Սելինա Էօզուզուն Տողանը (Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւն) եւ Մարգար Եսայեանը (Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւն) Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ իրենց ընտրութեան առիթով եւ անոնց մաղթեց ամենայն բարիք` իրենց դժուար աշխատանքին մէջ: