Կարօ Փայլան. «Ընտրութիւններու արդիւնքները չեն գոհացներ մեզի»
«Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութիւնը Նոյեմբեր 1-ին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներէն գոհ չէ: NEWS.am-ի թղթակիցին հետ զրոյցին նման կարծիք յայտնեց Սթամպուլի 3-րդ ընտրատարածքին մէջ քրտական «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան ընտրացուցակին մէջ 2-րդ տեղը զբաղեցնող, ազգութեամբ հայ Կարօ (Կարապետ) Փայլան, որ կրկին պատգամաւոր ընտրուած է:
«Մեր կուսակցութեան դէմ բողոքի ցոյցեր էին, մեր վրայ ճնշումներ կը գործադրէին: Փողոցին մէջ պայքար կար, այնուամենայնիւ, մեծ ակնկալիքներ ունէինք, որոնցմէ ոչ բոլորը արդարացան: Մենք մտանք խորհրդարան, ուր ընդդիմութիւն պիտի ըլլանք եւ պիտի պայքարինք ժողովրդավարութեան բարձրացման համար»,- ըսաւ Կարօ Փայլան:
Պատգամաւորին խօսքով` իրենք պիտի շարունակեն խաղաղութիւն քարոզել եւ պայքարիլ խաղաղութեան հաստատման համար:
Նշենք, որ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ 3 հայ պատգամաւոր կայ: Բացի Կարօ Փայլանէն` «ժողովրդա-հանրապետական» կուսակցութենէն պատգամաւոր դարձած է Սելինա Տողան, իսկ «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութենէն` Մարգար Եսայեան: