ՀՅԴ-ի Բիւրոն Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին


Երէկ գիշեր, գլխաւորութեամբ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի, բիւրոն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Վեհափառ Հայրապետին։

Անթիլիասի վեհարանին մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին, Նորին Սրբութեան ու բիւրոյի ներկայացուցիչներուն խորհրդակցութիւնները ընդգրկեցին Հայաստանի ու Ղարաբաղի ներքին կեանքին առնչուած հարցեր, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը աւելի ամրացնելու ձգտող կարելիութիւններ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տագնապը եւ այդ ծիրէն ներս Սուրիոյ հայութեան զօրակցութիւնը շարունակելու հնարաւորութիւնները։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.