Փարակուէյցի ծերակուտական Տեսիրէ Մասի. «Փոխհատուցում Պէտք Է Ըլլայ»


Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը Փարակուէյի քոնկրեսին ներկայացուցած փարակուէյցի ծերակուտական Տեսիրէ Մասի «Փրենսա Արմենիա» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտատարեց.«Փարակուէյի խորհրդարանի այս յայտարարութիւնը պիտի առաջնորդէ յաւելեալ ճանաչման եւ պատմական յիշողութեան փրկութեան»։

«Ճնշում կար, մասնաւորաբար «ցեղասպանութիւն» եզրին կապակցաբար», ըսաւ Մասի։ Ըստ Ժողովրդավարական յառաջդիմական կուսակցութենէն ծերակուտականին, «այդ եզրը ոչ միայն ճիշդ կը թուի, այլ նաեւ՝ արդար։ Ատիկա կը մարմնաւորէ հայ ժողովուրդին բնաջնջման իմաստը եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներու ճանաչումը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ պէտք է փոխհատուցում մը ըլլայ»։

«Այդ ալ մեզ կը հետաքրքրէ. ոչ միայն ճանաչումը, որ շատ կարեւոր է, այլ ատոր հետեւող փոխհատուցման մը կարելիութիւնը», աւելցուց ծերակուտականը։ «Կարեւոր է յիշել, որ պատմութիւնը պէտք չէ դարձեալ կրկնուի։ Զոհն ու յանցագործը ճանչնալը քեզի կը ծանօթացնէ պատմութիւնը»։

«Փարակուէյի երկու մեծագոյն կուսակցութիւնները մասնակից էին հրապարակաւ ճանաչումին», աւելցուց ան՝ եզրակացնելով, որ բանաձեւը կը վայելէր բոլոր երեսփոխանական պլոքներու աջակցութիւնը եւ միաձայնութեամբ որդեգրուեցաւ։ Վերջապէս, ան ըսաւ, թէ բանաձեւը Փարակուէյի արտաքին գործոց նախարարութեան ուղղուած յանձնարարական մը պիտի ըլլայ, որովհետեւ քոնկրեսն ու նախարարութիւնը ընդհանրապէս «միացեալ տեսանկիւնէ մեկնած կը գործեն»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.