Սարգիս Զէյթլեան. Հայ Քաղաքական Մտքի Մարտիկը
1956-ի` Սուէզի եւ Հունգարիոյ զոյգ տագնապներէն ետք, մօտաւորապէս 10 տարի, աշխարհը համեմատական խաղաղ, այսինքն արիւնալի պատերազմներէ հեռու ժամանակաշրջան մը բոլորեց, մինչեւ որ համաշխարհային թատերաբեմին վրայ ուժերու հաւասարակշռութիւնը նոր ցնցումի ենթարկուեցաւ, այս անգամ` 1967-ի արաբ իսրայէլեան պատերազմով:
Իսրայէլ գրաւեց Սինայի թերակղզին, Արեւմտեան ափը, ինչպէս նաեւ` Կոլանի բարձունքները: Այս պատերազմը հիմնովին տակնուվրայ ըրաւ ոչ միայն Մ. Արեւելքը, այլեւ լուրջ ցնցումներ յառաջացուց համաշխարհային ուժերու հաւասարակշռութեան մէջ` ստեղծելով նոր տիպի մրցակցութիւններ, ցնցումներ եւ տագնապներ, ինչպէս նաեւ այս բոլորին իբրեւ արդիւնք` մագլցողական նոր քայլեր:
1968-ին Չեխոսլովաքիոյ մէջ «Փրակայի գարնան» ճզմուիլը Վարշաւիոյ ուխտի ուժերուն կողմէ, ինչպէս նաեւ Փարիզի ուսանողական ցոյցերը ապացոյցներն էին թէ՛ Արեւելքի (Խ. Միութեան) եւ թէ՛ դրամատիրական աշխարհի գաղափարական սնանկացումին: Չեխոսլովաքիոյ մէջ Ալեքսանտր Տիւպչեքի ղեկավարած շարժումը ապացոյցն էր խորհրդային այսպէս կոչուած ընկերվարութեան գաղափարական սնանկութեան ու միաժամանակ` ժխտումը դրամատիրութեան էապէս վայրագ ու ագահ նկարագրին: Ատոր համար ալ, երբ Վարշաւիոյ ուխտի հրասայլերը ներխուժեցին Փրակա, Արեւմուտքը միայն կոկորդիլոսի արցունքներ թափեց` միաժամանակ շահագործելով այդ ներխուժումը իր հակախորհրդային քարոզչութեան համար: Ոչ աւելին:
Միաժամանակ պաղեստինեան ազատագրական շարժումը նոր ազդակ մը կը հաղորդէր Մ. Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող Արեւելք-Արեւմուտք հակամարտութեան:
Պաղ պատերազմը թեւակոխած էր նոր փուլ մը:
Հայկական իրականութեան մէջ, սակայն, մեծ ցնցումը արդէն իսկ տեղի ունեցած էր 1965-ին: Այդ ալ` Ցեղասպանութեան յիսնամեակն էր: Սա պարզապէս կլոր թուականի խնդիր չէր անշուշտ, այլ` մտածողութեան հիմնական բարեշրջումի ազդանշան մը: Մտածողութիւն մը, որուն առանցքը կը կազմէր հայ ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը, հիմնականին մէջ` հողային հարցը: Հայութենէն բռնագրաւուած հողերու նկատմամբ պահանջը, արդարութեան վերահաստատումի գաղափարը:
Իրերու այս դրութեան մէջ էր ահաւասիկ, որ հայ քաղաքական միտքը, յատկապէս` դաշնակցական քաղաքական միտքը, ինքզինք դէմ յանդիման կը գտնէր նոր մարտահրաւէրի մը դիմաց: Պէտք էր հաշուի առնել համաշխարհային թատերաբեմի վրայ տեղի ունեցող զարգացումները, որպէսզի կարենայինք նաւարկել այս փոթորիկներուն մէջ: Որպէսզի կարենայինք ամէնէն ազդու կերպով հետապնդել մեր ժողովուրդին արդար դատը:
Դաշնակցական քաղաքական միտքը երբեք չէ գործած քաղաքական դատարկութեան մէջ: Մեր աշխարհաքաղաքական մտածողութիւնը եղած է իրապաշտ: Առաջնորդուած է իրականութիւնները սթափ գնահատելու մօտեցումով: Մեր պատմութիւնն ալ այդ կը վկայէ, երբ կը մասնակցէինք Պարսկաստանի յեղափոխական ֊ սահմանադրական շարժումին: Այդ օրերուն, այսինքն մօտաւորապէս դար մը առաջ, դաշնակցական քաղաքական միտքը կը տրամաբանէր, որ հայկական ազատագրական շարժումին համար անհրաժեշտ է քաղաքական ու գաղափարական նպաստաւոր միջավայր, յատկապէս` տարածաշրջանային իմաստով, որ` ժողովրդավար ու սահմանադրական կարգերով օժտուած Պարսկաստանը, ռազմավարական առումով, մեր ազատագրական շարժումը կրնայ օժտել նոր որակի յենարանով մը, որ` միաժամանակ կրնար յաւելեալ ճկունութիւն ու թափ հաղորդել մեզի, յատկապէս աչքի առջեւ ունենալով օսմանեան ու ցարական բռնատիրական կարգերու տակ մեր ժողովուրդին արդար իրաւունքները յառաջ մղելու անհրաժեշտութիւնը:
Համաշխարհային ու տարածաշրջանային վերիվայրումներու մէջ ճիշդ ու գիտական կողմնորոշում որդեգրելու այս ճիգը ակնառու է նաեւ դաշնակցական քաղաքական միտքի արտադրած գործերուն մէջ:
Լաւ ըմբռնելու համար այս մէկը, պէտք է լաւ կարդալ ու ճի՛շդ գնահատել Յովհաննէս Քաջազնունիի «Ազգ եւ հայրենիք»-ը, ինչպէս նաեւ` «Դաշնակցութիւնը անելիք չունի» գործերը,
Պէտք է լաւ կարդալ ու ճի՛շդ ըմբռնել Սիմոն Վրացեանի պատասխանը` «Խարխափումներ»-ը, ի պատասխան Քաջազնունիին,
Պէտք է լաւ կարդալ ու խորապէս ըմբռնել նոյն Սիմոն Վրացեանի «Հայաստան թրքական սալի ու պոլշեւիկեան մուրճի միջեւ» վերլուծումը,
Մեզի համար աններելի է մոռացութեան տալ Զարեւանդի «Միացեալ, անկախ Թուրանիա»-ն,
Բայց մանաւանդ պէտք է լաւ կարդալ ու ճի՛շդ ըմբռնել Ռուբէնի «Հայաստան միջցամաքային ուղիներու վրայ» կոթողական գործը,
Որպէսզի համոզուինք, որ դաշնակցական քաղաքական միտքին համար թէ՛ մեկնակէտը եւ թէ՛ վերջնական նպատակը Հայաստանն ու հայութիւնն են, այսինքն` մեր գերագոյն շահերը:
Եւ ուրեմն, համաշխարհային քաղաքական ու գաղափարական այս պայքարներու միջավայրին մէջ էր, որ մեզի համար կը ստեղծուէին 3 անհրաժեշտութիւններ` գաղափարական վերանորոգման, հայութեան իրաւունքներու պայքարի նոր ռազմավարութեան, բայց մանաւանդ` կազմակերպական ներքին վերանորոգման ու արդիականացման բնագաւառներէն ներս:
Այս հարցերուն պատասխանն էր որ տուին, այս խնդիրներն էին, որոնք լուծեցին ՀՅԴաշնակցութեան 19-րդ եւ 20-րդ ընդհանուր ժողովները 1968-ին եւ 1973-ին:
Այսպէս, Դաշնակցութեան ծրագրի վերամշակման գործընթացին սկիզբը կը դրուէր` գաղափարական մեր սկզբունքներու թարմացումով ու յատկապէս երիտասարդութեան մօտ տարածումով, նոյն այդ երիտասարդութիւնը առողջ կերպով դաստիարակելու ճամբով:
Երկրորդ` Հայ դատի հետապնդման աւելի ազդու ռազմավարութիւն մը կը մշակուէր, մեր աւանդներուն համապատասխան մարտավարութեամբ եւ,
երրորդ, հիմը կը դրուէր Դաշնակցութեան արդիականացումին ու քատրերու երիտասարդացումին, յատկապէս` երիտասարդական միութիւններու հիմնումով ու նոյն այդ երիտասարդութեան գաղափարական դաստիարակութեամբ: Ասոր լաւագոյն օրինակներն են ԼԵՄ-ի դպրոցը, ԶՈՄ-էն ներս ինքնադաստիարակչական աշխատանքներ` նոյն այդ տարիներուն, երիտասարդական եւ ուսանողական համահայկական բանակումներն ու խորհրդաժողովները:
Չորրորդ, մամուլի բնագաւառէն ներս, կը հիմնուէր Մամլոյ դիւանը եւ գաղափարական ու քաղաքական կեդրոնացումի ճամբով, Դաշնակցութեան «մէսէյճ»-ի, խօսքի մէկութիւնն ու միասնութիւնը կ’ապահովուէր:
Նոյն այս արդիականացումի ծիրէն ներս ալ համապատասխան փոփոխութիւններ կը մտնէին ՀՅԴ Բիւրոյի կազմէն ներս` զայն օժտելով նոր ուժերով, ինչպէս` Հրայր Մարուխեան, տոքթ. Բաբգէն Փափազեան, Հրաչ Տասնապետեան եւ Սարգիս Զէյթլեան:
Ինչ որ մեզ կը հասցնէ այսօրուան հաւաքին հիմնական նիւթին:
19-րդ 20-էն ետք արդէն Սարգիս Զէյթլեան պատասխանատու պաշտօնի վրայ էր` իբրեւ «Ազդակ Շաբաթօրեակ-Դրօշակ»-ի օգնական խմբագիր: Իր աշխարհը այդ էր, Դաշնակցութեան մամուլին ճամբով` Դաշնակցութեան միտքը եւ խօսքը բացատրելու, վերլուծելու, այդ խօսքով ու միտքով հայկական հաւաքական կարծիք ստեղծելու, ազգային հաւաքական կամք ստեղծելու դժուարին ու պատասխանատու ուղին: Իր աշխարհը գաղափարներու աշխարհն էր: Ինք այդ գաղափարի աշխարհի, գաղափարի պատերազմի խրամատներու զինուորն էր:
Այս պատճառով ալ Սարգիս Զէյթլեանին տրուած է «Գաղափարի մարտիկ» մակդիրը` շատ արդարացիօրէն:
Արդարեւ, «Ազդակ Շաբաթօրեակ֊Դրօշակ»-ի 6-րդ թիւին մէջ արդէն լոյս կը տեսնէր «Հայկական օրիանտացիա» խորագրով իր խմբագրականը, որ նոյնիսկ լեզուական ու ոճի իմաստով կը յատկանշէր Սարգիս Զէյթլեանը` իբրեւ հարցերը ուղիղ ու ճակտէն դիմագրաւող դաշնակցական մտաւորական: Ոճը մարդն իսկ է:
Խմբագրականը կը սկսի այսպէս.
«Կը հարցնենք ուղղակի. ի՞նչ է հայ ժողովուրդի քաղաքական գերագոյն նպատակը:
«Կը պատասխանենք անվարան.- Հայ դատի լուծումը
«Միացեալ Հայաստանի եւ անկախ ու ամբողջական հայութեան վերակերտումը: Վերահայացումը Հայկական լեռնաշխարհի եւ հայրենացումը տարասփիւռ հայութեան», այսքա՛ն յստակ:
Ան կը շարունակէ` ըսելով. «… հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերու ապահովութիւնը արտաքին արեւելումի հարց չէ անպայման, այլ գլխաւորաբար` ներքին ամրութեան… էականը այն չէ, թէ մենք որո՞ւ հետ ենք եւ ի՛նչ չափով թեր ենք այս կամ այն քաղաքական արեւելումին կամ ճակատին. էականը այն է, թէ ո՛վ թեր է եւ հետամուտ է Հայ դատի լուծման եւ ինչ համեմատութեա՛մբ թեր է»:
Սարգիս Զէյթլեանի այս տողերը էապէս բարացուցական են դաշնակցական քաղաքական միտքին համար, որովհետեւ իր իսկ բառերով` «մենք դէմ ենք բոլոր անոնց, որոնք Հայ դատը կ՛ուզեն վերածել ռուսական հարցի մէկ բաղկացուցիչ մասնիկին, նաեւ` բոլոր անոնց, որ զայն պիտի ուզէին արեւմտաեւրոպական կամ ամերիկեան հարցին մէկ բաղկացուցիչ մասին վերածել»:
Ներքին ամրութեան մասին իր ակնարկութիւնը խորքին մէջ հարազատ ցոլացումն է 20-ներու որդեգրած ներքին կազմակերպական վարքագծին: Ներքին ամրութիւն, որ չի վերաբերիր միմիայն դաշնակցութեան կազմակերպական կառոյցին, այլեւ ու մանաւանդ համահայկական տարողութիւն ու ծիր ունի: Այս մասին Սարգիս Զէյթլեան յաւելեալ յստակացումներ կը կատարէր տարիներ ետք, երբ «Ազդակ Շաբաթօրեակ – Դրօշակ»-ի խմբագրականներէն մէկուն մէջ կ’ընդգծէր. «Քալել ժամանակին հետ, կազմակերպուիլ արդի ժամանակներու ոգիին ու պահանջներուն համաձայն, արդիանալ ու արդիացնել կազմակերպական մեր կառոյցներն ու գործելակերպը` համահայկական ընդհանրական մեր տեսլականներու ներշնչումով եւ հայութեան յառաջդիմութիւնը, անհատական թէ հաւաքական գետնի վրայ, անոր կուտակած եւ դեռ կուտակելիք մշակութային ու քաղաքակրթական կամ նիւթական ու հոգեմտաւոր հարուստ դրամագլուխը վերածել քաղաքական ուժի, քաղաքական որակի, քաղաքական կամքի ու կշիռի»:
Այս ձեւով ան հանդիսացաւ կազմակերպական ուժեղացումին համահայկական տարողութիւն տուող աննահանջ մարտիկը, որուն համար տեսլականն ու նպատակը յստակ էին: Իր խմբագրականներով ու առաջնորդող յօդուածներով Սարգիս Զէյթլեան եղաւ այս համահայկական տեսլականին յառաջապահն ու առաջնորդը: Այս պատճառով ալ ան հանդիսացաւ իսկական ղեկավար` ոչ անպայման մարմիններու անդամակցութեան իմաստով: Ան կը ղեկավարէր իր մտածումներով ու գաղափարներով, որովհետեւ կը հաւատար գաղափարի կենարար ուժին, կը հաւատար, որ այդ գաղափարական ուժով պէտք է մեր ժողովուրդին մօտ համազգային մտածողութիւնը եւ ազգային հաւաքական կամքը ամրապնդել:
Համազգային մտածողութեամբ առաջնորդուելու այս սկզբունքը ան անշեղօրէն պահպանեց նաեւ քաղաքական ու գաղափարական բանավէճերու ընթացքին, երբ, օրինակ, Խ. Հայաստանի Կոմկուսի Ա. քարտուղար Կարէն Դեմիրճեան 27 յունիս 1979-ին Երեւանի մէջ կոչ կ՛ուղղէր Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան դէմ «անզիջում պայքար»-ի: Երկու յաջորդական խմբագրականներով (1979 թիւ 27 եւ 28), Սարգիս Զէյթլեան ազգային գերագոյն շահերու տեսանկիւնէն անհիմն ու անտեղի կ՛որակէր այդ պայքարը, ու միաժամանակ կոչ կ՛ուղղէր, որ խորհրդահայ իշխանութիւնները վերատեսութեան ենթարկեն իրենց այս մօտեցումը, որովհետեւ, խմբագրականին բառերով` «այս կը պահանջեն ո՛չ միայն սփիւռքահայութեան, այլեւ նոյնինքն Խ. Հայաստանի կենսական շահերը, թէ՛ գաղափարական, թէ՛ ազգային եւ թէ՛ քաղաքական տեսակէտէն»: Ժողովրդային բառապաշարով, ան կ՛ըսէր` «Խելքի եկէք, տղա՛ք»:
Նոյն այս ծիրէն ներս ալ, ան չէր խորշէր բանավէճերէ` ըլլա՛յ ներազգային հարցերու շուրջ, ըլլա՛յ մեր համահայկական ու ծրագրային իտէալները խոչընդոտել փորձող արտաքին ուժերու դէմ: Հակառակ իր երեւութապէս կարծր ու երբեմն կոպիտ թուացող մօտեցումներուն, բանավէճերու մէջ ան խստօրէն կը յարգէր դաշնակցական հրապարակագրէ մը ակնկալուած պարկեշտութիւնը: Ընդդիմախօսներու տեսակէտները կը զետեղէր իրենց հարազատ պարունակին մէջ, ի հարկին ընդարձակ մէջբերումներով ու ապա՛ միայն կը ներկայացնէր իր փաստարկները: Իր այս մեթոտաբանութիւնը կը մնայ օրինակելի բոլորիս համար:
Այսպէս, «Ազդակ Շաբաթօրեակ – Դրօշակ»-ի 1978ի վերջին թիւին մէջ, տեղ տրուած է Վահէ Օշականի «Եռանկիւն» խորագրով յօդուածին, ուր ան կ՛առաջադրէր հիմնովին փոփոխութեան ենթարկել հայեցի կրթութեան մեր ըմբռնողութիւնը Ամերիկայի մէջ, ջնջել հայոց լեզուի, պատմութեան ու գրականութեան դասապահերը ու զանոնք փոխարինել հայ ֆոլքլորի, հայ իմացական պատմութեան ու հայ ինքնութեան կազմութեան դասապահերով:
Թերթի չորս գրեթէ յաջորդական թիւերուն մէջ Ս. Զէյթլեան կէտ առ կէտ կը քննարկէ Օշականի բոլոր թեզերը, եւ որպէսզի ընթերցողին մօտ չձգէ այն տպաւորութիւնը, որ ըստ յարմարութեան կտրատած է յօդուածագրին տեսակէտները, զանոնք կը ներկայացնէ ընդարձակ մէջբերումներու կարգով ու անկէ ետք է միայն, որ կը ներկայացնէ իր հակափաստարկները, ընդգծելով մայրենի լեզուին անփոխարինելի դերը նոյն այդ մշակոյթի, իմացականութեան ու հայ ինքնութեան պահպանման ու զարգացման գործին մէջ:
Ս. Զէյթլեան կ’ընդգծէր. «… քաջ գիտենք, որ ազգային լեզուն, ազգային մեր աւանդավէպերուն պէս, իր բառային, շարահիւսական, հնչիւնաբանական եւ կէտադրական կառոյցով… ու մանաւանդ իր ոգեղէն յօրինուածքով ու վերբերումով ազգը կը մարմնաւորէ… Բառային ու շարահիւսական այս ճարտարապետութիւնը… զոր ցեղը յօրինած, ունկնդրած եւ վերանորոգած է դարեր շարունակ, զայն միայն հարազատօրէն իւրացնելով, միայն անով հաղորդուելով կարելի է հայանալ ու հայացնել նորահաս սերունդները»: Այս նիւթին Օշական-Զէյթլեան առողջ բանավէճը լուրջ թելադրականութիւն ունի այսօր, յատկապէս` Մ. Նահանգներու մէջ հայկական դպրոցական համակարգը իր ճիշդ հունին մէջ դնելու համար:
Մեր լեզուին նկատմամբ իր այս բծախնդիր մօտեցումն էր պատճառը, որ այդ օրերու «Ազդակ»-ի խմբագիրները իրմէ յաճախակի հեռաձայններ կը ստանային, լեզուական այս կամ այն նրբութիւններուն նկատմամբ բծախնդիր մօտեցումի պահանջով:
Ու ոչ միայն լեզուական հարցերու բնագաւառէն ներս: Ամբողջ տարիներ Սարգիս Զէյթլեան հանդիսացաւ դաշնակցական մամուլի իւրայատուկ կեդրոնական դէմքը, որ կը գուրգուրար, երբ կ’առաջնորդէր, կը գուրգուրար երբ կը ղեկավարէր, կը գուրգուրար, երբ մղում կու տար ու կը քաջալերէր, կը գուրգուրար, նոյնիսկ երբ կը յանդիմանէր, բան մը, որուն մասին կրնամ անձնապէս վկայել: Իմ խոր համոզումովս ա՛յս է Սարգիս Զէյթլեան դաշնակցական մտաւորականին ամէնէն մեծ արժանիքը:
Փակելէ առաջ, անհատական կարգով, Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կ’ուզեմ յայտնել իմ ջերմ փափաքս եւ առաջարկս, որ Հայաստանի համալսարաններէն ներս արդի հայ քաղաքական մտքի պատմութեան դասածրագիրներուն մէջ, անպայման ներառնուի «Ազդակ Շաբաթօրեակ- Դրօշակ»-ին մէջ Սարգիս Զէյթլեանի կողմէ գրուած բոլոր առաջնորդող յօդուածները եւ խմբագրականները, որոնք լոյս տեսած են «Սարգիս Զէյթլեան» խորագիրը կրող հատորով:
Ոչ միայն իբրեւ յարգանք Սարգիս Զէյթլեանի հսկայական վաստակին, այլ իբրեւ` անհրաժեշտութիւն հայ երիտասարդ համալսարանական սերունդին ազգային դաստիարակութեան համար:
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Պէյրութ, 23 Հոկտեմբեր 2015
* Խօսք` արտասանուած Սարգիս Զէյթլեանին նուիրուած ձեռնարկին: