Արցախի վիճակախաղի նպատակն է վերաբնակեցնել Իշխանաձոր գիւղը
Արցախի Ազգային Վիճակախաղի երկու խաղարկութեանց արդիւնքով՝ կառուցուած են 10 առանձնատուններ, որոնք ներքին յարդարումէ յետոյ կը տրամադրուին Արցախի մէջ բնակելու ցանկութիւն յայտնող ընտանիքներուն:
Վիճակախաղի Երեւանի գրասենեակին տնօրէնը՝ Ազատուհի Սիմոնեան կը պատմէ, որ վիճակախաղին հիմնական նպատակը վերաբնակեցումն է: Այդ նպատակով ընտրուած է Քաշաթաղի շրջանի Իշխանաձոր գիւղը, որ բաւականին մեծ գիւղ է եւ մինչեւ վերջերս անբարեկարգ վիճակի մէջ է եղած:
«Այդ գիւղը վերցրել ենք որպէս թիրախ եւ արդէն 3 տարի է՝ այդ գիւղում նպատակադրուած կառուցում ենք 37 առանձնատներ, որոնցից տասը երկու տարիների խաղարկութեան արդիւնքում պատրաստ են եւ օրերս կը յանձնուեն Արցախի կառավարութեանը: Մեր պատկերացմամբ՝ Իշխանաձոր համայնքը պէտք է ունենայ 1000 բնակիչ, իր բոլոր ենթակառոյցներով, իր դպրոցով, մանկապարտէզով եւ համայնական բոլոր յարմարութիւններով»,- կ’ըսէ Ա. Սիմոնեան:
Գիւղին մէջ վերաբնակեցուած մարդիկ կը ստանան նաեւ 1200 քառ. մեթր տնամերձ հողատարածք՝ գիւղատնտեսութեամբ զբաղուելու համար:
Բնակարաններ գնելու հիմնադրամը կը գոյանայ վիճակահանութեան տոմսերու վաճառքէն: 2000 դրամ արժող տոմսերը կը գնեն Արցախէն, Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն: