Մուսա Լերան հայութեան փրկարար Լուի Տարթիժ տիւ Ֆուռնէ – Մահուան 75-ամեակ


Ֆրանսացի ծովակալը որ իր անձնական պատասխանատուութեամբ, առանց ստանալու վերին հրաման փրկեց հայերը 

Ֆրանսական ծովուժի փոխ ծովակալ Լուի Ռընէ Շարլ Մարի Տարթիժ տիւ Ֆուռնէ ծնած է 2 Մարտ 1856-ին, Ֆրանսայի Օռն շրջանի Փութանժի մէջ եւ մահացած 16 Փետրուար 1940-ին, Տորտոյն շրջանի Փերիկէոյի մէջ։

Ան 1872-ին մուտք գործէ ֆրանսական բանակի ծովուժի սպայից վարժարան, զորս կ՚աւարտէ հազարապետի աստիճանով։ 13 Յուլիս 1893-ին «Պորի» մարտանաւի նաւապետի հրամանով «Քոմեթ» փոքր խորտընկէցի հրամանատար Լուի Տարթիժ բռնի ուժով կ՚ապահովէ Մենամի անցքի ապահովութիւնը՝ Պանքոքի նաւահանգիստին շունչ պարգեւելու համար։ Անոր այս յաջողութեան իբրեւ արդիւնք Ֆրանսա ձեռք կը բերէ Մեքոնկի (ներկայիս Լաոս) ձախ ափը։ Տարթիժ հետագային «Փոթօ» մեծ ռազմանաւի հրամանատրի տեղակալ կը դառնայ, ապա Հիւսիսային ծովու նաւախումբին մաս կազմող «Սուրքուֆ» մարտանաւի հրամանատար կը նշանակուի։

1909-ին, կը բարձրացուի ենթածովակալի աստիճանի։ Պալքանեան պատերազմի (1912-1913) ընթացքին հրամանատարն է Միջերկրականի մէջ ֆրանսական նաւատորմիղին եւ փոխ ծովակալի պաշտօնին բարձրացուած է։ Փետրուար 1915-ին կը ստանձնէ նորաստեղծ ֆրանսական երրորդ նաւախումբի հրամանատարութիւնը։ Անոր կեդրոնատեղին է Սուրիան եւ ան պարտականութիւնը ունի թրքական տիրապետութեան տակ գտնուող ծովեզերքի պաշարման Օգոստոս 1915-ի հրամանը գործադրելու։

5 Սեպտեմբեր 1915-ին, թուրքերուն ցեղասպանական ծրագիրը դիմադրելու համար Մուսա Տաղի վրայ դիրք բռնած հայերը կարմիր խաչ մը կրող ճերմակ դրօշով կը գրաւեն «Կիշեն» մարտանաւի ուշադրութիւնը։ Ծովակալ Տարթիժ տիւ Ֆուռնէ բարձր հրամանատարութենէն ցուցմունք կը խնդրէ։ Յստակ պատասխան մը չստանալէ ետք, իր անձնական պատասխանատուութեամբ 12-13 Սեպտեմբերին 4080 հայեր կ՚առնուին «Ֆուտր», «Տ՚Էսթրէ», «Կիշեն», «Ամիրալ Շարնէ» եւ «Տեսօ» մարտանաւէրուն վրայ։ Ֆրանսական ծովուժի երրորդ նաւախումբը իր ամբողջ ջանքը կը թափէ հայերը Եգիպտոսի Փոր Սայիտ նաւահանգիստ հասցնելու գործողութիւնը յաջողցնելու համար։

Հետագային Ֆուռնէ կը ստանձնէ հրամանատարութիւնը Արեւելքի մէջ դաշնակից ուժերու նաւատորմիղներուն, որոնք կը պատրաստուէին Վոսփորը գրաւել։ Ծովուժի նախարար Լուսիէն Լաքազ զինք կը պաշտօնազրկէ, երբ Դեկտեմբեր 1916-ին դաշնակից զինուորները Աթէնքի մէջ թակարդը կ՚իյնան։ Պաշտօնազրկուելէ ետք՝ ան կ՚ամուսնանայ եւ հանգստեան կը կոչուի։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.