Հրանդ Տինքի ցանկութիւնը կատարուեցաւ. Hurriyet-ի խմբագիր


Թուրքիոյ մէջ մեծ արձագանք գտած է  Սթամպուլի «Քամփ Արմէն» անունը կրող մանկատան վերադարձը Կետիկ փաշայի հայկական եկեղեցւոյ: Ըստ NEWS.am-ի` ընկերային ցանցերու մէջ բազմաթիւ թուրք եւ քիւրտ յառաջադէմ գործիչներ իրենց գոհունակութիւնը  յայտնած են այդ կապակցութեամբ:

Թրքական Hurriyet-ի խմբագիր Էյուպ Ճան գրառում կատարած է  այս կապակցութեամբ. «Այսօրուան իմ լսած ամենալաւ լուրն է: Վերջապէս կատարուեցաւ Հրանդ Տինքի ցանկութիւնը»:

Նշենք, որ Կետիկ փաշայի հայկական բողոքական եկեղեցւոյ հիմնադրամի փաստաբան Սեպու Ասլանգիլը յայտարարած է, թէ մանկատան շէնքի սեփականութեան վկայականի վերադարձին հետ կապուած բոլոր աշխատանքները աւարտած են եւ շէնքը այժմ եկեղեցւոյ կը պատկանի:

Սթամպուլի «Քամփ Արմէն» մանկատունը 1987-ին գրաւուած է թրքական իշխանութիւններու կողմէ, այնուհետ վաճառուած թուրք գործարարի: Վերջինս ալ որոշած է քանդել մանկատունը եւ շքեղ տուներ կառուցել: Հասարակական ճնշման արդիւնքով մանկատան քանդումը ժամանակաւորապէս դադրեցուած է:

Յիշեալ մանկատան մէջ մեծցած է նաեւ Հրանդ Տինքը եւ անոր կինը` Ռաքէլ Տինքը:

Մանկատան տարածքին մէջ ամիսներ շարունակ կը հերթապահէին հայ գործիչներ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.