Թորոնթոյի մէջ կայացած նուիրահաւաքին 35 հազար տոլար հանգանակուեցաւ ի նպաստ սուրիահայութեան


Թորոնթոհայ գաղութը անգամ եւս փաստեց, որ հաւաքական եւ միասնական կամքի դրսեւորման օրինակելի մէկ հայկական միջավայրն է:

Սուրիահայութեան իրավիճակով տագնապող եւ նուիրաբերող այս գաղութի զաւակները, իրենց լուման եւ ազնիւ ճիգը ներդրեցին անգամ մը ե՛ւս, այնքա՜ն գեղեցիկ ու կազմապերպական կատարելագործմամբ  ձեռնարկի մը ընդմէջէն, որուն համար միայն կարելի է ծափահարել:

Կամաւոր եւ անձնդիր աշխատանքով իրականացած այս նախաձեռնութիւնը,  նուիրահաւաքէ անդին պատգամ մըն ալ փոխանցեց հայ իրականութիեան, որ հաւաքական ու ազնիւ ճիգերու խտացումով,կարելի է ամենէ պարզ ձեռնարկ անգամ վերածել պատգամբեր ու թելադրականութիւն պարփակող հաւաքական մէկ արտայայտութեան: Այս պարագային երեկոյի կազմակերպուածութեան բծախնդրութիւնը, եւ կամաւորներու  միահամուռ ճիգի դրսեւորումը՝ ակներեւ մէկ երեւոյթ էր եւ ուսանելի առարկայ բոլոր ներկաներուն համար:

Արդ, Կիրակի Հոկտեմբեր 25, 2015 ին, Կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Հանգանակիռ մարմնի, աւելի քան 600 հայորդիներու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Ճաշի հացկերոյթը: Ներկայ էին Հայ կուսակցութիւններու, եկեղեցիներու, միութիւններու,  ներկայացուցիչներ, որոնց կարգին՝  հոգեշնորհ Հայր Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան, հովիւ Ս, Աստուածածին Հայաստանեաց Առաքելական եկեղեցւոյ,  Վերապատուելի Դոկտ. Ռնէ Լեւոնեան՝ հովիւ Հայ Աւետարանական Թորոնթոյի Եկեղեցւոյ:

Յանձնախումի ատենապետ Կարօ Միսիրեան խօքը ուղղելով ներկաներուն ընդգծեց ըսելով-

«… այս ձեռնարկին ներկայ ըլլալ կը նշանակէ արտայայտել ձեր ուղղակի զօրակցութիւնը Սուրիոյ մէջ դեռ գոյատեւող եւ հայօրէն ապրելու համար պայքարող մեր հայրենակիցներուն: Ձեր ներկայութիւնը կը բացատրուի Թորոնթոհայ գաղութի անցնող երեք տարիներու ընթացքին Սուրիահայութեան օժանդակելու հաստատակամ քայլերու շարունակականութեամբ: Անցնող երեք տարիներու ընթացքին Թորոնթոհայութիւնը ընդառաջելով Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Թորոնթոյի Հանգանակիչ Յանձնախումբի կոչերուն եւ կազմակերպած նուիրահաւաքի ձեռնարկներուն մեծ ներդրում ունեցաւ այդ տագնապահար շրջանին մէջ ապրող Սուրիահայութեան գօտեպնդման եւ ազգային կեանքի շարունակականութիւնը պահելու գծով:»

Օրուան  յաւելեալ փայլք տուաւ եւ Սուրիահայութեան արժանի բանբերը հանդիսացաւ Հալէպէն նոր Գանատա կայք հաստատած երիտասարդ Նազօ Փօլատեան, իր կուռ ու խիտ ելոյթով  Գէորգ Էմինի բառերով ալեկոծեց բոլոր ներկաներուն կարօտախտ հոգիները ու անգամ մը ե՛ւս Պարե՜ց Սասունն, ու ողջ աշխարհը հիացա՜ւ …:

Ի հետեւում հանրային գործիչ՝ Կիրօ Մանոյեանի  մէկ արդարացի գրառման ուր կ՛ըսէր, որ «Կամաւորաբար Հալէպ մնացող հայութիւնը, այսօ՛ր, ամէն ժամանակէ աւելի կարիքը ունի գործնապէս զգալու, որ արտասահմանի իր ազգակիցները նեցուկ կը կանգնին իրեն եւ առանձին չեն ձգեր զինք այս վիճակին մէջ: Հալէպահայը կարիքը ունի զգալու, որ քար առ քար վերակառուցող ընտանեկան, հոգեւոր թէ կրթական օճախին համար իր ձեռքերուն հետ այլ հարազատ ձեռքեր եւս կան:» Թորոնթոհայութիւնը ընդառաջելով այս ձեռնարկի կոչին, կրկին վերահաստատեց անհերքելի ճշմարտութիւնը Մանոյեանի արտայայտութեան:

Ռօզ Իմաստունեան, ճարտարօրէն դասաւորեց օրուան հանգանակային բաժինը, որուն արդիւնքով, ձեռնարկի  աւարտով  ապահովուեցաւ շուրջ  35 000  Գանատական Տոլարի եկամուտ:

Ներկաները բաժնուեցան՝ այն յոյսով , որ մօտիկ ապագային կրկին պատեհ առիթը կ՛ստեղծուի, համախմբուելու այս ազնիւ նպատակին շուրջ ու զօրաւիգ կանգնելու, տնքացող մեր ասպնջական Սուրիահայ գաղթօճախին: 

<!–[endif]–>


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.