Վիեթնամը կը քննարկէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հնարաւորութիւնը


Վիեթնամը կը քննարկէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հնարաւորութիւնը: Այդ մասին Միջազգային յարաբերութիւններու Մոսկուայի պետական ինստիտուտի շրջանաւարտներու 3-րդ Միջազգային համաժողովի ծիրէն ներս Ծիծեռնակաբերդ կատարած այցէն ետք NEWS.am-ի թղթակիցի հետ զրոյցին ըսած է Վիեթնամի արդարադատութեան նախարար Հա Եունկ Կունգը:

“Մենք կը քննարկենք Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը: Ընդհանուր առմամբ Վիեթնամը կը դատապարտէ որեւէ ազգի դէմ իրականացուցած ցեղասպանութիւնը”,- ըսած է նախարարը:

Անդրադառնալով Երեւանի եւ Հանոյի միջեւ յարաբերութիւններու պատմութեան` Հա Եունկ Կունգը նշեց, որ երկու երկիրներու միջեւ միշտ բարեկամական յարաբերութիւններ եղած են, իսկ Վիեթնամի պատերազմի տարիներուն Հայաստանը օգնած է աւելի քան 1000 կատրերու նախապատրաստման գործին: Անոնցմէ շատերը մինչ օրս կ’աշխատին ինչպէս պետական համակարգի, այնպէս ալ երկրի տարբեր կազմակերպութիւններէն ներս:

“Անիկա մեր յարաբերութիւններու ժառանգութեան մէջ մեծ ներդրում է, զոր պէտք է յետայսու եւս զարգացնել”,-ամփոփած է նախարարը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.