Մխիթարեան Պաքու Չմեկնեցաւ


no-baku_10-21-15

Երէկ` չորեքշաբթի, 21 հոկտեմբերին, Գերմանիայէն Պաքու (Ազրպէյճան) մեկնեցաւ Պորուսիա Տորթմունտ, որ այսօր մրցում մը ունի կատարելիք տեղւոյն կազմերէն Կապալայի դէմ, «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ:

Սակայն խումբին հետ Պաքու չմեկնեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան:

Օդակայանին մէջ լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանելով` Տորթմունտի թեքնիք տնօրէն Հանս Եոաքիմ Վաթցքէ ըսաւ. «Մենք զրուցեցինք Մխիթարեանի հետ եւ եկանք այն եզրակացութեան, որ բոլորին համար աւելի լաւ պիտի ըլլայ, եթէ ան բացակայի Կապալայի դէմ տեղի ունենալիք մրցումէն»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.