Տարօրինակ, Բայց Իրաւ. Սուլթան Համիտի Անձնական Գանձերուն Հայ Վերակացուները


ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Վերնագիրս շատերու համար խորթ կրնայ թուիլ:

Հարիւր հազարաւոր հայեր ջարդող «Կարմիր սուլթան»-ին գանձերուն վերակացուները հայե՞ր էին…

Այո՛, միայն ու բացառաբա՛ր հայեր:

Ապտիւլ Համիտ, ինչպէս ծանօթ է, Օսմանեան կայսրութիւնը ղեկավարեց լման 32 տարի, 1876-1908, բռնատիրական, լրտեսական եւ արիւնռուշտ վարչակարգի մը բոլոր ստորոգելիներով:

Հայերս որքա՜ն տառապեցանք այդ չարաշուք երեք տասնամեակներուն ընթացքին:

1894-96 Արեւմտահայաստանի համատարած ջարդերը, որոնք խլեցին 300 հազար հայերու կեանքը, պատմութեան մէջ ծանօթ են արդէն «Համիտեան կոտորածներ» անուանումով: Հայութիւնը արիւ՛ն լացաւ այդ տարիներուն: Իսկ մեր գրողներն ալ, իրենց գրիչը թաթխելով այդ արեան մէջ, գրականութեան փոխանցեցին արհաւիրքի ու սարսափի սարսռազդեցիկ պատումներ…

Համիտ հայատեաց մըն էր անկասկած:

Եըլտըզի իր պալատին մէջ ամրափակ` ան շարունակ կ՛որոճար հայեր հետապնդելու, հայութիւնը ճզմելու նորանոր կերպեր:

Բայց, միւս կողմէ, ո՜վ զարմանք, ան ստեղծած էր իրեն յատուկ «անձնական գանձերու նախարարութիւն» մը, որուն գլուխը բերուեցան, յաջորդաբար, 3 արժէքաւոր բարձրաստիճան հայեր:

Այս նախարարութիւնը թրքերէնով կը կոչուէր «Խազինէի Խասսա նազըրլըը»: Անիկա բոլորովին անկախ էր երկրին ելեւմտից Նախարարութենէն ու  պարտականութիւն ունէր զբաղիլ լոկ սուլթանին անշարժ գոյքերով (ագարակներ, հողեր, կալուածներ, հանքեր), դրամատնային հաշիւներով, պալատին առօրեայ ծախսերով եւ այլն: Նշանակուած նախարարը իսկոյն կ՛ունենար «վեզիր»-ի կամ «փաշա»-ի տիտղոս, որ քաղաքային եւ զինուորական ամենաբարձր աստիճանաւորներուն շնորհուած կոչում մըն էր: Գանձերու նախարարին կապը ուղղակի ու գլխաւորաբար սուլթանին հետ էր, ու հետեւաբար ան չէր իսկ մասնակցեր կառավարութեան դահլիճի նիստերուն:

Չափազանց զգայուն պաշտօն մըն էր այս, որովհետեւ որեւէ տեսակի ամենադոյզն կասկած մը` կրնար գլուխը ուտել թէ՛ նախարարին, թէ՛ անոր ընտանիքին…

Ապտիւլ Համիտ շուրջ 30 տարուան ընթացքին ունեցաւ 3 «Անձնական գանձի նախարար»-ներ, երեքն ալ Հայ…

Զարմանալի է: Մէկ կողմէ ան շարունակ հայեր կը ջարդէր Արեւմտահայաստանի ամբողջ տարածքին, միւս կողմէ` իր անձնական գանձը հայերէ զատ ո՛չ ոքի կը վստահէր… Տարօրինակ, բայց իրաւ:

Եկէ՛ք` ճանչնանք այդ հայ նախարարները մէկ առ մէկ ու ոգեկոչենք զանոնք` շուրջ մէկուկէս դարու հեռաւորութենէն…

Ա – Յակոբ Փաշա Գազազեան

Յակոբ փաշա Գազազեան

Յակոբ փաշա Գազազեան

Յակոբ փաշան ծնած էր 1831-ին: Բարձր կրթութեան տէր, ֆրանսերէնի ու թրքերէնի հմուտ պետական յարգուած պաշտօնեայ մըն էր: Երիտասարդութեան շրջանին նախ վարեց Օսմանեան դրամատան (Պանք Օթոման) թարգմանութեան բաժնի տնօրէնութիւնը, յետոյ ալ, երբ սուլթան Համիտ գահ բարձրացաւ, օսմանեան Ա. խորհրդարանի երեսփոխան ընտրուեցաւ: Մաս կազմեց նաեւ Պետական խորհուրդին:

Այնքան պարկեշտ ու վստահելի անձնաւորութիւն մըն էր, որ շուտով սուլթանին անձնական գանձերուն «Բարեկարգիչ յանձնաժողով»-ի անդամ դարձուցին զինք: Աւելի ուշ իրեն վստահուեցաւ սուլթանին «Անձնական գանձեր»-ու տնօրէնի պաշտօնը, 1879-ին: Կարճ ժամանակ անց այս «տնօրէն»-ի կարգավիճակը Համիտի իսկ որոշումով շուտով նախարարութեան վերածուեցաւ, ու Գազազեան փաշան ալ ատոր անդրանիկ նախարար նշանակուեցաւ:

Յակոբ փաշայի թելադրանքով երկրի տարածքին բազմաթիւ լքեալ գոյքեր Անձնական գանձերու նախարարութեան անունին արձանագրուեցան: Այնպէս որ, կարճ ժամանակի ընթացքին սուլթանին հասոյթները աննախընթաց աճ ապրեցան…

Սուլթանը գնահատեց Գազազեան փաշայի հաշուապահական մանրակրկիտ հսկողութիւնը եւ անոր վստահեցաւ նաեւ երկրին ելեւմտից նախարարի պաշտօնը («Մալիյէ»), 1886-ին: Այստեղ, Յակոբ փաշա դրամատնային նորարարութիւններ բերաւ, դրամատոմսի (չեք) կիրարկութեան ձեռնարկեց, երկրին արտաքին պարտքերու տոկոսները զեղչեց լայն չափով… Թէեւ պետական շրջանակներու մէջ նախանձողներ ու բանսարկուներ ալ ունեցաւ, սակայն սուլթանը միշտ կը գնահատէր զինք ու կը պարգեւատրէր շքանշաններով:

Գազազեան փաշային հռչակը հասաւ մինչեւ Եւրոպա, ու յաջորդող տարիներուն եօթը երկիրներէ 30-ի չափ շքանշաններու արժանի նկատուեցաւ: Գործօն տնտեսագէտ-դիւանագէտ մըն էր, տեւաբար կը մասնակցէր պալատի արարողակարգային այցելութիւններուն եւ ընդունելութիւններուն: Բնաւ անտես չէր առներ իր համայնքն ալ. իր միջնորդութիւններով եւ կարելիութիւններով օգտակար կ՛ըլլար Ազգ. պատրիարքարանին ու պոլսահայութեան:

1891-ին սուլթանը ընտիր նժոյգ մը նուիրեց իրեն: Բայց այդ նժոյգը յաջորդ օրն իսկ իր մահուան պատճառ դարձաւ: Ձին արկածի ենթարկուեցաւ եւ Յակոբ փաշա կեանքը կորսնցուց, երբ տակաւին հազիւ 60 տարեկան էր:

Համիտ, շուտով, այս հայ նախարարը փոխարինեց ուրի՛շ հաւատարիմ հայ նախարարով մը…

Ի դէպ, Յակոբ փաշայի եղբայրը եւս, Նշան Էֆ. Գազազեան, յարգուած դէմք մըն էր պետական ու ազգային շրջանակներու մէջ: Վարչական անդամ էր Մաքսային խորհուրդին ու կտակով մը կարեւոր բարերարութիւն մը ըրած էր ազգին:

Բ – Միքայէլ Փաշա Փորթուգալ

Միքայէլ փաշա Փորթուգալ

Միքայէլ փաշա Փորթուգալ

Յակոբ փաշա Գազազեանի արկածահար մահով (1891) թափուր մնացած էր Ապտիւլ Համիտի «Անձնական անձերու նախարարութիւն»-ը: Բայց Համիտ շուտով գտաւ այն յարմար անձը որ պիտի կարենար ամենայն հաւատարմութեամբ ու կատարեալ վստահութեամբ ստանձնել այդ փափուկ պաշտօնը:

Հա՛յ մըն էր դարձեալ, որ բերուեցաւ նախարարական այդ աթոռին. ՄԻՔԱՅԷԼ ՓԱՇԱ ՓՈՐԹՈՒԳԱԼ:

Այդ օրերուն տնօրէնն էր ան Պոլսոյ «Զիրաաթ» դրամատան:

Ընտիր ու պատուական հայ մըն էր Փորթուգալ փաշան, Հայ կաթողիկէ համայնքի երեւելի ընտանիքներէն մէկուն զաւակը:

Ծնած էր 1842-ին: Պոլսոյ մէջ աշակերտած էր բանաստեղծ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանին: Յետոյ ծնողները զինք ուղարկեցին Փարիզ, ուր Մխիթարեաններու Մուրատեան վարժարանին մէջ հայեցի շատ հիմնաւոր կրթութիւն մը ստացաւ, բախտն ունենալով աշակերտելու մեծանուն նահապետին` հ. Ղեւոնդ Ալիշանին ալ:

Երբ Եւրոպայէն Պոլիս վերադարձաւ, իսկոյն զինք վերակացու-դաստիարակ նշանակեցին կայսերական իշխանազուններու… Եւ որովհետեւ լաւապէս կը տիրապետէր անգլերէն, Ֆրանսերէն, պարսկերէն ու արաբերէն լեզուներուն, 1860-ին պաշտօնի կոչուեցաւ Բարձրագոյն դրան («Պապը Ալի») թարգմանական դիւանատունէն ներս:

Յաջորդ տարիներուն, իր աստղը աւելի՛ փայլեցաւ, երբ նշանակուեցաւ Պոլսոյ մաքսատան (Ղալաթիա) վերատեսուչի օգնական: 12 տարի գործեց այս մարզին մէջ` նշանակալից ծառայութիւններ մատուցելով պետութեան: 1887-ին իր տնտեսագէտի հմտութենէն օգտուելու համար նշանակեցին զինք ելեւմտից նախարարի օգնական:

Պարկեշտ ու հնարամիտ տնտեսագէտի իր համբաւը հասած էր արդէն մինչեւ պալատ: Սուլթան Ապտիւլ Համիտի յանձնարարութեամբ` պարտականութիւն տրուեցաւ իրեն հիմնել ու Թուրքիոյ երկրագործական առաջին դրամատունը` «Զիրաաթ պանքա»-ն, որուն տնօրէնն ալ ի՛նք եղաւ: Իր յամառ եւ հետեւողական ջանքերով այդ դրամատունը բազմաթիւ մասնաճիւղեր հաստատեց Օսմանեան կայսրութեան տարածքին ու մեծ վարկ շահեցաւ:

Այլեւս պէտք չէր զարմանալ ուրեմն, եթէ Համիտ Միքայէլ Փորթուգալ փաշան բերաւ ու նշանակեց Գազազեան Յակոբ փաշայի մահով թափուր մնացած արքունի գանձապետի պաշտօնին: Սուլթանը անոր շնորհեց «վեզիր»-ի տիտղոս ու շքանշաններ:

Փորթուգալ փաշան, իր գանձապետի պաշտօնին կողքին, պետական բարձրագոյն վարժարանէն («Մէքթէպըմելքիյէ») ներս հիմնադրեց ելեւմտական ամպիոն մը ու տարիներ շարունակ հոն դասախօսեց` պատրաստելով մասնագէտներու փայլուն սերունդ մը: Իր դասախօսական նոթերը, իբրեւ դասագիրք, հրատարակուեցան օսմաներէն առանձին հատորով մը` «Ուսուլը Մալիյէ» խորագրով:

Կը զարմանաք թերեւս, եթէ ըսեմ, որ Միքայէլ Փորթուգալ փաշայի կուրծքին տակ մի՛շտ բաբախեց հայու հպարտ սիրտ մը, նոյնիսկ երբ ան այնքան ուղղակիօրէն կը ծառայէր «Կարմիր սուլթան»-ին: Մխիթարեան վարդապետներու հայեցի տոհմիկ դաստիարակութենէն ծծեր էր այնքան շատ բան, որ մինչեւ իր վերջին շունչը մնաց ճշմարիտ ու հայրենասէր հայ մը:

Իր ազգային հետաքրքրութիւններուն ու մտաւորական պաշարին գեղեցիկ մէկ արտայայտութիւնն էր այն շահեկան եւ հմտալից ուսումնասիրութիւնը, զոր գրեց ու պատրաստեց ան` Եղիշէ Պատմիչի (Է. դար) Վարդանանց պատերազմին նուիրուած գիրքին մասին: Իր այդ վերլուծական խորազնին երկը լոյս ընծայուեցաւ յետ մահու, Վենետիկ, 1903-ին, ու լայն արձագանգ թողուց հայագիտական շրջանակներու մէջ: Այս գիրքը կատարելապէս կը ցոլացնէր Փորթուգալ փաշային բանասէրի ու մատենագէտի  պայծառ դիմագծութիւնը:

Ու չմոռնամ աւելցնել, որ իր քրոջ որդին` արուեստաբան ու գեղանկարիչ Տիգրան Եսայեանն էր, գրագիտուհի Զապէլ Եսայեանին ամուսինը:

Փորթուգալ փաշայի մահը, 1897-ին, համազգային սուգ մը եղաւ: Ան հազիւ 55 տարեկան էր տակաւին: Յաջորդ տարի, 1898-ին, Վենետիկի Մխիթարեան վարդապետներէն հ. Յովհաննէս Թորոսեան առանձին գիրքով մենագրութիւն մը հրատարակեց ողբացեալին մասին:

Իսկ Համիտ, ճարպիկ կերպով, դարձեա՛լ կրցաւ նոր գանձապետ մը գտնել իրեն համար: Եւ այդ գանձապետը նորէ՛ն հայ մըն էր…:

Գ – Յովհաննէս Փաշա Սագըզ

Յովհաննէս փաշա Սագըզ

Յովհաննէս փաշա Սագըզ

Փորթուգալ փաշայի մահէն անմիջապէս ետք (1897) Ապտիւլ Համիտ իր սեփական գանձերուն նախարար կարգեց դարձեա՛լ հայ կաթոլիկ համայնքի կարկառուն դէմքերէն մէկը,- ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՓԱՇԱ ՍԱԳԸԶԸ, որ այդ օրերուն շուրջ 60 տարեկան համբաւաւոր տնտեսագէտ մըն էր:

Սագըզ փաշան, իր նախորդին նման, նախակրթութիւնը ստացեր էր Մխիթարեաններու Փարիզի Մուրատեան վարժարանը` այնտեղ դասընկեր ունենալով Մատթէոս Մամուռեանի, Մարկոս Աղաբէկեանի եւ Ծերենցի (բժ. Շիշմանեան) նման գրական ապագայ դէմքեր:

Օտար լեզուներու գիտակ էր, ու երբ Եւրոպայէն Պոլիս վերադարձաւ 20 տարեկանին, իսկոյն պաշտօնի կոչուեցաւ արտաքին նախարարութեան թարգմանութեան դիւանէն ներս: Յաջորդող տարիներուն եւ տասնամեակներուն ան քայլ առ քայլ պիտի բարձրանար պետական պաշտօններու սանդղամատերէն` գրաւելով շատ պատուաբեր դիրքեր, ի վերջոյ հասնելով սուլթանին գանձապետի պաշտօնին:

Արդարեւ, ԺԹ. դարու 60-ական թուականներէն սկսեալ, Յովհ. Սագըզը կը տեսնենք իբրեւ մամլոյ տեսուչ, յետոյ` Պետական խորհուրդի դատական բաժնի «պաշմուաւին», առեւտուրի փոխ նախարար (1872), Առեւտրական վերաքննիչ ատեանի եւ հանրային կրթութեան նախարարութեան «միւսթէշար» (1876), հաշուակալութեան ատեանի ընդհանուր դատախազ (1879, այս պաշտօնին վրայ մնաց 17 տարի), Պետական խորհուրդի եւ ծերակոյտի անդամ, արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհ. քարտուղարութեան կցորդ…

Ինչ կը վերաբերի սուլթանին «Անձնական գանձերու նախարար»-ի իր պաշտօնին, ապա Սագըզ փաշա այդ բարձրագոյն դիրքին վրայ մնաց աւելի քան տասը տարի, մինչեւ 1908-ի սահմանադրութիւնը, երբ Համիտ գահընկէց եղաւ ու նշեալ նախարարութիւնը ջնջուեցաւ:

Յովհաննէս Սագըզ փաշա միայն պետական հասուն դիւանագէտ մը կամ ճարտար տնտեսագէտ մը չէր, այլեւ` մտաւորական բարձր արժանիքներով օժտուած անձնաւորութիւն մը:

Յովհաննէս փաշա Սագըզի հիմնադրած «Մէճմուայի Ֆիւնուն» հանդէսի 9-րդ թիւը

Յովհաննէս փաշա Սագըզի հիմնադրած «Մէճմուայի Ֆիւնուն» հանդէսի 9-րդ թիւը

Ան օսմաներէն լեզուի կենդանի բառարան մըն էր: Հիմնադիրներէն մին եղած էր թէ՛ Օսմանեան գիտական ընկերութեան եւ թէ անոր պաշտօնաթերթին` «Մէճմուայի Ֆիւնուն» հանդէսին (1863), որուն կ՛աշխատակցէր ալ մնայուն կերպով:

Սագըզ փաշա փնտռուած դասախօս էր «Մէքթէպը Միւլքիյէ»-ի մէջ ալ (պետ. բարձրագոյն վրժ.): Այս դպրոցէն ներս ան հիմնեց քաղաքական տնտեսութեան եւ վարչական իրաւագիտութեան ամպիոնները ու երկար տարիներ դասաւանդեց այնտեղ:

Միւս կողմէ` ան ֆրանսերէն ալ դասաւանդեց  լեզուներու կայսերական վարժարանին մէջ: Իսկ Գեղարուեստի վարժարանէն ներս դասաւանդեց գեղագիտութիւն եւ արուեստից պատմութիւն: Պատրաստեց ու հրատարակեց օսմաներէն համապատասխան դասագիրքեր ալ: Շահեկան ուսումնասիրութիւն մը ունէր նաեւ հայ լեզուի ծագման մասին:

Սագըզ փաշա հայ կաթողիկէ համայնքի ազգայնասէր հոսանքի պարագլուխներէն մէկն էր, 1860-ական թուականներու հակահասունեան պայքարի յայտնի դէմքերէն:

Ան իր մահկանացուն կնքեց  6 մայիս 1912-ին, Պոլիս, 76 տարեկանին:

Իր որդին` Արմենակ Սագըզեան (1872-1944), ընտանիքին վարկին ու բարի համբաւին նախանձախնդիր, այդ համբաւը տարածեց առաւելաբար արուեստի բնագաւառին մէջ: Ուսմամբ` իրաւաբան, պետական պաշտօններու կողքին, ճանչցուեցաւ իբրեւ հմուտ արուեստաբան: Գրի առաւ հայ մանրանկարչութէեան, գեղանկարչութեան կամ այլ արուեստներու մասին արժէքաւոր ուսումնասիրութիւններ, որոնցմէ ոմանք լոյս տեսան Չօպանեանի փարիզեան «Անահիտ» հանդէսին էջերուն (օրինակ` «Հայերու գեղարուեստական գործունէութիւնը Իկոնիոյ եւ Կ. Պոլսոյ սուլթաններու օրով», 1933), ուրիշներ ալ մէկտեղուեցան իր «Pages d՛Art Arménien» ֆրանսերէն ժողովածուին մէջ (Փարիզ, 1940):

Մահացաւ ու թաղուեցաւ Պոլիս:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.