«Թուրքիան եւ 1990-ական Թուականներու Ղարաբաղեան Հակամարտութիւնը՝ Պատմական Բաղդատական վերլուծում մը» (Շար 2)


Փոխադարձաբար շահեկան յարաբերութիւններու հաստատման գլխաւոր արգելքներէն մէկը եղաւ պատմութիւնը։ Գլխաւոր հարցը Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական փաստի ժխտումն է։ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը վիժեցնելու ձգտող նախաձեռնութիւններէն մէկն էր 2001-ին հաստատուած Հայ-թրքական հաշտութեան յանձնախումբը։

1992-1994 տարիներու, թուրք ղեկավարները շարունակ յարձակողապաշտ յայտարարութիւններ կատարեցին՝ սպառնալով ներխուժել Հայաստան։

Ղարաբաղի մէջ հայկական զօրքերու արձանագրած յաջողութենէն ետք, հակամարտութեան զինուորական միջամտութիւն կատարելու ընտրանքը թրքական քաղաքական ու զինուորական շրջանակներու մէջ լայն քննարկումի արժանացաւ։ Բայցեւայնպէս, Մայիս 1992-ին Մոսկուայէն հնչեց սուր հակազդեցութիւն մը՝ ԱՊՀ-ի միացեալ ուժերու սպայակոյտի պետը զգուշացուց Թուրքիան, որ այդպիսի քայլ մը կրնայ ծագեցնել համաշխարհային պատերազմ մը։ Զինուորական միջամտութենէն հրաժարիլ ստիպուելէ ետք, Թուրքիա շարունակեց Ազրպէյճանի զինուորական ու տնտեսական աջակցութիւն տրամադրել։ Թուրքիոյ Ազրպէյճանի ցուցաբերած աջակցութեան նպատակը, ի միջի այլոց, թրքացեղ ժողովուրդներն ու համայնքները պաշտպանելու նկատմամբ իր յանձնառութիւնը ջատագովելն է։ Իբրեւ յաւելեալ փաստ՝ թրքական բանակն ու գաղտնի սպասարկութիւնը ընդհատակեայ գործողութիւններ ծաւալեցին Ազրպէյճանի մատակարարելու համար զէնքեր ու զինուորական մասնագէտներ։ Ըստ թրքական աղբիւրներու, Թուրքիայէն աւելի քան 350 բարձրաստիճան սպաներ եւ կամաւորներ Ազրպէյճանի կողքին մասնակցեցան կռիւներուն։ Արեւմուտքցի գրողներ հաղորդած են Թուրքիայէն մեծաքանակ զէնքերու առաքման մասին, որոնց շարքին նախկին Արեւելեան Գերմանիոյ մէջ արտադրուած սովետական զէնքեր։ 

Մինչ այդ՝ թուրք զօրավարներ թրքական եւ ազրպէյճանական սպայակոյտի միացեալ աշխատանքի ճամբով մասնակից էին ճակատամարտերու ծրագրաւորման մէջ։ Թէեւ Թուրքիոյ կարողականութեան լոյսին տակ ջնջին էր եւ ընդհատակեայ ճամբով կատարուած՝ թրքական զինուորական աջակցութեան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վրայ ունեցած ազդեցութիւնը պէտք չէ թերագնահատել։

Հայաստանի դէմ կարգ մը քայլեր բացայայտ կերպով ռազմատենչ ու յարձակողապաշտ էին։ Անոնց շարքին էին ուժի կիրարկման սպառնալիքները, ուժի ցուցադրութիւնը, Հայաստանի շրջափակումը, հայկական հողամասերու ուղղութեամբ կրակ բանալը եւայլն։

1991-1993 Կեդրոնական Ասիոյ հանրապետութիւնները իրերայաջորդ փորձեր կատարեցին ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ լուծում մը ջատագովելու։ Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ Պորիս Ելցինի հետ կազմակերպեց ռուսական Ժելեզնովոտսք քաղաքին մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպում մը։ 1992-ի ամրան, Նազարպայեւ միջնորդութեան նոր նախաձեռնութիւն մը կատարեց։ Բայցեւայնպէս, նախկին նախաձեռնութիւններուն նման այս մէկը եւս ձախողեցաւ խաղաղութեան համաձայնութիւն գոյացնել։

Զինուորական նախաձեռնութեանց կողքին, Թուրքիա միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ շատ աշխուժ դիւանագիտական նախաձեռնութիւններ եւ լոպիինկ կատարեց, ան ջատագովեց միջնորդութեան եւ հակամարտութեան ազրպէյճանամէտ լուծում մը։

Թուրքիոյ միջպետական մակարդակի նոր նախաձեռնութիւնը թրքական պետութիւններու (Ազրպէյճան, Ղազախստան, Խըրխըզիստան, Թիւրքմենիստան եւ Ուզպեքիստան) համար «Թրքական վեհաժողովներ»-ն էին, որոնց առաջինին ընթացքին Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը փորձեցին Կեդրոնական Ասիոյ թրքական հանրապետութիւններու ղեկավարները համոզել որդեգրելու Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ Հայաստանի քաղաքականութիւնը դատապարտող միացեալ յայտարարութիւն մը եւ խզելու Հայաստանի հետ տնտեսական յարաբերութիւնները։

Հակառակ ճնշումներուն, կեդրոնական ասիական պետութիւններու ղեկավարները չդիմեցին հակահայ քայլերու, մասամբ շնորհիւ ՀԱՊԿ-ի անոնց անդամակցութեան եւ մասամբ ընդհանուր գործնապաշտ մօտեցումի մը, որ զանոնք հեռու պահեց հազարաւոր մղոններ անդին պատահող հակամարտութենէն մը։ Այլ բաներու շարքին, անոնք մերժեցին ընդառաջել Հայաստանի դէմ ամպարկօ մը հաստաստատելու թուրք-ազրպէյճանական առաջարկին։ 

Ներթրքական տարակարծութեանց պատճառով, թրքախօս երկիրներու երկրորդ վեհաժողովը, որ նախատեսուած էր 1993-ին Պաքուի մէջ, տեղի ունեցաւ հոկտեմբեր 1997-ին Իսթանպուլի մէջ։ Վեհաժողովի աւարտի յայտարարութիւնը միայն նշեց, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը հարկ է լուծելՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի կողմէ որդեգրուած որոշումներու հիմամբ։ Հարկ է նշել, որ Ազրպէյճան չկարողացաւ Կեդրոնական Ասիոյ թրքախօս պետութիւններէն իր սպասած աջակցութիւնը ստանալ, որովհետեւ վերջիններս պատրաստակամ չէին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ հետ իրենց յարաբերութիւններուն վնասելու։ Կեդրոնական Ասիոյ թրքախօս երկիրներու քաղաքական ղեկավարները շատ ճկուն եւ գործնապաշտ կեցուածք մը որդեգրեցին հեռու մնալով «Համաթրքական միութիւն»-ի մը մեծապէս քաղաքականացուած ծրագիրէն։ Թուրքիոյ նախաձեռնութիւններուն ձախողութիւնը եկաւ նշելու Թուրքիոյ եւ նախկին խորհրդային թրքախօս հանրապետութիւններուն միջեւ յարաբերութեանց մէջ շրջդարձ մը՝ ճամբայ հարթելով քաղաքական ու տնտեսական յարաբերութիւններ հաստատելու աւելի իրապաշտ մօտեցումի մը առջեւ։

Թրքախօս հանրապետութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնները յաւելեալ արգելակուեցան Ազրպէյճանի մէջ նախագահ Հայտար Ալիեւի դէմ յեղաշրջումի մը թրքական մեղսակցութենէն ետք Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ լարուածութեանց պատճառով։ Ազրպէյճան եւ Թիւրքմենիստան եւս խզում մը ունեցան Կասպից ծովու քարիւղի շարք մը հանքերու սեփականութեան շուրջ տարակարծութեան պատճառով։

Հակառակ աշխարհիկ պետութիւն մը ըլլալուն՝ Թուրքիան մեծապէս մասնակից էր իսլամական պետութիւններու մէջ դիւանագիտական գործունէութեան, մասնաւորաբար Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան մէջ։ Հակահայ դաշինքի շարքերուն մէջ յաւելեալ իսլամական պետութիւններ ներառել փորձելով՝ Թուրքիան գործօն մասնակցութիւն բերաւ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան Հայաստանը դատապարտող յայտարարութեանց բանաձեւման մէջ։ Իսլամական պարունակին մէջ Ազրպէյճանի ի նպաստ լոպիինկի կատարման մէջ արձանագրուած մէկ այլ ձախողութիւն մըն է Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը, որուն անդամ են Իրանը, Թուրքիան, Փաքիստանը եւ Կեդրոնական Ասիոյ հանրապետութիւնները։

Ազրպէյճան եւ Թուրքիա ուղղակի կամ անուղղակի կերպով նպաստած էին ահաբեկչական միջազգային ցանցերու գործունէութեան ծաւալման, որովհետեւ չեչեններու եւ աֆղան մուժահիտիններու նման հազարաւոր իսլամական զինեալ խմբաւորումներ հրաւիրուեցան մասնակցելու Ղարաբաղի պատերազմին, որուն պատճառով նոր մագլցում մը ծայր առաւ, որուն իբրեւ հետեւանք հակամարտութիւնը միջազգային բնոյթ ստացաւ։

Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ Չեչենիայէն, Աֆղանիստանէն եւ Փաքիստանէն իսլամական արմատական զինեալ խմբաւորումներու զինուորագրումը, որուն նպատակը Անգարայի եւ Պաքուի արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան կիրարկման նպաստելն էր, ստեղծեց Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի մէջ ահաբեկչական գործունէութիւններու ձեռնարկելու վտանգաւոր նախադէպ մը։ Բազմաթիւ վարձկաններ միացան ահաբեկչական խմբաւորումներուն, եւ ի վերջոյ կառավարութիւնները, որոնք սկիզբը զինուորագրողներ էին վերածուեցան թիրախներու։ Աւելին, Միջազգային ահաբեկչական ցանցը, մասնաւորաբար Օսամա Պըն Լատենի Քայիտան երկու երկիրները օգտագործեց իբրեւ կամուրջ պատրաստելու եւ շղթայազերծելու համար Միացեալ Նահանգներն ու անոնց դեսպանատուներուն դէմ ահաբեկչական գործողութիւններ։

«Ազրպէյճանական կապ»-ը ի յայտ եկաւ Քենիոյ եւ Թանզանիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուներու ականահարման ժամանակ։ Ազրպէյճան ի յայտ եկաւ իբրեւ ահաբեկչական խմբաւորումներ եւ 11 Սեպտեմբերի յարձակումներու ծրագրման մեղսակից անձեր հիւրընկալող երկիր մը։

Ղարաբաղեան պատերազմի դասերը կու գան ընդգծելու հայերու ինքնորոշման քայլին նկատմամբ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը։ Աւելին, ղարաբաղեան հակամարտութեան նկատմամբ իր քաղաքականութեան մէջ Թուրքիան բազմաթիւ առիթներով ոտնահարեց իր միջազգային յանձնառութիւնները, որովհետեւ Ազրպէյճանի կողմնակից եղաւ եւ անոր զէնքեր, նիւթական օժանդակութիւն, եւ դիւանագիտական ուժեղ աջակցութիւն տրամադրեց։ Հայաստանի թուրք-ազրպէյճանական միացեալ շրջափակումը այս քաղաքականութեան շարունակութիւնն է։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.