Չիլիի Հայերը


100lives.com-ի վրայ տեղադրուած յօդուած մը՝ անդրադառնալով Չիլիի մէջ հայ համայնքին կը գրէ.

«Լատին Ամերիկեան շրջապտոյտ մը մեզ Անտեան լեռնաշղթային վրայէն կը տանի Չիլի, որ 19-րդ դարէն սկսեալ դարձաւ հաստատման վայրը բազմաթիւ օտար գաղթականներու, եւ հայերը այս առումով բացառութիւն մը չէին։

«1915-1923 Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործադրուած ցեղասպանութենէն փախուստ տալու ընթացքին բազմաթիւ հայեր բարձրացան նաւեր, որոնք զիրենք պիտի տանէին Ամերիկա՝ «խաղաղութեան երկիրը»։ Սակայն անոնցմէ շատեր չէին գիտեր, թէ նաւը Ամերիկեան ցամաքամասի ճիշդ որ երկիրը պիտի տանէր զիրենք։ Անոնք իրենք զիրենք գտան Արժանթինի, Ուրուկուէյի, Պրազիլի եւ Չիլիի մէջ։ 

Առաջին հայերը Չիլիի մէջ կը կարծուին հաստատուած ըլլալ Լլայ-Լլայ փոքր քաղաքին մէջ, որովհետեւ շատ մօտ էր Վալփարայիզօ նաւահանգիստին։ Ինչպէս ամէն մայրաքաղաք՝ Սանթիակոն քիչ առ քիչ զարգացաւ, եւ շատեր այդտեղ եւս հաստատուեցան։

«Հայերը այստեղ եկան հաստատուելու, եւ հայկական հռչակաւոր ոգին այս հողերուն վրայ աննշմար չմնաց, թէ՛ բանաստեղծ Փապլօ Ներուտան, թէ՛ նախկին նախագահ Սալվատոր Ալլենտէն հայկական կոնիակի մեծ համակիրներ էին։

«Հայ տուն»-ը

«Այս համայնքի հաստատման համար կարեւոր դեր ունեցած մէկ այլ անձնաւորութիւն մըն է Լորիս Պերկամալին՝ հայ գաղթական մը, որ Չիլի հասած է 1935-ին։ «Հայ տուն»-ը ունէր երգչախումբ մը, թատերական խաղեր եւ հայերէնի դասընթացքներ։ Հետագային, ան վերածուեցաւ ընկերային ակումբի մը, որուն ժառանգութիւնը տակաւին կենդանի կը մնայ։ Էմիլիա Ալմարզա Նազար եւ Ֆետերիքօ Ֆոլչ Գոյումճեան, համայնքի վարչութեան անդամները կ’ըսեն, թէ «Ներկայիս, «Հայ տուն»-ը բազմաթիւ գործունէութիւն ունի, ինչպէս հայկական պատարագի մատուցում, աթլեթիզմի եւ մշակութային աշխատանքներ, հայերէն լեզուի դասընթացքներ, հայկական շարականներու երգչախումբ մը ընկերակցութեամբ աւանդական նուագարաններու եւ արեւմտեան նուագարաններու, հայկական խոհանոցի դասընթացքներ եւ հայկական տօներու նշումներ»։

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ ԿԸ ՍՏԱՆՁՆԵՆ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

«Համայնքի հաստատմուէն անցած են բազմաթիւ տարիներ, սակայն մարտահրաւէրները կը յամենեան։ 2006-2008-ին համայնքի նախագահ, հանգստեան կոչուած փոխծովակալ Հեռնան Պերկամալի Գոյումճեան կը յայտնէ. «Պէտք է ապահովենք, որ երիտասարդները այստեղ լաւ ժամանակ անցնեն, այս միութիւնն ու հայկական ինքնութիւնը պահելը կարեւոր է։ Գաղտնիքը ընտրելն է լաւ ղեկավարներ՝ երիտասարդներ, որոնք պատրաստակամ են իրենց ժամանակը տրամադրել դատին»։ Եւ ճիշդ այս է, որ կը պատահի. Վարութիւն կազմուած է հայերու ժառանգորդներէ, որոնք աշխատանք կը տանին հայկական ոգին կենդանի պահելու։

«Համայնքի ներկայ նախագահը Կարօ Քոնսթանթինիտիս Լոթիքեանն է։ «Մեզի համար, հայ ըլլալ կը նշանակէ պատմութեան տարբեր հանգրուաններուն մեծապէս ազդեցիկ, սակայն 1915-էն ետք բնաջնջումի եզրին հասած հազարամեայ մշակոյթի մը «կենդանի վկայ» ըլլալ։ Թէեւ հայրենիքէն մղոններ հեռու կը գտնուինք, սակայն յաջողեցանք մեր ինքնութիւնն ու մշակութային ժառանգութիւնը կենդանի պահելով համարկուիլ մեզ ընդունած երկիրներուն հետ», կ’ըսէ ան։

Այս վերածնունդին նպաստող դէմքերէն է հայր Սիփան Գէորգեանը, որ երկու տարի առաջ Հայաստանէ եկած է Սանթիակօ եւ Չիլիի մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջին հոգեւոր հովիւն է։ Ան կիրակի օր հայկական պատարագ կը մատուցէ եւ «Հայ տուն»-ի մէջ հայերէն կը դասաւանդէ։

ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԱՆՔԸ ԻԲՐԵՒ ՄՇԱԿՈՅԹ

«Տեղւոյն համայնքը ունի իր ֆութպոլի խումբը, որ կը կոչուի «Տեփորթիւօ Արմենիօ», գնդակի թաւալումով կենդանի պահելով «հայկականութեան» ոգին։ Խումբը արդէն քանի մը տարիէ ի վեր կը մասնակցի աւանդական Նաւասարդեան խաղերուն։ «Այս բեմահարթակը մեզ համարկած է ընկերային ցանցին հետ, մեզի տալով առիթ մը գտնուելու ամբողջովին հայկական մթնոլորտի մէջ՝ իտէալ մթնոլորտ մը ստեղծելու կապեր եւ հաստատելու բարեկամութիւններ, որոնք հարատեւած են եւ հզօրացած», կ’ըսէ Նաչօ։ «Մենք բոլորս կը սիրենք սփիւռքին մէջ շփումներ հաստատել։ Ատիկա կ’արտօնէ աշխարհագրական պատուարները փլել եւ աւելի բազմազգեան զգալ։ Մեր նպատակն է շարունակել ամրապնդել մեր երիտասարդները եւ, որոշ պահու մը, կազմակերպելու տօնախմբութիւն մը, որ ի մի պիտի խմբէ շրջանի հայերը, որպէսզի գիտնան, թէ աշխարհի այս կողմը փոքրիկ Հայաստան մը գոյութիւն ունի»։

ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Թէեւ անոնց թիւը փոքր է, անոնք հոյակապ համայնք մըն են. բազմաթիւ ծրագիրներ ունին եւ օրական դրութեամբ անոնց վրայ կ’աշխատին։ Մօտ օրէն Չիլիի մէջ նոր թեմ պիտի հիմնուի եւ հայկական առաջին եկեղեցին պիտի կառուցուի։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.