State of Denial կամ Ուրացման ստուերին դէմ փայլող փարոսը


Հինգշաբթի 8 հոկտեմբերին, Մոնթրէալի ‘Segal Centre for Performing arts’ արուեստից կեդրոնին մէջ, սկիզբ կ’առնէ Ռահուլ Վարմայի հեղինակած ‘State of Denial’ թատրերկի ներկայացումներու շարքը, Teesri Duniya թատերախումբի կատարողութեամբ: Մինչեւ հոկտեմբերի 25-ը, տեղի պիտի ունենան 20 ներկայացումներ, ամէն օր երեկոյեան ժամը 8-ին (բացի ուրբաթ օրերէն) եւ ցերեկոյթներ՝ ամէն չորեքշաբթի եւ կիրակի օրերը՝ յետմիջօրէի ժամը 1-ին: Մանրամասնութիւնները կարելի է առնել հետեւեալ կայքէջէն՝

http://www.segalcentre.org/state-of-denial/

Վարմայի գործին երկրորդ արտադրութիւնն է այս, 2012 թուի անդրանիկ ներկայացումներէն ետք: Հայկական Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Գանատայի Մարմնի առաջարկով, Teesri Duniya թատերախումբը կրկի’ն անգամ բեմ կը բարձրանայ այս ուժեղ թատերախաղով:

‘State of Denial’-ի մէջ անցեալն ու ներկան անքակտելիօրէն միահիւսուած են իրար: Թատրերկի հերոսուհին, Օտէթ, որ Ռուանտա ծնած գանատացի ֆիլմի բեմադրիչ մըն է, կը ճամբորդէ Թուրքիա հետազօտելու հայկական ցեղասպանութեան եւ անոր հետեւանքով թաքնուած ինքնութեանց մասին լսած իր պատմութիւնները: Հոն կը հանդիպի ծերունազարդ կնոջ մը, Սահանային, որ իր կեանքը նուիրած է հայ վերապրողներու օգնութեան հասնելու գործին: Սահանա իր մահուան սնարին վրայ սահմռկեցուցիչ գաղտնիք մը կը խոստովանի Օտէթին, որ կը մերկացնէ ուրացման այ’ն իրավիճակը որու մէջ կ’ապրի ներկայի թուրք հասարակութիւնը: Այս գաղտնիքը ունենալով իբրեւ առանցք, թատրերկի հանգոյցները կը սկսին մէկ առ մէկ քակուիլ, ժամանակին մէջ ետ ու առաջ ուղեւորութիւններով:

‘State of Denial’-ը ցնցող թատերական կտոր մըն է, որ միեւնոյն ատեն կուռ հաստատում մըն է ընդդէմ ճշմարտութեան խեղաթիւրման: Ուրացման մեքենայութիւններու ստուերին դէմ փարոսի պէս կանգնած այս ներկայացումները արժէ ո’չ միայն տեսնել, այլեւ անոնց հրաւիրել ձեր օտար բարեկամներն ու ծանօթներն ալ: Իսկապէս որ տպաւորութիւնները պիտի մնան անջնջելի’:

Թատրերկի մասին դիտել հոս՝

https://vimeo.com/140615119


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.