Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ռազմական նախարար Ռուբէնի յօդուածը Ատրպէյճանի մասին


Ատրպէյճան դեռ եւս չունի ոչ ազգային հօմօժէնութիւն, ոչ գիտակցութիւն, ոչ ալ աւանդութիւն: Ան դեռ եւս կրօնական համայնք մըն է` բնազդով հակուած դէպի ուժեղը: 

Այսօր «Ատրպէյճանցի ազգ» ասութիւնը դատարկ խօսք է քօղարկելու թրքական ձգտումները: «Ատրպէյճան երկիր» անունը պատրուակ է ծածկելու արեւելեան թուրքիա կազմելու ձգտումը:

Ստորեւ ներկայացուած յօդուածը հրատարակուած է 88 տարի առաջ, Պոսթընի «Հայրենիք» ամսագրի 1927, Յունիս թիւին մէջ: Հեղինակը Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ռազմական նախարար, ՀՅԴ գործիչ Ռուբէն Տէր Մինասեանը: Յօդուածին մէջ հեղինակը պատմավերլուծողական ձեւով կը ներկայացնէ Ատրպէյճանն ու անոր ժողովուրդը:

Ատրպէյճանը նոր երկիր մըն է, հազիւ տասնեակ տարին բոլորած: Նման երկիր եւ ժողովուրդ` «ատրպէյճանցի» անունով, բնաւ գոյութիւն չէ ունեցած պատմութեան ընթացքին: Եղած է եւ կայ պարսից Ատրպատական, որուն անունը սեփականացուցած են Ուտիք եւ Աղուանից երկիրներու այժմեան բնակիչները: Պատահականութիւն պէտք չէ նկատել, որ հին Ուտեաց եւ Աղուանից երկիրները, որ կ՚ընդգրկէին ներկայ Պաքուի նահանգը եւ Գանձակի դաշտային մասերը, այսօր կը կոչուին Ատրպէյճան: Աս թիւրամացութեան, տգիտութեան հետեւանք չէ, այլ մտածուած, ձեւուած քաղաքական որոշ ձգտումներու: Ատրպէյճան խօսքը ըստ էութեան անուն չէ միայն, այլ բնորոշումը քաղաքական ծրագրի մը: Ատրպէյճան ըսելով պէտք է հասկնալ, որ պիտի չըլլան երկու Ատրպէյճաններ` պարսկական եւ ռուսական, եւ որ եթէ այսօր պատահաբար կեդրոնը Բագուն է, վաղը պիտի ըլլայ բուն հայրենիքի մէջ` Թաւրիզը: Ատրպէյճանցի ըսելով պէտք է հասկնալ, որ մենք այլեւս միայն իսլամ, շիա չենք եւ ոչ ալ պարսիկ, տարբեր ենք բոլորէն եւ միայն նման ենք թուրքին, որ մենք թուրք ենք եւ կը ստեղծենք նոր թուրքիա մը` Թուրքիոյ կողքին: Դեռ եւս ատրպէյճանեան մտքի մէջ բիւրեղացած չէ այն գաղափարը, թէ իրօք իրենք ինչացո՞ւ են, «ատրպէյճանցի» թէ «ատրպէյճանցի թո՞ւրք»: Արդեօ՞ք իրենց հեռանկարն է ըստեղծել «միացեալ Ատրպէյճան» միայն, թէ «Արեւելեան Թուրքիա», իբր մաս Թուրքիոյ: Ահա այս երկընտրանքի, տատանման մէջ են ներկայ ատրպէյճանեան միտքը: Եթէ մուսավաթ, իթիսթ ուղղութիւնները կը տանին ատրպէյճանեան միտքը դէպի միացեալ Թուրքիոյ գաղափարը, բայց եւ կան մասնակի հոսանքներ, որ իրենք զիրենք կը զգան ատրպէյճանցի միայն, կովկասցի միայն, եւ իբր այդպիսին կը ձգտին իրենց ազգային վերազարթնման: Միտքերու այս շփոթը եւ երբեմն հակամարտութիւնները ունին իրենց պատճառները, որ եթէ մէկ կողմէ կը թելադրուի տակտիկական տուեալներէ, միւս կողմէ ալ կը բղխի ատրպէյճանցի ժողովրդի էթնօգրաֆիէն, հէտէրօժէն կազմուածքէն եւ անոր կուլտուրական, հոգեկան տարբեր տուեալներէն: Այս խնդրին պիտի անդրադառնանք. բայց այստեղ այսքանը ըսենք, որ այսպէս թէ այնպէս Հայաստանէն հիւսիս արեւելք կը կազմակերպուի ժողովուրդ մը, որ նպատակ ունի միացեալ Ատրպէյճան ստեղծելու եւ ինքզինք կը համարէ մեծ մասով «ատրպէյճանցի թուրք», իսկ փոքր մասն ալ «ատրպէյճանցի»:«Ատրպէյճան» կոչման մասին այս ծանօթութիւնը տալէ յետոյ, տեսնենք թէ ո’ւր կը գտնուի այս երկիրը: Մեծ եւ փոքր Կովկասի արեւելեան երկու ծայրերուն միջեւ, այսինքն` Դաղստանի եւ Ղարաբաղի միջեւ կը տարածուի ընդարձակ հարթավայր մը, մօտ 60.000 քառ. քիլօմէթր: Այս հարթավայրի մէջէն կը հոսի Կուր գետը եւ Արաքսի հետ միանալով կ՚երթայ կը թափի Կասպից ծովը: Կուրի երկու ափունքը սահման ունենալով հարաւէն Արաքսը, հիւսիսէն Կովկասեան շղթան եւ արեւելքէն Կասպից ծովը` կը կոչուի այսօր` Ատրպէյճան: Այս տարածութեան վրայ երբեմն կ՚ապրէին երկու ժողովուրդներ, Կուրի ձախ ափին Ուտիք, իսկ աջ ափին գլխաւորապէս Աղուանք. այս երկու ազգերու անունով ալ կը ճանաչուէր այս երկիրը հին աշխարհին մէջ իբր երկու պետութիւն, իբր երկու ժողովուրդ: Այդպէս էր մինչեւ 10-11-րդ դարերը: Այս երկու երկիրներն ալ իրենց ժողովուրդներով առաջները մեծապէս ազդուեր են հայ քաղաքակրթութենէն, դպրութենէն. անոնք եղեր են կամ հայոց իշխանութեան ներքեւ, կամ անոր վասալը, կամ անոր դաշնակիցը: Գոնէ այս կ՚ապացուցանեն մեր հին պատմագիրները: Կասկածելու տեղիք չկայ պատմական այդ տուեալներու վրայ, որովհետեւ դեռ երէկ էր, որ գոյութիւն ունէր Աղուանից հայոց Լուսաորչական եպիսկոպոսութիւնը` կեդրոն ունենալով Ղարաբաղը, թէեւ աղուան ժողովուրդ չկայ այլեւս: Իսկ այսօր մազապուրծ ազատած Ուտիացիք, որ ծուարած են Կովկասի փէշերուն տակ Նիժի մէջ, Վարդաշէնի մէջ եւ այլուր, կը զգան թէ որքան Ուտիք են, նոյնքան ալ հայ են, Հայաստանցի, եւ ոչ ոք այնքան լաւ հայ չէ, որքան Կուկունեան մը, զօր. Սիլիկեան մը, որոնք ծագումով Ուտիք, բայց ազգութեամբ հայ եւ Հայաստանցի են: Աւանդութիւններու, հոգեբանութեան, զբաղմունքներու նոյնութիւնը կ՚ապացուցանէ մեր նախորդներու ազդեցութեան եւ ուժի չափը, ինչպէս նաեւ քաղաքական ուղղութիւնը, որուն փշրանքներէն մենք պէտք է օգտուինք: Անցեալ պատմութեան վերյիշումը արժէքաւոր չէ, եթէ ան նպատակ ունի միայն վերյիշել հետաքրքրութեան բաւարարելու համար. այդ պէտք է թողուլ պատմագիրներուն, հնագէտներուն: Պատմութիւնը արժէքաւոր է գիտնալը կառուցանելու համար ներկայ եւ ապագայ կեանքը: Եթէ պատմութիւնը մեզմով չի սկսիր եւ ոչ ալ մեզմով պիտի վերջանայ, եւ եթէ մեր կեանքը տրամաբանական շարունակութիւնն է անցեալին, ապա մեր եւ հին Ատրպէյճանի (Աղուանից եւ Ուտեաց) պատմութենէն անխուսափելիօրէն պիտի եզրակացնենք. ա- Որ թէեւ հայերը աւելի հզօր են եղած քան փոքրիկ Ուտեաց եւ Աղուանից ժողովուրդները, եւ իրենց զիրենք կը կոչէին «հանուրց հիւսիսականաց վեհագոյն», բայց թէ այդ հզօր ժողովուրդը բնաւ չէ ձգտած իր գաւառները դարձնելու Աղուանքը եւ Ուտիքը. բ- Որ Աղուանք եւ Ուտիք նկատուեր են մեր նախորդներու կողմէ իբր անհրաժեշտ պայման իրենց երկրի ապահովութեան ու կենսունակութեան համար, եւ չեն զլացած իրենց այրուձիով հասնիլ մինչեւ Ճորա պահակ, պաշտպանելու համար ինչպէս Աղուանքն ու Ուտիք, նոյնպէս Հայաստանը` քուշանաց, հոներու, սկիֆներու եւ այլոց արշաւանքներէն. գ- Որ հայերը, Ուտիք եւ Աղուանները, գիտակցաբար թէ հարկադրուած, գտեր են համակեցութեան այնպիսի անհրաժեշտ պայմաններ, որ բնաւ իրարու դէմ չեն եղած եւ, ընդհակառակը, դժուարին պարագաներու մէջ եղեր են միշտ իրարու կողքին: Այս երեք ժողովուրդներու համակեցութիւնը այնքան է սերտ եղած, որ դժուար էր տարբերել հայը աղուանէն, ինչպէս այսօր դժուար է ջոկել ուտիքը հայէն: Եթէ հին պատմութիւնը քրքրելու ըլլանք, ուզենք չուզենք այս երեք հիմնական գծերը պիտի նշմարենք մեր եւ մեր հիւսիսի ժողովուրդներու փոխյարաբերութեանց մէջ: Թէ որ հին պատմութիւնը մեզ այդ դասը կու տայ, հարց առաջ կու գայ` ինչո՞ւ այդպէս էր երէկ եւ ինչո՞ւ այդպէս չէ այսօր: Նոր Աղուանից եւ նոր Ուտեաց աշխարհներու հետ, որ միասին կը կազմեն Ատրպէյճանը, բարեացակամ յարաբերութիւն իսկ գոյութիւն չունի այսօր: Գուցէ նոր հայերս անարժան ժառանգներն ենք մեր նախնիքներու, կարճատես ու խռովարար ենք. գուցէ ընդհակառակը Աղուանից եւ Ուտեաց նոր բնակիչները` ատրպէյճանցիք ագահ են, կարճատես ու խռովարար: Գուցէ երկու կողմերն ալ ունին իրենց թերութիւնները, բայց անցեալի ներդաշնակութիւնը եւ ներկայի արիւնալի պայքարը հետեւանք են նոր տուեալներու, հակամարտ շահերու եւ ձգտումներու: Որպէսզի լաւ ըմբռնենք ներկայի եւ անցեալի հակասութիւնը, պէտք է պարզել բուն պատճառները այդ ներդաշնակ կենակցութեան հին հայերու, աղուաններու եւ ուտեաց միջեւ: Պատմագիրները որոշակի չեն յայտներ մեզ այդ պատճառները, բայց անոնց ըսածներէն դժուար չէ եզրակացնել, որ այդ բնական դաշնակցութիւնը կը թելադրուէր երկու հիմնական դրդապատճառներէ, առաջին` քաղաքական եւ երկրորդ` տնտեսական: Աղուանք եւ Ուտիք, փոքրիկ ժողովուրդներ ըլլալով, չէին ձգտեր հարուածելու Հայաստանը հիւսիսէն, չէին բաղձար տիրապետելուհայոց երկիրներուն: Անոնց երկիրները հարուստ էին եւ ընդաձակ այդ փոքրիկ ժողովուրդներուն համար: Անոնք պաշտպանուած էին հիւսիսէն կովկասեան լեռներով եւ եթէ հարաւէն, Փոքր Կովկասի հայոց Արցախի եւ Սիւնեաց երկիրներէն վտանգ չսպառնար անոնց, անոնք կ՚ապրէին ինքնաբաւ եւ երջանիկ` Կուրի հովիտին մէջ: Աղուանք եւ Ուտիք, ուզէին թէ չուզէին, հաշուի առնելով իրենց ուժն ու շահերը, պիտի ջանային ապահովել Հայաստանի դաշնակցութիւնը, պայմանով որ Հայաստան ազատ թողուր զիրենք եւ պաշտպան կանգնէր այդ ազատութեան: Հայաստան ալ, միւս կողմէն, օգուտ ունէր ատոնց ազատութենէն, անոնց գոյութիւնը կը վերացնէր մեծ չափով այն վտանգները, որ կրնային գալ կովկասեան շղթայի հիւսիսի ժողովուրդներէն: Աղուանք եւ Ուտիք մեր առաջապահները, բուֆէռներն էին հիւսիսի դէմ:  Անխելք պիտի ըլլային մեր նախնիքը, եթէ չյարգէին Աղուանից եւ Ուտեաց ազատութիւնը, այս պատճառով ալ մեր զինուորականները, գիտնականները կամ կրօնաւորներն իրենց արիւնն ու եռանդը չեն զլացած հին Ատրպէյճանի ազատութեան պաշտպանութեան համար: Կար նաեւ տնտեսականը: Մեր պատմագիրները կը յիշատակեն, թէ հին Ատրպէյճանը ձմեռանոց էր Արշակունեաց համար, եւ Հայաստանն ալ ամառանոց էր եւ է մինչեւ այժմ Աղուանից համար: Երբ երկու տարբեր երկիրներ, որոնց տնտեսականի հիմքը կը կազմեն խաշնարածութիւնն ու երկրագործութիւնը, իրարու կը ծառայեն իբր ձմեռանոց ու ամառանոց, բնականօրէն այդ երկիրներէն մին կամ պիտի ձուլուի միւսին մէջ եւ կամ երկուքը միասին դաշնակցելով պիտի ապրին ու կենակցին` ինչպէս լիքէն ու սունկը մամուռի մէջ: Հայերն ու Աղուանք, դաշնակցելով, կ՚ապրէին իրարու հետ, մին լեռներու մէջ, միւսը դաշտերու մէջ: Ահա այս պատճառներով էր, որ Հայաստան եւ այս երկու ժողովուրդները երկար դարեր ներդաշնակ կ՚ապրէին: Հայաստան, առանց հասնելու մեծ Կովկասի շղթային, Աղուանից եւ Ուտեաց ժողովուրդներու միջոցով փաստօրէն յենուած էր կովկասեան շղթային: Եւ մասամբ այս պատճառով է, որ մեր փոքր ժողովուրդը, ինքզինքը ապահով զգալով հիւսիսէն, կը կարողանար դիմադրել պարսից, հռոմէացւոց, արաբաց եւ բիւզանդացւոց: Հայաստանը ողնաշար ունէր փոքրիկ Կովկասը (Ղարաբաղ) եւ կռնակ ունէր Աղուանք եւ Ուտիք: Ասոնք Հայաստանի հզօրութեան ազդակներն էին: Միջին դարուն յաջորդական կերպով արշաւանքներ տեղի ունեցան Միջին Ասիայէն դէպի արեւմուտք. մոնղոլեան թուրք թաթար ցեղեր խուժեցին ամէն կողմ աւեր ու կործանում սփռելով: Պարսկաստանը ողողուեցաւ այդ հորդաներով, որոնց մէկ հոսանքը մտաւ Կուրի հովիտը: Պարսկաստանի իշխանաւորները յաճախ կ՚ուժեղացնէին այս հորդաները, որպէսզի մէկ կողմէ ազատեն բուն Պարսկաստանը` այս բարբարոսները դէպի ծայրագաւառները քշելով, եւ միւս կողմէ, հակակշռեն հայկական, վրացական ու կովկասեան լեռնականներու ուժերը, որոնցմէ ժամանակին կ՚անհանգստանային պարսիկները: Այս նպատակով` Ղազախի, Բորչալուի եւ շատ վայրերու թաթար ցեղերը, Ղարափափախները եւն. փոխադրուեցան Հայոց եւ Աղուանից երկիրները: Այս աւերածութեանց եւ գաղթերուն չդիմացան Աղուանիք եւ Ուտիք. հայերը վնասուեցան, բայց քաշուեցան իրենց լեռները եւ պահպանեցին իրենց ինքնութիւնը: Աղուանից եւ Ուտեաց երկիրները վերացան. ստեղծուեցան Բագու եւ Շիրվան, Շաքի եւ Գեանջա պարսից խանութիւնները: Այլեւս չկային Աղուանք եւ Ուտիք, ոչ միայն ոչնչացան իբր պետութիւն, այլ նաեւ իբր ինքնուրոյն ժողովուրդներ: Աղուանք եւ Ուտիք կամ սպանուած էին, կամ մահմետականութիւնը ընդունելով ձուլուած եկուորներու եւ մասամբ ալ տեղացիներու մէջ: Այսօր Աղուան եւ Ուտի իբր ազգային անհատ գոյութիւն չունի, բայց կը շարունակէ ապրիլ թաթար, թաթ, թալիշ եւ այլ ժողովուրդներու, գուցէ նաեւ ղարաբաղցի, գանձակեցի հայերու մէջ` իբր արիւն, իբր բնաւորութիւն: Եթէ հնար ըլլար բնորոշել ազգերը իրենց արեան որակով, միս ու ոսկորով, պիտի չսխալուէի ըսելու, թէ այսօրուան Կուրի աջ ափը ինկած թաթարներու կէսը կամ աւելին աղուան է քան թուրք կամ թաթար: Բայց իրականութիւնը այն է, որ ինչպէս Ղարաբաղի մէջ այսօր կան Մելիք-Ասլանովներ, Մելիք-Եկանովներ` թուրք, եւ անոնց հարազատ ճիւղը Մելիք-Ասլանովներ, Մելիք-Եկանովներ` հայ, եւ որ այսօրուան գիտակցութեամբ մին հայ է եւ միւսը թիւրք, այդպէս ալ ձուլուած աղուանները կը համարուին այսօր թաթար, թուրք կամ աւելի շուտ «իսլամ»: Քանի պարսից տիրապետութիւն էր հաստատուած Աղուանի եւ Ուտիքի վրայ, չկար դեռ եւս ազգային գիտակցութիւն: Թէ’ մահմետականութիւն ընդունած բնիկները, թէ’ եկուոր մոնգոլական ցեղերը ինքզինքնին կը համարէին իսլամ, շիա, Իրանի մէկ մասը` ենթարկուած պարսկական կուլտուրային եւ ազդեցութեան: 1827-էն եկան ռուսները: Այս անկերպարան ժողովուրդը, որ մինչ այդ իբր զէնք կը ծառայէր պարսից ձեռքը, դարձաւ զէնք Ռուսաստանի ձեռքը, հակակշռելու ազգային գիտակցութիւն ունեցող բնիկ ժողովուրդներուն` հայերուն, վրացիներուն եւ լեռնականներուն:` Այս նոր խմորուող ժողովուրդը ոչ հին Աղուանն էր, որ Ուտին, ոչ Իրանի պարսիկը, ոչ ալ թուրք կամ թաթար: Անգոյն տարր մըն էր, նոյնիսկ իր «իսլամ» անունը խոր իմաստ մը չունէր, անոնց մէջ տակաւին չկար Շամիլներու կրօնական ուժը, որով բազմանալու Տաղըստանը ամենէն նպաստաւոր տարրը կը համարուէր ռուս աշխարհակալութեան աչքին Անդրկովկասի մէջ: Ռուս աշխարհակալութիւնը օգտագործեց այս տարրը ազատատենչ ազգերու երակները հանգցնելու համար, եւ իբր վճար այդ ծառայութեան` Ատրպէյճանի այս զանգուածը դրաւ հողային ու տնտեսական ամենանպաստաւոր կացութեան մէջ: Ցիցիանովներու, Գալիցիներու, Վօրոնցովներու եւ ներկայ կոմունիստներու վարքագծին մէջ մեծ բաժին ունի այս պարագան: Եւ կացութիւնը փոխուած էր Հայաստանի Հիւսիսային կողմը, նոր դրութիւն էր ստեղծուած մեր թիկունքին: Աղուաններուն ու Ուտեաց յաջորդող զանգուածները այլեւս չունէին իրենց ազգային ձգտումը` հասնելու իրենց ազատութեան. այդ զանգուածը կը ձգտէր յենուիլ կամ պարսից կամ ռուսաց ուժին վրայ` ոչ թէ իր անկախութիւնը ձեռք բերելու, այլ հայոց, վրաց եւ լեռնականներու ազատագրութեանց հակազդելու, եւ ունէր մէկ բնազդ` ընչաքաղցութիւն, ուրիշի հաշուին ապրելու ձգտում: Եւ այս զանգուածը դարձաւ ոչ միայն հին Աղուանից, Ուտեաց, այլ ամբողջ արեւելեան Հայաստանի կալուածատէրը, բէկը, աղան, խանը. ան նստաւ դաշտի վրայ առանց կարենալ օգտագործելու եւ ձեռքը դրաւ հայկական լեռներու վրայ իբր սեփականութիւն: Աղուանք ու Ուտիք, հրաժարելով իրենց ազգութիւններէն եկուորներու առջեւ, ապրեցան իբր իսլամ. հայերն ալ հարկադրուեցան հրաժարիլ իրենց լեռներէն, գիւղերէն, դաշտերէն, արտերէն եւ արօտներէն` չմեռնելու համար: Հայը մնաց հայ, բայց անհող, եւ դարձաւ մշակ եկուոր տարրերուն: Այս դրութիւնները ոչ քաղաքական եւ ոչ ալ տնտեսական տեսակէտներէ չէին նոյնանար եւ հետեւաբար հայերու ու նոր հարեւաններու ճամբաները տարբեր պիտի ըլլային, իրարու թշնամի կամ «բարեկամ», եթէ երբեք բարեկամութիւն հնարաւոր է ստրուկի եւ տիրոջ միջեւ: Ահա գլխաւոր գծերով այն հիմնական պատճառը, որ Աղուանից եւ Ուտեաց տներու անկումէն ետք յենարան ու բարեկամ չենք ունեցած մեր հիւսիսի կողմէն: Քիչ մը տարբեր է ներկայ վիճակը. Ռուսաստանի փլուզումէն, յեղափոխութենէն յետոյ նոր դրութիւն է ստեղծուած մեր հիւսիսի կողմը: Յարութիւն չեն առած Աղուանք եւ Ուտիք, բայց ստեղծուած է նոր ազգութիւն մը` Ատրպէյճան անունով: Արդէն ըսի, որ նման ազգ եւ ժողովուրդ չկայ. եւ եթէ այսօր կայ` շնորհիւ բուռ մը թուրք մտաւորականներու է ստեղծուած: Ներկայ Ատրպէյճանի մէջ կան իսլամներ շիա եւ սիւննի աղանդներով, եւ անոնց ազգային գիտակցութիւնը կը սահմանափակուի կրօնական այդ շրջագծին մէջ: Այս իսլամ զանգուածը կազմուած է հետեւեալ կերպով.- Լէնքօրան շրջանի մէջ թալիշներ, Բագուի շուրջը մինչեւ Ղուբայի մօտերը թաթեր. Ղուբայի եւ Շէմախի մէկ մասը կիւրինցիք, դարտենցիք, խինալուկներ, ջէկեր, կռիզներ, գաբիդուլներ եւն. Նուխիի եւ Զաքաթալայի շրջանները աւառներ, ուտեցիք, ինգիլօյցիք. Գանձակի դաշտային մասերուն մէջ Աղուան իսլամներ, իսկ լեռնային Գանձակի, Ղարաբաղի, Բազար Գէչարի, քիւրդ կռայի իսլամներն կամ քրդեր են կամ մահմետական հայեր. կան նաեւ մոնգոլներ, թուրքեր, թաթարներ, որոնք եղած են իսկական ուժը` միւսները հպատակեցնող եւ իսլամացնող: Իսկ շաղախը, որ միացած էր իսլամ անուան տակ, կրթութեան եւ ազգային շարժումներու ազդեցութեանց տակ սկսեր էր անգոյն վիճակէ դուրս գալ եւ կարիքը զգալ իր ազգային բնութագիծը ունենալու: Պարսիկները քնացած մնացին, զբաղուած իրենց «շախսէ վախսէ»ով, զարկ չտուին ազգային ինքնագիտակցութեան, անոնք հեռու մղեցին թալիշն ու թաթը, որ իրենց հարազատ ցեղակիցներն են: Լեռնականները դեռ եւս ազգային գիտակցութիւն չունին, ինգէլօյցին, աւառը, կռիզը, կիւրինցին, դարտէնցին եւ միւսները ունին իրենց սեփական լեզուները, բայց թիւրիմացաբար ինքզինքին մօտ կը զգան իսլամ եղբայրներուն: Հայերը չափազանց շատ սահմանափակուեցան Առաքելական եկեղեցւոյ պատերուն մէջ, նոյնիսկ Դաշնակցութիւնը չազատագրուեցաւ դաւանական կաշկանդումներէ, հարկ եղած չափով չաշխատեցաւ քանդելու դաւանական կաշկանդումները, ինչպէս քանդեցինք կաթոլիկ, լուսաւորչական եւ բողոքական անջրպետները: Եթէ այս վերջին տասնեակ տարիներուն ճանչնայինք մահմետական հայ բազմութիւնները, գուցէ ունենայինք այնքան յենարան Ատրպէյճանի մէջ, որքան վրացիք ունին Աջարիստանի եւ Լազիստանի մէջ: Այս անտէրութեան մէջ, ի պատիւ թուրքերու պէտք է ըսել, որ անոնք ժրաջան աշխատանք կատարեցին. նախ Ատրպէյճանի իսլամին ներշնչեցին, թէ ինք թաթար է, յետոյ ըսին թէ ատրպէյճանցի է, այժմ ալ կը հասունցնեն թէ ատրպէյճանցի թուրք է, վաղն ալ պիտի կրճատեն ատրպէյճանցին ու պիտի թողուն թուրքն ու թուրքիան: Մեր հարեւաններու այս կերպարանաւորումը հետաքրքրական է, որովհետեւ ատկէ է կախուած եւ ատով զուգահեռ կ’ընթանայ մեր հիւսիսի դրացիին քաղաքական օրիենտացիան:
Ո՞րն է ուղին մեր ներկայ հարեւան Ատրպէյճանի եւ ինչո՞ւ կը ձգտի ան: Ասիկա որոշելու համար նախ պէտք է աչքի առջեւ ունենալ հիմնական երեւոյթ մը: Բոլոր դեռ չկազմակերպուած, անպատմութիւն ազգերը, որոնց անհատականութիւնը լաւ չէ շեշտուած, կ’որոնեն ու կը գտնեն ուժեղ յենարան մը եւ կը դառնան անոր հաւատարիմ գործիքը: Անոնք միշտ ալ կ’ըլլան ուժեղի կողմը, յաճախ իրենց սեփական շահերն իսկ զոհելով: Այսպէս է եղեր Ատրպէյճանի ժողովուրդը պարսից տիրապետութեան ժամանակ, այսպէս էր նաեւ ռուսաց ցարերու ժամանակ: Երբ ռուսական ուժը սկսաւ նուազիլ եւ Տաճկաստանի աստղը սկսաւ փայլիլ, ան հակուեցաւ թուրքին կողմը եւ 1917-էն ասդին դարձաւ անոր առաջապահն ու գործակիցը: Ապացուցանելու համար իր հաւատարմութիւնը եւ նոյնիսկ նույնութիւնը թուրքին հետ` ան չվարանեցաւ հարուածելու հայերն եւ ջարդելու ռուսները, Շամխոր, Գանձակ, Ջիբրայիլ եւ ամենուրեք, ուր իր ձեռքը կը հասնէր: Շատեր այդ ոճրապարտ քայլերը կը բացատրեն ազգային գիտակցութեան զարթօնքով, կամ ատելութեամբ ռուս տիրապետութեան դէմ, կամ իբր ատրպէյճանցի անկախութեան ձգտումի հետեւանք: Այս բացատրութիւնները մասամբ ճիշդ են մասնակի խմբակցութեանց եւ անձերու վերաբերմամբ. բայց զանգուածօրէն այդ արիւնահեղութիւնները հետեւանք էին ուժեղ Թուրքիային ծառայելու դիտումին: Ատրպէյճանցին այժմ ալ բնազդօրէն կը փորձէր ըլլալ թուրքին հետ, փչել անոր զուռնան, առանց հետաքրքրուելու թէ այդ քայլէն ինք անձնապէս ի’նչ պիտի շահէր: Այս ի’նչը հասկնալի էր լոկ մտաւորականներուն` Սուլթանովներուն, որոնք Ատրպէյճանը կ’ուզէին վերածել թրքական վիլայէթի. իսկ զանգուածը ըստ էութեան կը շարունակէր մնալ նախկին հողի վրայ, այսինքն` օգնել ուժեղին, խփել ինկածին: Ատրպէյճանի զանգուածին վերագրել, թէ ան կ’ուզէ իր սեփական անկախութիւնը ունենալ, սխալ պիտի ըլլար: Ատրպէյճան դեռ եւս չունի ոչ ազգային հօմօժէնութիւն, ոչ գիտակցութիւն, ոչ ալ աւանդութիւն: Ան դեռ եւս կրօնական համայնք մըն է` բնազդով հակուած դէպի ուժեղը: Եւ այս պարագան պարարտ հող կը ներկայացնէ, որ թուրք ու թաթար մտաւորականները իրենց ետեւէն քարշ տան զանգուածները դէպի պանթուրանիզմ, դէպի իսլամ թուրքիա, դէպի ուժեղ թուրքիա: Եւ թուրքիա ուժեղ կ’երեւայ ատրպէյճանեան զանգուածին աչքին այն բարբարոսութիւններով, զորս գործադրած է հայոց եւ այլ ժողովուրդներու վրայ, եւ այն երեւոյթական արհամարհանքով, զոր թուրքերը ցոյց կու տան ամբողջ աշխարհի հանդէպ: Այս անձեւ զանգուածին աչքին թուրքիան դարձած է մարմնացումը ուժի, բռնութեան. եւ ըլլալով անոր կրօնակիցը, անոր լեզուակիցը` ատրպէյճանցին դարձած է թուրքին կողմնակիցը, անոր գործիքը: Այս հանգամանքով ալ կ’որոշուի այժմ այս զանգուածին ուղղութիւնը կամ նպատակը: Մէկ խօսքով` ատրպէյճանցիին այսօրուան նշանաբանն է` ըլլալ թուրքին հետ, նոյնանալ թուրքին հետ, ծառայել անոր` ստեղծելու մեծ թուրքիա առաջաւոր եւ միջին Ասիոյ շրջաններուն մէջ: Այսօր «Ատրպէյճանցի ազգ» ասութիւնը դատարկ խօսք է քօղարկելու թրքական ձգտումները: «Ատրպէյճան երկիր» անունը պատրուակ է ծածկելու արեւելեան թուրքիա կազմելու ձգտումը: Այս երկրի նպատակը չէ Ռուսիան հեռացնել` իր եւ Անդրկովկասի անկախութիւնը ձեռք բերելու համար, այլ Ռուսիան հեռացնել` իր եւ անդրկովկասեան ժողովուրդներու ազատութեան տենչերը թաղելու եւ թուրքիան հաստատելու մինչեւ մեծ Կովկաս: Անոր նպատակը չէ իր բնագաւառի տնտեսութիւնը, քաղաքակրթութիւնը բարձրացնել, այլ եղածն ալ ոչնչացնել եւ ետ երթալ: Անոր նպատակը չէ տեղական ժողովուրդներու հետ համակենակցութիւն, ներդաշնակութիւն ստեղծել, որովհետեւ այդ պարագային պիտի չկրնար ծառայել պանթուրանիզմին, որու առաջին եւ վերջին նպատակն է բնաջնջումը իր առաջ գտնուող ինքնագիտակից ժողովուրդներու: Այսօր դժբախտաբար մեր հիւսիսի կողմը, մեր մէջքին վրայ այս ցաւը, այս պալարն է գոյացած մեր միս ու արիւնէն: Մենք պարտաւոր ենք մեր աչքերը փակ չպահել եւ հաշուի առնել ստեղծուած նոր դրութիւնը, պարտաւոր ենք գիտակցիլ իմաստին դեռ 1904-1905 թուականներուն Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ էտէօլօգ Աղայեւի հետեւեալ խօսքերուն. «Հայերդ շատ առաջ մի’ վազէք, դուք պիտի զուգահեռ կամ ետեւէն պիտի գնաք Ատրպէյճանի զանգուածներուն, հակառակ պարագային մենք պիտի դառնանք ջաղացի քար մը ձեր վզին կախուած, պիտի խորասուզուիք եթէ չենթարկուիք»: Աղայեւի այս միտքերը անիմաստ խրատներ չեն, անտեղի սպառնալիքներ չեն. Ատրպէյճանի գորշ զանգուածը այսօր խոչընդոտ է Հայաստանի առաջադիմութեան, պատճառ է մեր անկախութեան, ազատութեան անկման. ան պատճառ եղաւ եւ է մեր երկրի թուլացման եւ մեր ժողովրդի քայքայման: Իրօք որ ան ջաղացքի քար է Հայաստանի եւ Անդրկովկասի վզէն կախուած: Ատրպէյճանի այս բացասական արժէքը հասկցած են թուրքերն ու ռուսները, եւ ըստ այնմ կը գործածեն զայն Անդրկովկասի ու Պարսկաստանի դէմ: Վերը ըսուածներէն պէտք է եզրակացնել, թէ մեր հիւսիսի կողմը ստեղծուած է ժողովրդական զանգուած մը, որ իր քաղաքական օրիենտացիայով բոլորովին տարբեր է Աղուանից եւ Ուտեաց ուղղութենէն, եւ թէ այս նոր օրիենտացիան հիմնապէս դէմ է հայերու շահերուն եւ նոյնիսկ գոյութեան: Այս նոր ուղղութիւնը կը ձգտի հայոց եւ Հայաստանի դիակին վրայով միանալ թուրքին, կամ առնուազն ստրկացնել եւ ճնշել հայ ժողովուրդը: Ահա այս ուղղութիւնն է մեր հիւսիսի հարեւանի, որ մահու եւ կենաց յարատեւ պայքարի պատճառ դարձած է: Տարբեր օրիենտացիան միակ պատճառը չէ այս կենսական պայքարին. կան նաեւ տնտեսական, հողային եւ ազգային հարցեր: Ասոնք պարզելու համար պէտք է տեսնենք, թէ ի՞նչ կը ներկայացնէ Ատրպէյճանը` իր ազգագրական նկարագրով եւ իր տնտեսական կառուցուածքով: Ատրխէյճանը ըստ էութեան իբր երկիր տնտեսական մէկ միաւոր չէ, այլ երկու տարբեր տնտեսական միաւորներէ է` բաղկացած: Պատահականութիւն պէտք չէ համարել, որ այսօրուան Ատրպէյճանի մէջ առաջները երկու ժողովուրդներ, երկու պետութիւններ եղած են. այս երեւոյթը ունեցեր է իր տնտեսական պատճառները: Արդէն ըսի, որ Ատրպէյճանը կը գտնուի մեծ եւ փոքր Կովկասներու միջեւ եւ կը բաժնուի Կուր գետով երկու մասի. Կուրի աջ եւ ձախ ափերու շրջանները Ատրպէյճանը բաժնած է հետեւեալ գաւառներու. ձախ ափը` 1- Աղտաշ, 2- Բագու, 3- Գէօկչայ, 4- Զաքաթալա, 5- Նուխի, 6- Շամախի գաւառները. բացի ասոնցմէ 7- Ղուբայ գաւառը, որ, գտնուելով մեծ Կովկասի հիւսիսը, աշխարհագրականօրէն մաս կը կազմէ Տաղստանի; 8- Սալեան, եւ 9- Լէնքօրան գաւառները, որոնք, գտնուելով Արաքսէն հարաւ եւ Կասպից ծովու ափին, տնտեսականօրէն ու ազգագրականօրէն Պարսկաստանի շարունակութիւնն են:  Այս 9 գաւառներու հետ Հայաստան տնտեսապէս քիչ առնչութիւն ունի, որովհետեւ այդ 9 գաւառներէն 7-ը իրենց ջուրերով եւ ոռոգումներով կապուած են միայն մեծ Կովկասի հետ, իսկ Սալեան եւ Լէնքօրան` Կասպից ծովու եւ Թալինի լեռներու հետ: Այդ շրջաններու արգաւանդ դաշտերը կապուած են մեծ Կովկասի ժայռոտ լեռներու հետ, եւ այդ աղքատ լեռներու բնակիչներն են շահագրգռուած իրենց ոտքի տակ եղած դաշտերով, եւ այդ դաշտաբնակներն ալ շահագրգռուած են մեծ Կովկասի արօտատեղիներով: Ատրպէյճանի ընդհանուր տարածութիւնն է 74.900 քառ. քիլօմէթր, վերստի հաշուով 69.500 քառ. վերստ. ասկէ 44.000 քառ. վերստը կը կազմեն վերոյիշեալ 9 գաւառները: Այս ընդարձակ հարթավայրը, որ ամփոփուած է Կուրի, Կասպից ծովու եւ մեծ Կովկասի միջեւ, կլիմայական միատեսակ պայմաններ ունի, միատեսակ ճոխ բնութիւն` շնորհիւ մեծ Կովկասէն բղխող ջուրերուն: Հոդ կը գտնուին նաւթի հանքային շերտերը, բամբակի, բրինձի դաշտերը, եւ կովկասեան լեռներու զովաստաններն ու ռազմական բանալիները: Ըստ էութեան` այս շրջանը շաղկապուած է իր տնտեսութեամբ, երկրագործութեամբ, ջրով եւ մանաւանդ պաշտպանութեան յենարաններով մեծ Կովկասին, ասոր հիւսիս գտնուող Դաղստանին եւ Կասպից ծովուն հետ: Իսկ Հայաստանի հետ շաղկապուած է այն չափով, ինչքան իրարու հարեւան ամէն մէկ երկիր քաղաքականապէս: Այս աշխարհագրական հանգամանքը մեծապէս ազդած է ժողովրդի էթնօգրաֆիկ կազմութեան եւ անոր դասաւորման վրայ: Այս շրջաններու մէջ կը գտնուին Ատրպէյճանի հանքերն ու հարուստ հողերը, եւ այս պատճառով ալ հոդ է կեդրոնացած ժողովրդեան երեք չորրորդը: Ըստ 1917-ի մարդահամարին` Ատրպէյճանի 2.298.590 ազգաբնակութենէն 1.663.139 կը գտնուին այդ 44.000 քառ. վերստ 9 գաւառներուն մէջ: Ուրեմն Ատրպէյճանի էութիւնը կը գտնուի, թէ’ ազգաբանութեան, թէ’ արդիւնաբերութեան եւ թէ’ հարստութեան տեսակէտէ, Կուրի ձախ ափին: Միւս կողմէ` այս 9 գաւառներու մէջ գտնուելով նաւթային շերտերը, բամպակի դաշտերը եւ մեծ Կովկասի բանալիները, Ռուսաստանի ուշադրութիւնը ատոնց վրայ է կեդրոնացած: Անդրկովկասի մէջ չկայ աւելի թանկարժէք անկիւն Ռուսաստանի համար քան այս անկիւնը: Եւ Ռուսաստան իր գաղթականութեամբ ամենէն ուժեղն է Ատրպէյճանի այս մասերուն մէջ: Իսկ Դաղստանի հողազուրկ լեռնականները, իրենց լեռներու ջուրերուն ընթացքով, յամրաքայլ կ’իջնեն դէպի Կուր` հող եւ հարստութիւն ձեռք բերելու համար: Ասոր իբր հետեւանք` Կովկասի ստորոտները Զաքաթալայէն մինչեւ Բագու ազգաբնակութեան կերպարանքը ոչ թէ թաթարական է, այլ աւելի շատ  Դարգէնցի, Կիւրինցի, Ինգէլօյցի, Ուտիցի , Աւառներ, Ջէկէր, Կռէզներ, Գաբիդուլներ, Թաթ լեռնականներ: Այս բազմաթիւ ցեղերն ու ազգերը ոչ մէկ առնչութիւն, ցեղակցութիւն կամ լեզուակցութիւն ունին թուրքերու հետ, բայց բաժան բաժան եւ իսլամ ըլլալով` թաթարական մեծամասնութիւնը ատոնց կը թելադրէ իր կամքը եւ այդ երկրամասին տուած է թաթար-թուրք բնոյթ, թէեւ ինքը լոկ համեմատական մեծամասնութիւն է: Այս պատկերն կը տեսնուի, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի այս մասին հետ տնտեսական բաղխման հիմնական պատճառներ չկան: Հայութիւնը, ըլլալով փոքր Կողկասի ժողովուրդ եւ ոչ թէ մեծ Կովկասի, այդ շրջանը կրնայ տնտեսական եւ ազգագրական տեսակէտէ կռուախնձոր ըլլալ միմիայն մեծ կովկասցիներու եւ ներկայ բնակիչներու միջեւ: Այս շրջաններուն մէջ չէ, որ հայութիւնը հող կ’որոնէ, ձմեռանոց կ’ուզէ, ոչ ալ այս շրջանի բնակիչներն են, որ իրենց տնտեսութեան համար պայման կը դնեն Հայաստանի ամառանոցներն ու արօտատեղիները:  Ատրպէյճանի այս շրջանին համար աղքատ Հայաստանը տնտեսական արժէք չէ եւ ոչ ալ հրապուրիչ. ան նոյնիսկ չի ձգտիր իրեն բաղկացուցիչ Կուրի աջ ափին: Այս 9 գաւառները, ունենալով ինքնամփոփ եւ ինքնաբաւ տնտեսական վիճակ, բնաւ առիթը չունին բաղխուելու Հայաստանի հետ տնտեսական կամ հողային հարցերու գետնի վրայ, եւ փոխադարձաբար: Այս շրջանի մէջ հաստատուած Առելի, Շամախի եւ Բագուի հայութիւնը, որ պատերազմէն առաջ 128.000 կը հաշուուէր, պիտի համարել իր երկրէն խլուած գաղութ մը միայն: Այս հայութիւնը, որ այսօր ալ շօշափելի քանակ կը կազմէ, պատճառ պիտի չդառնար մեր եւ Ատրպէյճանի բարի դրացիական յարաբերութեանց խանգարման, եթէ չըլլային տմտեսական, հողային եւ ազգային այն հակադիր պայմանները, որոնք գոյութիւն ունին Ատրպէյճանի երկրորդ մասին` Կուրի աջ ափի գաւառներուն եւ Հայաստանի միջեւ:  Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ եղած պայքարներու հիմնական պատճառները պէտք է փնտռել Կուրի աջ ափին տնտեսական ու հողային շաղկապման մէջ Հայաստանի հետ եւ անոր ազգագրական կազմուածքի ու դասաւորման մէջ: Պարզենք մեր միտքը: Այսօր Ատրպէյճանի մէջ են մտցուցած Կուրի աջ ափը մինչեւ Արաքսի եզերքը` մօտ 25, 000 քառ. վերստ տարածութիւն: Այս տարածութեան կէսը նախկին Սիւնիքի, Արցախի, Գարգմանի հայկական գաւառներն են, իսկ կէսն ալ նախկին Աղուանից աշխարհն է: Հին Աղուանից մասին մէջ, որ կը բռնէ ուղիղ Կուրի աջ ափի հարթավայրը, ինկած փոքր Կովկասի եւ Կուրի միջեւ, այսօր աղուանից փոխարէն կը գտնուին մեծամասնութեամբ ատրպէյճանցի թաթարներ, կամ հին աղուանները` ձուլուած թաթարութեան մէջ: Այս զանգուածը կը բռնէ մեծամասնութեամբ ներկայ Ղազախի, Աղդամի, Ջիբրայիլի գաւառները եւ Գանձակի գաւառին դաշտային 5 գաւառակները: Այս գաւառները կը կազմեն նեղ ու երկար շերտ մը` դասաւորուած Կուրի ափերուն, որ իր արեւելեան ծայրով կը լայնանայ եւ կը բռնէ Արաքսի ու Կուրի միջին տարածութիւնը: Այս հարթավայրի տարածութիւնը 12.500 քառ. վերստէն աւելի չէ եւ ունի մօտ 328.000 ազգաբնակութիւն: Այս ընդարձակ դաշտերէն կը բարձրանան փոքր Կովկասի կամ Ղարաբաղի լեռները: Այս լեռները, որ Հայաստանի ողնաշարը կը կազմեն եւ կ’իշխեն յիշեալ հարթավայրի վրայ, կտրած են հայկական բարձրաւանդակէն եւ միացուցած Ատրպէյճանին: Լեռնային այս շրջանը բաժնած են 3 մասի` Գանձակի լեռնային մասը 4 գաւառակներով, ինքնավար Ղարաբաղը եւ ինքնավար Քիւրտստան: Այս երեք շրջանները իրենց բնութեամբ բոլորովին տարբեր են մեր յիշած դաշտային չորս շրջաններէն: Մինչ լեռնային շրջանը անտառապատ է, դաշտայինը անտարազուրկ է, քարքարուտ ապառաժներէ կազմուած` պէտքական միայն խաչնարածութեան եւ աղքատ գիւղատնտեսութեան, դաշտայինը ունի տաք կլիմայ, բերրի դաշտեր` սեւահող շերտերով, արգաւանդ երկիր` ընդունակ հարուստ տնտեսութեան: Լեռնային շրջանը հարուստ է բազմապիսի հանքերով, իսկ դաշտայինը հանքազուրկ է: Վերջապէս ամէն ինչով այս երկու գօտիները տարբեր են իրարմէ:  Ինչպէս հին ժամանակները, այսօր ալ տարբեր են այս երկու շրջաններու ժողովուրդները` իրենց արհեստով, բնաւորութեամբ եւ ազգային ու լեզուական ծագումներով: Լեռնային մասերը, ինչպէս հին ժամանակները, հայկական են, պարունակելով իբր փոքրամասնութիւն քիւրդեր. իսկ դաշտային մասերը թաթարական են, պարունակելով իբր փոքրամասնութիւն հայեր եւ այլ նորեկ ցեղեր: Այս հակադրութիւնը գոյութիւն ունենալով հանդերձ կարելի չէ ըսել, թէ լեռնային 3 շրջանները չեն շաղկապուած դաշտային 4 շրջաններու հետ. ընդհակառակը` այս տարբերութիւնները կարծես եկած են լրացնելու իրարու պակասը, ամբողջութիւն մը կազմելու համար: Լեռնային շրջանները կ’իշխեն բացարձակօրէն դաշտային շրջաններու վրայ մինչեւ Կուրի եւ Արաքսի ափերը, բայց լեռնական հայեր, ինչպէս հին ատեն նոյնպէս այժմ, անկարող են իրենց ցեղով բնակելի դարձնել տաք կլիմայի տակ ինկած հարթավայրը: Դաշտային մասը հարուստ է հողով եւ արգասաբեր, բայց ան իր բոլոր ջուրերը պիտի ստանայ աղքատ, բայց ջրառատ լեռներէն: Թէեւ լեռները հարուստ են հանքով ու անտառով, բայց չունին հաց ու բամպակ, բրինձ ու միրգ, զորս պիտի ստանան դաշտային մասէն: Թէեւ դաշտը հարուստ է ձմեռնային արօտատեղիներով, բայց զուրկ է ամառնային արօտատեղիներէ եւ, փոխադարձաբար, լեռն ալ զուրկ է ձմեռանոցներէ: Լեռը ցանքսի հող չունի, բայց կենդանաբուծութեան յարմար է. իսկ դաշտը հող ունի, բայց կենդանաբուծութեան յարմար չէ: Այս պայմանները տնտեսական տեսակետէ երկու տարբեր գօտիները իրարմէ կախեալ վիճակի մէջ դրած են, այնպէս որ մէկը առանց միւսին կը դառնայ կիսատ եւ անպաշտպան: Այս դրութիւնը պարզելով կարելի է եզրակացնել, որ Հայաստան եւ անոր ողնաշար լեռնային գաւառները` Ղարաբաղ եւն., տնտեսական սերտ առնչութիւն ունին Կուրի աջ ափի հարթավայրին հետ, եւ փոխադարձաբար իրարմէ կախեալ վիճակի մէջ են, որ Կուրի աջ ափի դաշտային մասը իսպառ տարբեր բնոյթ ունի, թէ’ կլիմայով եւ թէ’ տնտեսութեամբ, Լեռնահայաստանէն, եւ որ այդ երկու գօտիները, ինչպէս առաջիները` այժմ ալ տարբեր ազգագրական կազմ ունին, առաջները դաշտերու մէջ աղուաններ, լեռները հայեր, իսկ այսօր դաշտերը թաթար, լեռները հայեր:

***
Ցոյց տալու համար, թէ դաշտային Ղարաբաղ եւ Գանձակ որքան են կապուած ոչ միայն լեռնային Ղարաբաղի, այլ ընդհանրապէս Հայաստանի հետ, աւելորդ չեմ տեսներ յիշել գլխաւորապէս Կուրի աջ ափէն դէպի Հայաստան ամառանոց ելած կենդանիներու թիւը եւ անոնց յատկացուած արօտատեղիներու քանակը: Խարհրդային-Հայաստանի 1351 թիւին մէջ կը յիշատակուի, թէ ըստ երկրագործական բաժնի տեղեկութեանց, 1926-ին Հայաստանի ամառանոցներն են ելած 1.030.000 կենդանիներ 13 ճանապարհներով. արօտատեղիները բաժնուած են տեղացիներու եւ դրսէն եկածներու միջեւ հետեւեալ կերպով. Երեւանի գաւառին մէջ տեղացիներուն 24.450 դեսեատին, դրսէն եկածներուն 9.7000 դեսեատին: Էջմիածինի գաւառ` տեղացիներուն 31.400դ. դրսէն եկածներուն`-: Լենինականի գաւառ` տեղացիներուն 19,-700դ., դրսեցիներուն` 16.600դ.: Նոր Բայազէտի գաւառ` տեղացիներուն 44.7000դ., դրսեցիներուն 15.800դ.: Լօռի Փամպակի գաւառ` տեղացիներուն 19.200դ.,դրսեցիներուն 20,100դ.: Դիլիջանի գաւառ` տեղացիներուն 27.000դ., դրսեցիներուն 29.000դ.: Դարալագեազի գաւառ` տեղացիներուն 9.500դ., դրսեցիներուն 33.8000 դ.: Զանգեզուրի գաւառ` տեղացիներուն 19,-200 դ., դրսեցիներուն 80.800 դ.: Մեղրիի գաւառ` տեղացիներուն 4.450 դ., դրսեցիներուն 980 դ.: Այս թիւերը ցոյց կուտան, թէ Հայաստանի հողերը նոյնքան եւ աւելի կ’օգտագործուին Ատրպէյճանի ժողովուրդին կողմէ, որքան բնիկ հայ ժողովուրդի կողմէ: Երբ հեռաւոր հայկական գաւառները այս համեմատութեամբ կ’օգտագործուին, պէտք է մտապատկերել թէ ո’րչափով կ’օգտագործուին մերձաւոր Ղարաբաղի, Գանձակի, Քրտիստանի հողերը` հարեւան դաշտային Ղարաբաղի կողմէ:  Երբ այս տնտեսական կապակցութիւնը կայ Հայաստանի եւ գլխաւորապէս դաշտային Ղարաբաղի միջեւ, իսկ միւս կողմէ ալ երկու շրջաններու դրութիւնները տարբեր են աշխարհագրական կուլտուրական եւ ազգագրական տեսակետներէ, ապա ուրեմն խնդիրը լուծելու քանի մը դրութիւններ կարելի է առաջադրել: Քանի որ Կուրի աջ ափի հարթավայրը յենուած է փոքր Կովկասի վրայ եւ անոր հովանիին ներքեւ է, որ պիտի գտնէ իր ապահովութիւնը, իր դաշտերու ոռուգումը եւ արօտատեղիներէն օգտուելու միջոցը. Քանի որ լեռնային մասերը անխուսափելիօրէն տնտեսական կապակցութիւններ ունին դաշտային մասերու հետ. Եւ քանի որ այդ երկու երկիրներու բնակիչները եղած են եւ են տարբեր ազգային ծագում ունեցող ժողովուրդներ, լեռներու հայը` անսովոր ապրելու տաք դաշտերուն մէջ, իսկ դաշտերուն աղուանները, այսօր թաթարները` անսովոր ապրելու քարոտ լեռներու մէջ. Ուստի այդ երկու գօտիները` ազգագրական, աշխարհագրական, կլիմայական եւ մշակութային հիմունքներով, պիտի ըլլան տարբեր երկիրներ, տարբեր պետութիւններ. իսկ ռազմական, տնտեսական հիմունքներով այդ անկախ երկիրները պիտի շաղկապուած ըլլան իրարու հետ քաղաքական-տնտեսական հողի վրայ, այն աստիճանի ինչպէս երկու տարբեր միութիւններ մէկ ամբողջութեան մէջ: Առաջին տեսակէտը կրնայ ըլլալ` Քանի որ դաշտային մասերու համար անհրաժեշտ են լեռնային մասերը, պէտք է, առանց ի նկատի առնելու լեռնային մասի տարբեր բնոյթը, միաղեալ դաշտային մասին եւ անոր միջոցով Ատրպէյճանին: Երկրորդ տեսակէտը կրնայ ըլլալ` Քանի որ լեռնային մասը կարիք ունի դաշտային մասի բնոյթը, միացնել զայն Ղարաբաղին եւ անոր միջոցով Հայաստանին: Երրորդ տեսակէտ մը` Քանի որ ոչ միայն լեռնային Գանձակ եւ Ղարաբաղ, այլ ամբողջ Հայաստանը անհրաժեշտ է տնտեսական տեսակետէ Ատրպէյճանի դաշտային մասերուն համար, եւ քանի որ Հայաստանի գաւառներուն միացումով պիտի իրագործուի պանթուրանիզմը, ուստի ոչ միայն լեռնային մասերը, այլ ամբողջ Հայաստանը -բացի Ալեքսանդրապոլի գաւառէն- միացնել Ատրպէյճանին` Արազդաեան, Նախկռայ, Ղարսի Շարա կամ որեւէ այլ անուան տակ:

***
Եթէ կ’ուզուի հայ-թաթարական, Հայաստան-Ատրպէյճանեան յայտնի կամ լուռ պայքարը հասկնալ, պէտք է վերոյիշեալ երեք մտայնութեանց եւս գիտակցիլ` տարբեր օրիենտացիայի խնդրէն զատ: Ժողովուրդներու յարաբերութիւնները կարելի չէ բարելաւել կոյր ձեւանալով եւ կամ բարեացակամութեան ու եղբայրութեան կեղծ խօսքեր ընելով: Անգամ մը եւս պէտք է մխրճըւի մեր մտքին մէջ այն հասկացողութիւնը, թէ այդ հնարաւոր է միմիայն փոխադարձ շահերու գիտակցութեամբ եւ համադրութեամբ: Այսօր, ի ցաւ հայ ժողովուրդի, պէտք է գիտնալ թէ մեր հիւսիսի հարեւան Ատրպէյճանը, ըլլայ մուսավաթ, ըլլայ կոմունիստ, բնաւ միտք չունի իր շահերը հայոց շահերու համադրութեամբ ղեկավարելու. ան ընդգրկած է առաջին եւ երկրորդ տեսակէտները հայկական գաւառներու եւ Հայաստանի վերաբերմամբ: Այսինքն` քանի որ հայ ժողովուրդը քաղաքական աննպաստ պայմաններու մէջ է դրուած, քանի որ Կուրի ձախ ափը գտնուող Ղազախի, Գանձակի, Ղարաբաղի եւ Ջիբրայէլի դաշտային մասերուն համար տնտեսական եւ ռազմական մեծ նշանակութիւն ունին լեռնային Գանձակ, Ղարաբաղ եւ Զանգեզուր, ուստի առնուազն այժմ պէտք է յիշեալ հայկական եւ հայաբնակ գաւառները միացնել Ատրպէյճանին: Եւ որովհետեւ Արաքսի ու Կուրի մէջ ինկած ամբողջ փոքր կովկասեան Հայաստանը կը ներկայացնէ տնտեսական մէկ միութիւն, եւ որովհետեւ նոյնիսկ ներկայ Հայաստանի հողերը պէտք են դաշտաբնակներու համար իբր արօտատեղի, ուստի պէտք է ամբողջ Հայաստանը վերացնել եւ զայն կցել Ատրպէյճանին, ստեղծելու համար միապաղաղ երկիր մը Կասպից ծովէն մինչեւ Ղարս, ուր այժմ նստած են իրենց եղբայրակից համարուող թուրքերը: Ահա այս վարքագիծը ունի մեր հիւսիս արեւելեան հարեւան նորաստեղծ Ատրպէյճանը:  Այս վարքագիծը թէօրիական վիճաբանութիւն չէ միայն, ոչ ալ վարկած: Անոնց այս ընթացքն է պատճառ եղած հայ-թաթարական ընդհարումներուն. այդ է եղած պատճառը Գանձակի, Զանգեզուրի, Ղարաբաղի ապստամբութեանց եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի պատերազմներուն: Հակառակ ժողովրդական կամքին` այսօր Զանգեզուրի մէկ մասը Քիւրդ Կռայ անուան տակ, Ղարաբաղը եւ Գանձակը միացուցած են Ատրպէյճանին: Այս գաւառները բռնի խլած են Հայաստանէն եւ զանոնք վերածած դիակի մը` ինկած Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ոտքերուն տակ: Այսօրուան այս ողորմելի իրողութիւնը նախատեսելով էր, որ Դաշնակցութիւնը չվարանեցաւ զէնքի դիմելու եւ պատերազմելու: Ան իր կռիւներով կրցաւ միայն շատէն քիչը փրկել` իր ձեռքին պահելով Դիլիջանն ու Զանգեզուրը: Ան լսեց խրատներուն բժ. Համբարձումեանի, որ այսօր բազմած է Դաշնակցութեան արիւնով կերտած Հայաստանի նախագահութեան աթոռին վրայ. ան լսեց խրատներուն Տէր Գաբրիէլեանի, թէ Ատրպէյճանի վարքագիծը պիտի փոխուի Հայաստանի վերաբերմամբ, թէ բոլշեւիկ կարգերը հեռու են ազգաջինջ էմփէրիալիստ վարքագծէ, թէ Գանձակ, ղարաբաղ Հայաստանի մասը պիտի դառնան առանց արիւնի: Ո՞վ պիտի ուզէր անպայման խնդիրը լուծել արիւնահեղութեամբ. լսեցին մեր զօրքերը այդ խրատներուն, եւ Շուշիի, Ասկերանի տակէն Դրօի բանակը դարձաւ Հայաստան: Կը վախնայինք անտեղի կռուարար ըլալէն. բայց խաբուեցանք: Բոլշեւիկ Ատրպէյճանը մնաց հիմնովին նոյնը, ինչ որ էր Ռասուլ Զատէի, Խան Խոյսկիի Ատրպէյճանը: Չքացան ասոնք, հեռացան Խալի


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.