7 հարց ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին` նախարարութեան ստեղծումէն 7 տարի անց


Սփիւռքի նախարարութիւնը 7 տարեկան է: Այս առիթով “Հայերն այսօր”-ը 7 հարց ուղղած է ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին:

– Տիկի՛ն Յակոբեան, որոնք են այն սկզբունքային յենակէտերըորոնց վրայ կը հիմնուի նախարարութիւնը իրգործունէութեան 7 տարիներու ընթացքին:

– Առաջին սկզբունքը, որով կ’առաջնորդուի նախարարութիւնը` աշխատանքի թափանցիկութիւնն է, ինչը մեր 6 կայք-էջերու (www.mindiaspora.am,   www.hayernaysor.am,  www.libmindiaspora.am, www.armdiasporamuseum.com,  www.aritun.am,  www.imhayastan.am) միջոցով կը ներկայացուի հանրութեան:

Շատ կարեւոր է ճանչնալու սկզբունքը. առանց Սփիւռքը ճանչնալու` չես կրնար որեւէ գործ իրականացնել:

Յաջորդը վստահութեան խնդիրն է: Սփիւռքի մէջ նկատելի էին անվստահութեան տարրեր, որոնք տարիներու ընթացքին քայլ առ քայլ մեղմացան, եւ մենք կրցանք վստահութիւն ձեռք բերել:

Կարեւոր յենակէտ է գործակցութիւնը: Մենք որոշումներ կը կայացնենք երկխօսութեամբ, քննարկելով եւ առաջարկելով, ոչ թէ` կառավարելով:

Կարեւոր է նաեւ անաչառ ըլլալը: Սփիւռքը շատ բարդ կառուցուածք է, եւ պէտք է կարենալ իրավիճակը ճիշտ գնահատել:

– Տիկի՛ն Յակոբեաննշեցէք խնդրեմ նախարարութեան 7 տարիներու ամենակարեւորձեռքբերումները:

– Կարծեմ, առաջին կարեւոր ձեռքբերումը Սփիւռքի նախարարութեան կայացումն է: 7-ամեայ նախարարութիւն, որ համաչափ կը քալէ տասնեակ տարիներու պատմութիւն ունեցող նախարարութիւններու հետ:

Երկրորդը` Սփիւռքի համախմբումն է, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի առաւել մերձեցումը Հայրենիքի եւ Հայրենիքը` Սփիւռքի հետ:

Երեւանի պետական համալսարանի մէջ սկսաւ գործել Սփիւռքագիտութեան ամբիոն, որ արդէն մի քանի տարի է` սփիւռքագիտութեան բնագաւառէն ներս մասնագէտներ կը պատրաստէ:

7 տարի անց նախարարութեան աշխատակազմը աւելի կրթուած ու բանիմաց է, Սփիւռքի հետ աշխատելու փորձ ձեռք բերած է:

Սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրները աւելի հասանելի դարձած են Սփիւռքին:

Հայաստանեան շարք մը կառոյցներու հետ կը համագործակցինք` փոխադարձ վստահութեամբ:

Աւելցած են հայկական դպրոցներու թիւը յատկապէս ԱՊՀ տարածքի մէջ:

– Տիկի՛ն Յակոբեաննշեցէք խնդրեմ Հայաստանէն դուրս իրականացուած կամ համայնքներու մէջ տեղի ունեցած 7 կարեւոր իրադարձութիւններորոնց անձամբ ներկայ  գտնուած էք:

2013 թուականի Յունիս 17-23-ը Մարսէլի մէջ տեղի ունեցած գերազանցութեան շաբաթը, որուն ժամանակ Շառլ Ազնաւուրին տրուեցաւ Մարսելի պատուաւոր քաղաքացիի կոչում, որ 1948 թուականէն ի վեր ոչ ոքի չէր շնորհուած: Մարսէլի մէջ բացուեցաւ Անրի Վերնոյի անունը կրող հրապարակը, տեղի ունեցան խաչքարի բացում, ծառատունկ, հայկական երաժշտութեան, խոհանոցի օրեր…

Մոսկուայի մէջ 2013 թուականի Սեպտեմբեր 17-ին հայկական ամենամեծ եկեղեցւոյ բացման արարողութիւնը, որուն մասնակցեց նաեւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Այս եկեղեցւոյ բացումը իսկապէս երեւոյթ էր հայկական իրականութեան մէջ: Նախապէս եկեղեցիներ բացուած են, բայց այս եկեղեցին իր մեծութեամբ եւ շքեղութեամբ իւրօրինակ է:

Կարեւոր իրադարձութիւն էր Ապրիլ 12-ին Վատիկանի մէջ Հռոմի պապ Ֆրանսիսկոսի մատուցած պատարագը եւ Հայոց ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակը ոգեկոչելու արարողութիւնը: Ինչպէս նաեւ` Գրիգոր Նարեկացին Տիեզերական Վարդապետ հռչակելը:

2015 թուականի Յուլիս 18-ին լիբանանի մէջ կայացաւ “Թռչնոց բոյն”-ի վերանորոգուած շէնքի եւ Հայոց ցեղասպանութեան որբերու “Արամ Պեզիքեան” թանգարանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որը Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած երրորդ թանգարանն է աշխարհի մէջ: Նաեւ նոյն օրը Պիք­ֆա­յա­յի Սուրբ Աստ­վա­ծա­ծին վանքի մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Առաջինի ձեռամբ կատարուած Միւռոնօրհնէքի հոգեպարար արարողութիւնը:

Կ’ուզեմ առանձնացնել նաեւ Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առիթով Ֆրանսայի նախագահի, վարչապետի եւ յայտնի քաղաքական գործիչներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած ցոյցերը, երթերը, որոնք կազմակերպուեցան Կոմիտասի արձանի մօտ:

Այս շարքի մէջ կը ներառեմ նաեւ Մայիս 3-ին Մոնրէալի մէջ իրականացուած “Յանուն մարդկութեան” հոգեցունց քայլարշաւը, որուն ընթացքին համախմբուած էր աւելի քան 10.000 մարդ, եւ անոր յաջորդող ձեռնարկները:

Կարեւոր իրադարձութիւն էր 2015 թուականի Մարտ 22-ին Աւստրալիոյ մէջ 12000 մասնակիցներու ներկայութեամբ իրականացուած Հայկական փառատօնը, որ Հայ դատի եւ աւստրալահայ բոլոր կառոյցներու ներկայացուցիչներու` բարեգործականի, ռամկավարներու, հնչեականներու հետ համատեղ ջանքերով կազմակերպուած էր Սիտնէյի սրտի մէջ` Թումպալոնկ զբօսայգիի Տարլինկ Հարպոր նաւահանգստի մօտ:

Կ’ուզէի առանձնացնել նաեւ 2015 թուականի Փետրուար 14-ին “Մեծ եղեռնը եւ արխիւները” խորագիրը կրող գիտաժողովը Զմմառի վանքի մէջ, ինչպէս նաեւ Վենետիկի մէջ Մխիթարեան միաբանութեան հետ նախաձեռնած ցուցահանդէսները եւ ձեռագիր մատեաններու թուայնացման աշխատանքը:

– Տիկի՛ն Յակոբեանորո՞նք են Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբիրականացուած 7 կարեւոր հրատարակութիւնները:

– ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը, համագործակցելով տարբեր կառոյցներու հետ, տարին մօտ 12 գիրք է կը հրատարակուի: Ես կ’առանձնացնեմ հետեւեալները:

“Ցաւի, յիշողութեան եւ պայքարի կոթողներ” պատկերագիրքը, ուր ներկայացուած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ կանգնեցուած յուշարձանները:

“Հայկական Սփիւռք” տարեգիրքը, որ կը հրատարակուի ամէն տարի: Ան իւրօրինակ հանրագիտարան է, որ կը ներկայացնէ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ոլորտէն ներս ՀՀ գերատեսչութիւններու, հոգեւոր կառոյցներու, համահայկական կազմակերպութիւններու եւ հայ համայնքներու մէջ իրականացուած գործունէութիւնը:

“Գրական Սփիւռք” տարեգիրքը, ուր հաւաքուած ու հրապարակուած են սփիւռքահայ դասական եւ ժամանակակից գրողներու ստեղծագործութիւնները:

“Հայկական պետութեան սահմաններն` ըստ ԱՄՆ նախագահ Ուդրօ Ուիլսոնի”, աշխատութիւնը, որ հրատարակուg[ է հայերէն եւ անգլերէն տարբերակներով:

Յաջորդը “Հայերը Օսմանեան կայսրութեան վերջալոյսին” (՛Armenian՛s at the twilight of the Ottoman era՛՛) աշխատութիւնն է (Ոսկան Մխիթարեան, Հայր Վահան ծ. վրդ. Օհանեան News Reports From The International Press, Volume I, The New York Times 1890-1914): Ստուարածաւալ հատորը կը ներառէ ցեղասպանութեան նախորդած ժամանակաշրջանի նիւթերը` 1890-1914թթ.: Հատորի մէջ կան յօդուածներ, խմբագրականներ, պարզաբանումներ եւ նամակներ` ուղղուած “New York Times”-ի խմբագրութեան: Հատորի նիւթերու 60 տոկոսը կը ներառէ 1894-1896թթ. ժամանակաշրջանը: Առաւել ուշագրաւ են 1908-1910թթ. լոյս ընծայուած յօդուածները:

“Հայոց ցեղասպանութիւնը միջազգային իրաւական փաստաթղթերում” ժողովածուն, որուն մէջ ներկայացուած են Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող կարեւորագոյն միջազգային իրաւական փաստաթուղթերը:

“Մշակութային ժառանգութեան իրաւական պահպանման հիմնախնդիրները” աշխատութիւնը:

– Տիկի՛ն Յակոբեանորո՞նք են նախարարութեան իրականացուցած ծրագիրներէն 7ամենակարեւորները:

– Կարեւոր եւ մեծ փորձութիւն անցած` Սփիւռքի երիտասարդներու “Արի տուն” հայրենաճանաչութեան ծրագիրը, որ անցնող տարիներու ընթացքին 5000 երիտասարդներու հնարաւորութիւն տուած է այցելելու Հայաստան:

“Իմ Հայստան” համահայկական փառատօնը, որուն ծիրէն ներս հարիւրաւոր խումբեր, անհատ կատարողներ կ’այցելեն Հայաստան եւ կը մասնակցին պարի, երգի, տուտուկի փառատօներուն:

“Երգում ենք Կոմիտաս” համահայկական մշակութային փառատօնը, որն արդէն երկրորդ անգամ փայլուն կերպով կ’իրականացուի: Փառատօնը կը նպաստէ, որպէսզի հայ երգն ու հայ մշակոյթը, կոմիտասեան մեղեդիները տարածում ստանան ամբողջ աշխարհի մէջ: Յատկապէս, երբ սփիւռքահայ երաժիշտներու հետ  Կոմիտաս կ’երգեն նաեւ օտար կատարողներ:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան “Ամառնային դպրոց”-ը միակ ծրագիրն  է, որուն շնորհիւ սփիւռքահայերը կարճ ժամանակահատուածին կրնան կրթութիւն ստանալ եւ վերապատրաստուիլ` իբրեւ մանկավարժներ, ղեկավարներ, առաջնորդներ, լրագրողներ եւ պարուսոյցներ:

Նախարարութեան իրականացուցած կարեւոր ծրագիրներէն են մասնագիտական համաժողովները: Սփիւռքը ինքնին կազմակերպուած է, այնտեղ կը գործեն աւանդական կ’առոյցներ, կուսակցութիւններ: Բայց մեր խնդիրը համարեցինք մասնագիտական յենքի վրայ համախմբել եւ կազմակերպել Սփիւռքը: Այդ նպատակով անցնող տարիներու ընթացքին կազմակերպուած են ճարտարապետներու, իրաւաբաններու, գործարարներու, լրագրողներու, սրտաբաններու, գրողներու, ոսկերիչներու եւ այլ մասնագիտական համաժողովներ:

Կարեւոր է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ համատեղ կազմակերպուած ձեռնարկներու նախապատրաստական աշխատանքները: Գործունէութիւն, որուն ծիրէն ներս իրականացուած ձեռնարկները բազմաթիւ են, բազմաշերտ, բազմաբնոյթ եւ շատ կարեւոր:

– Տիկի՛ն Յակոբեանորո՞նք են նախարարութեան գործունէութեան ընթացքին հանդիպածդժուարոյթունները:

– Դժուարութիւնն այն է, որ 7 տարիները բաւարար չեն 8-10 միլիոննոց Սփիւռքի հետ աշխատանքները լիարժէք եւ կատարեալ կազամակերպելու համար:

Հայկական համայնքներէն, կազմակերպութիւններէն շատ ու շատ մարդիկ հեռացած են: Զիրենք վերադարձնելու գործընթացը բարդ խնդիր է:

Հայոց լեզուի իմացութեան պակասը յատկապէս երիտասարդներու շրջանակէն ներս: Մենք ամէն ինչ պէտք է ընենք, որպէսզի կարենանք կարգաւորել այս հարցը:

Ցաւալի է, որ շատ ու շատ հայեր դեռ ծանօթ չեն իրենց հայրենիքին: Աշխարհագրօրէն տեղը գիտեն, բայց հայրենիքի հողն ու ջուրը չեն շօշափած, ինչը կը դժուարացնէ մեր աշխատանքը անոնց հետ:

Բաւարար չեն նախարարութեան հնարաւորութիւնները: Յատկապէս վերջին 3 տարիներուն սուրիահայերու մեծ հոսք կայ դէպի Հայաստան: Անոնց խնդիրները նախարարութեան գլխաւոր, առանցքային աշխատանքներէն են:

Սփիւռքի մէջ մեր ենթակայութեան տակ գտնուող անմիջական կ’առոյցներ, աշխատակիցներ չունինք, կ’աշխատինք դիւանագիտական կառոյցներու միջոցով: Բոլորին կը դիմենք խնդրողի կարգավիճակով` այս կամ այն հարցը լուծելու համար: Սա, բնականաբար, կը դժուարացնէ մեր գործունէութիւնը:

7 տարիներու ընթացքին կ’աշխատինք շատ ծանր պայմաններու մէջ: Ոչ բաւարար աշխատանքային պայմանները կ’ազդեն աշխատանքի որակի վրայ:

– Տիկի՛ն Յակոբեանորո՞նք են ապագային նախատեսուած 7 կարեւոր ծրագիրները:

– Սփիւռք-Հայրենիք 5-րդ համաժողովին Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան հռչակեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովը կարելի է վերաձեւափոխել համահայկական խորհուրդի: Սա լուրջ աշխատանք եւ ծրագրեր կը պահանջէ մեզմէ: Բոլոր համայնքներու հետ խորհրդակցելով` պէտք է կարենանք ճիշտ մօտեցում ցուցաբերել եւ համահայկական խորհուրդի կառուցակարգերը, մօտեցումներն ու անդամները ճիշտ ընտրել:

Ապագային միտուած` մենք պէտք է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ընթացքին ձեռք բերած մեծագոյն աշխատանքը, ձեռքբերումը պահպանենք: Պէտք է շարունակենք 100+1 100+2 100+3 տարելիցները առաւել մեծ թափով եւ ուժով կազմակերպել եւ նպատակասլաց իրականացնել:

Յաջորդը իսլամացած կամ ծպտեալ հայերու խնդիրն է: Ծպտեալ հայերը արդէն կ’արթննան, ոտքի կը կանգնին, մենք պէտք է անոնց հայերէն սովորեցնենք, Հայաստանի Հանրապետութեան հետ կապենք, անոնց ուժ տանք, որ վերադառնան իրենց ինքնութեեան:

Միւս նպատակային խնդիրը մայրենիի ուսուցման խորացումը, տարածումը, զարգացումն ու հայերէնի երկու ճիւղերու մերձեցումն ապահովելն է: Այդ առումով կարեւոր են մէկօրեայ, երկօրեայ դպրոցներու կազմակերպումը, Հայաստան այցերը աւելցնելը, երիտասարդները Հայրենիք բերելը:

Կարեւոր է արբանեակային հեռատեսիլի նպատակային օգտագործումը: Ուսուցողական, պատմական, հայրենասիրական, Հայաստանը ներկայացնող ծրագիրներու աշխուժացումը:

Այս բոլորի առանցքը պէտք է ըլլայ հայապահպանութիւնը, Սփիւռքի մէջ հայ մնալու խնդիրը: Իսկ գլխաւոր առհաւատչեան հայ ընտանիքն է, հայոց լեզուն, մշակոյթը, կրօնը: Այս բոլորը կը յանգեցնեն անոր, որ հայրենադարձութեան շարժումը աւելի հզօրանայ: Այսօր շատերը կու գան կը հաստատուին հայրենիքի մէջ, բայց սա դեռ բաւարար չէ: Հայրենիքի մէջ պէտք է հաստատուին ոչ միայն բնակութեան երկիրներու մէջ ծագած դժուարութիւններու պատճառով, այլեւ Հայաստանի մէջ նեդրումներ իրականացնելու, աշխատատեղեր ստեղծելու, արարելու համար:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.