Տէրսիմահայ երկու կիներու դառն պատմութիւնը


ՔԱԶԸՄ ԿԻՒՆՏՕՂԱՆ

Agos

Ասլը­­հան Օլ­­կար Իս­­թանպու­­լի, Աս­­լը­­­հան Քի­­րէմիթ­­ճեան ալ Զմիւռնիոյ մէջ նոյն շաբ­­թու մէջ մա­­հացան։ Մէ­­կը քրիս­­տո­­­նեայ էր, միւ­­սը իս­­լամ։ Թա­­ղու­­մներն ալ այդպէս եղաւ։ Մէ­­կը Հա­­յոց գե­­րեզ­­մա­­­նատու­­նը թա­­ղուե­­ցաւ, միւ­­սը իս­­լամնե­­րու։ Ես եր­­կուքին ալ թա­­ղու­­մին ներ­­կայ գտնուեցայ։ Նախ 7 Սեպ­­տեմբե­­րին Իս­­թանպուլ Պա­­քըր­­գիւղի Ծնունդ Սուրբ Աս­­տուածած­­նի եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ Աս­­լը­­­հան Օլ­­կա­­­րը, ապա 11 Սեպ­­տեմբե­­րին Զմիւռնիա, Կիւ­­զէ­­­լեալը թա­­ղի Հա­­քիմ Էֆէն­­տի մզկի­­թէն ալ Աս­­լը­­­հան Քի­­րէմիթ­­ճեանը յու­­ղարկա­­ւորե­­ցինք։

1937-38-ի Տէր­­սի­­­մի կո­­տորած­­նե­­­րուն իրենց ար­­մատնե­­րէն պո­­կուե­­լէ առաջ եր­­կուքն ալ հայ ու քրիս­­տո­­­նեայ էին։

Այդ թուական­­նե­­­րուն Աս­­լը­­­հան Քի­­րէմիթճեան հինգ կամ վեց, Աս­­լը­­­հան Օլ­­կար ալ եօթը տա­­րեկան էին։ Ողջ մնա­­ցած էին, բայց չեմ կրնար «փրկուած» էին ըսել։ Կո­­տորա­­ծի բո­­լորը տա­­ռապան­­քը ամ­­բողջ կեան­­քի մը տե­­ւողու­­թեամբ ապ­­րե­­­ցան։ Աք­­սո­­­րուե­­ցան Թուրքիոյ տար­­բեր քա­­ղաք­­նե­­­րը։ Աս­­լը­­­հան Քի­­րէմիթ­­ճեան Քո­­նեայի մէջ թրքա­­ցուե­­ցաւ եւ անու­­նը Ֆաթ­­մա կո­­չեցին։ Հո­­գեզա­­ւակ անուանու­­մին տակ աղա­­խին մըն էր։ 13 տա­­րեկա­­նին պար­­տադրա­­բար իս­­լա­­­մացուեցաւ եւ ամուսնա­­ցու­­ցին 35 տա­­րեկան իս­­լամ մար­­դու մը հետ։

Աս­­լը­­­հան Օլ­­կար Տէր­­սի­­­մի ջար­­դե­­­րուն կորսնցուց իր ազ­­գա­­­կան­­նե­­­րը։ Եօթը տա­­րեկան էր, երբ ըն­­տա­­­նիքէն վե­­րապ­­րողնե­­րու հետ բռնեց տա­­րագ­­րութեան ճամ­­բան։ Ըն­­տա­­­նիքը դի­­մադ­­րեց հայ ինքնու­­թիւնը պա­­հելու հա­­մար։ 12 տա­­րեկա­­նին իս­­լա­­­մի մը հետ ամուսնա­­ցուե­­լու վտան­­գը կան­­խե­­­լու հա­­մար ամուսնա­­ցու­­ցին իր հօ­­րը տա­­րիքով հա­­յու մը հետ։ 12 զա­­ւակ ու­­նե­­­ցաւ, որոնցմէ վե­­ցը ապ­­րե­­­ցան։ Դա­­ժան կեանք մը ապ­­րե­­­ցաւ։ Վիշ­­տե­­­րը իրար հետ բաղ­­դա­­­տելը սխալ է թէեւ, բայց ան բաղ­­դատմամբ իր անուանակ­­ցին աւե­­լի բախ­­տա­­­ւոր է։ Վեր­­ջա­­­պէս ապ­­րած է իր հա­­ւատ­­քով ու մշա­­կոյ­­թով եւ այդպէս ալ պատ­­րաստած զա­­ւակ­­նե­­­րը։

Վեր­­ջին ճամ­­բորդու­­թեան զա­­ւակ­­նե­­­րը զինք յու­­ղարկա­­ւորե­­ցին հայ­­կա­­­կան ծէ­­սով ու աւան­­դութիւ­­նով։

Մինչ Աս­­լը­­­հան Քի­­րէմիթ­­ճեան անար­­մատ էր եւ ան­­տէր։ Շատ աւե­­լի ծանր էր այս։ Աղ­­ջի­­­կը, Զէյ­­նէպը, կ՚ար­­տա­­­սուէր հե­­ռախօ­­սի միւս կող­­մը։ «Քա­­զըմ Պէյ մայրս գնաց, ալ չկայ, թեւ առաւ հե­­ռացաւ մեզ­­մէ»։ Նոյն գի­­շեր ճամ­­բայ ելայ դէ­­պի Զմիւռնիա։ Ննջե­­ցեալի տան մէջ մա­­հուան վիշտն ու թա­­խիծը կը տի­­րէր։ Աս­­լը­­­հանի բա­­ցատ­­րութիւ­­նով «այդ լրագ­­րող տղան» ըլ­­լա­­­լով ծա­­նօթա­­ցու­­ցին զիս։ Երախ­­տի­­­քով պատ­­մեր է շուրջին­­նե­­­րուն՝ «այդ լրագ­­րող տղան եթէ չըլ­­լար ես ուրկէ՞ կը գտնէի հա­­րազատ­­նե­­­րս»։ Միշտ կ՚աղօ­­թէ եղեր ինծի հա­­մար։

Տան մէջ ար­­մա­­­տախիլ ըլ­­լա­­­լու, ան­­տէ­­­րու­­թեան ծանր մթնո­­լոր­­տը կար։ Կամ ալ ին­­ծի այդպէս կը թուէր։

Աս­­լը­­­հան Քի­­րէմիթ­­ճեան կեն­­դա­­­նի վկան էր Տէր­­սի­­­մի հա­­յերուն 1937-38-ի ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան օրե­­րուն ինչպէս ար­­մա­­­տախիլ ըլ­­լալնուն, ինչպէս թրքա­­ցուե­­լուն եւ կրօ­­նափոխ դառ­­նալնուն։

Ան այժմ Ֆաթ­­մա Եավուզ անու­­նով կը հանգչի Զմիւռնիա, Նար­­լը­­­տէրէի գե­­րեզ­­մա­­­նը։

Թաղ­­ման, երբ բո­­լորը աղօթք կը մրմնջէին, ես ներ­­քուստ կ՚անի­­ծէի այս վիշ­­տին ու ամօ­­թին հե­­ղինակ­­նե­­­րը։

Կը մխի­­թարուիմ որ քա­­հանա­­յի թոռ Ասլը­­հանի պատ­­մա­­­կան ար­­ժէք ներ­­կա­­­յաց­­նող կեն­­սագրու­թիւնը «Վան­քին Երա­խանե­րը» անուն վա­ւերագ­րա­կան ֆիլ­մին եւ «Քա­հանա­յին Թոռ­նե­րը» անուն գիր­քին նիւթ պիտի դառնայ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.