Այնճարի Մէջ Երբեք Օտար Հողի Վրայ Չենք Զգար. Եսայի Հաւաթեան


 

(Լուսանկարը Մայք Թաշճեանի)

Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի կեդրոնական մարմինի նախագահ Եսայի Հաւաթեանի հետ «Հայրեն Այսօր»-ի զրոյցը.

Այնճար ծնած եւ հասակ առած Եսայի Հաւաթեան աւարտած է Ամերիկեան համալսարանի գիւղատնտեսութեան բաժինը:

Զբաղած է նաեւ  մանկավարժութեամբ եւ ազգային գործունէութեամբ, թղթակցած է «Ազդակ» օրաթերթին: Հեղինակ է Մուսա Լերան մասին ուսումնասիրութիւններու եւ յօդուածներու:

 

-Պարո՛ն Հաւաթեան, կը ներկայացնէ՞ք Այնճարի հիմնադրման պատմութիւնը:

-Այնճար արաբերէն բառ է, որ կը նշանակէ հոսող աղբիւր: Այնճարը ունեցած է հոսող աղբիւր, ատոր համար ալ այդ շրջանը այդպէս անուանած են:

Ֆրանսացիներու օրով հիմնուած գիւղը նախ կրած է Մուսա Լեռ-Այնճար անունը, որ արաբերէն անուանած են Հաուշ Մուսա–Այնճար:

Այնճարը հիմնուած է 1939 թուականին: Ինչպէս կ՝ըսէր մուսալեռցի գրող Եդուարդ Պոյաճեան, շատ վատ պայմաններու մէջ ստեղծուեցաւ Այնճարը` համաշխարհային պատերազմի նախօրէին:

Ամբողջ տարածքը ճահիճ եւ անապատ էր: Պատկերացուցէք` այդ պայմաններուն մէջ մուսալեռցիները այնտեղ վրաններու տակ ապրած են: Դժբախտաբար, ճահիճներէն անոնք վարակիչ հիւանդութիւններ ստացած են: 1915-ի Մուսա Լերան հերոսամարտին՝ մուսալեռցիները տուած են 18 նահատակ:

Միայն Այնճարի հիմնադրութեան օրերուն զոհ գացած են մեծաթիւ գաղթականներ, որոնց ընդհանուր թիւը կը հասնի 800-1000:

Սակայն, այս դժոխային պայմաններուն մէջ այնճարցիները չեն ընկճուած եւ շարունակած են յամառ պայքարի միջոցով ոտքի կանգնիլ:

Անոնք անմարդաբնակ վայրը բնակելի դարձուցին, խնձորի այգիներ տնկեցին: Առաջին տարիները բնակչութեան համար դաժան եղան, մինչեւ օգնութեան հասաւ ֆրանսական կառավարութիւնը:

Նիւթական օժանդակութեամբ կառուցուեցան 1065 մէկ սենեականոց բնակարաններ, որոնք շատ փոքր էին: Անոնք կը կոչուէին  ֆրանսական տուներ: Բնակարաններու շինարարութիւնը յանձն առին նոյնինքն մուսալեռցիները:

Գիւղին մէջ կառուցուեցան աղբիւրներ, որոնք բնակչութեան համար սպեղանի եղան. Տուներուն մէջ, բնաւ, ջուր չկար:

 

-Իսկ Այնճարի յետագայ ճակատագիրը ինչպէ՞ս դասաւորուեցաւ:

-Մինչեւ հարցին պատասխանեմ, տեղեկացնեմ, որ Այնճար գիւղի հիմնադիրը Մովսէս Տէր-Գալստեանն է: Ան էր, որ հողը գնելու հարցով բանակցած է ֆրանսացիներու հետ:

Վերադառնալով հարցին` ըսեմ, որ 1946-1947 թուականներուն  մուսալեռցիներու 66% Հայաստան գաղթեց, որմէ ետք Այնճարի մէջ մնաց շուրջ 1300 հոգի:

Մնացած մուսալեռցիները, հասկնալով, որ այլեւս չեն կրնար Մուսա Լեռ վերադառնալ, Այնճարի մէջ տնկեցին խնձորի այգիներ եւ սկսան զբաղիլ գիւղատնտեսութեամբ: Այդպիսով, Այնճարը Լիբանանի համար դարձաւ խնձորի մշակման շատ կարեւոր եւ յայտնի կեդրոն:

1956թ-էն ետք, երբ դադրեցան պաղեստինցիներուն ոտնձգութիւնները, Այնճարը վերականգնուեցաւ եւ ստացաւ իր նախկին տեսքը:

Զարթօնք ապրեցաւ գիւղը. կենցաղային պայմանները բարեփոխուեցան, զարկ տրուեցաւ շինարարութեան, իսկ գիւղատնտեսութիւնը զարգացաւ:

Մէկ խօսքով` Այնճարը դարձաւ հայութեան որոշ շերտի ապահով անկիւնը: Լիբանանեան պատերազմի ժամանակ հազարաւոր հայ գաղթականներ ապաստանեցան Այնճարի մէջ: 1991 թուականը Այնճարի համար եղաւ նոր ծաղկումի շրջան:

Վերջերս Այնճար այցելած Արամ Առաջինը, տեսնելով վերջին 4-5 տարիներու զարգացումը, ըսաւ,- «Այնճարը այլեւս գիւղ չէ, գիւղաքաղաք ալ  չէ, Այնճարը այլեւս քաղաք է»:

Այսօր Այնճարի մէջ կ՝իրականցուի ամենօրեայ հսկողութիւն, կը պաշտպանենք մեր քաղաքը, քանի որ չենք գիտեր, թէ մեզի հետ ամէն վայրկեան ինչ կրնայ պատահիլ:

 

– Պարո՛ն Հաւաթեան, Այնճարի մէջ հայկական շունչն ու ոգին կը պահպանուի՞ն:

– Այնճարի մէջ երբեք օտարութիւն չենք զգար: Այնտեղ ամէն ինչ կ՝ընենք հայկականութիւնը պահպանելու համար, յատկապէս`  երիտասարդներու համար:

Կ՝ապրինք վայրի մը մէջ, ուր ամբողջութեամբ հայեր կը բնակին եւ հայախօս են, իսկ Մուսայ Լերան բարբառը գործածութեան մէջ է:

Միշտ ուշադրութիւն կը գրաւենք մեր համայնքային ջերմ յարաբերութեամբ: Թէ՛ ուրախութեան, թէ՛ տխրութեան առիթներով համախմբուած` կանգնած ենք իրար կողքի:

Իսկ պետական եւ ազգային տօները, ըստ աւանդոյթի, անպայման կը նշենք:

Վստահ եմ, որ մեր համերաշխ համայնքային կեանքը պիտի շարունակուի երկար տարիներ:

Կը գործեն երեք` Աւետարանական, Առաքելական եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներն ու դպրոցները, ուր կը յաճախէ աւելի քան 500 աշակերտ:

Դպրոցներու մէջ շարք մը առարկաներու կողքին պարտադիր կ՝ուսուցանուի Մայրենին եւ Հայոց պատմութիւնը:

Հարկ է նշել, որ Այնճարը ունի այնպիսի հանրածանօթ եւ նշանաւոր մարդիկ, որոնք ազգային, կրթական կեանքի զարգացման գործին մէջ ունեցած են մեծ ներդրում: Անոնցմէ են Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեանը, ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Աբօ Պողիկեան եւ այլոք:

Անոնք, ապրելով աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, կապը մեր հետ երբեք չեն կտրեր:

Այնճարը նաեւ ունի իր Սփիւռքը. Մուսա լեռցիներու ստուար զանգուած մը հեռացած, հաստատուած է Ամերիկայի եւ Եւրոպայի տարբեր երկիրներու մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստան:

Այնճարի համար այժմ խնդիրը այն է, որ արտագաղթի պատճառով բնակչութեան թիւը չ՝աճիր: Երիտասարդները աշխատանք գտնելու, ուսում ստանալու համար բնակութիւն կը հաստատեն Պէյրութի եւ աշխարհի այլ երկիրներու մէջ:

 

– Իսկ այժմ Այնճարի մէջ կա՞ն այլ  խնդիրներ, որոնք կը խանգարեն բնականոն հունով ապրիլ:

– Վերջին տարիներուն Սուրիոյ մէջ տիրող պատերազմական իրավիճակը, անշուշտ, իր ազդեցութիւնը ունեցաւ Այնճարի վրայ: Մեր մօտ եւս կը լսուին ռումբի ձայները: Դէպի Դամասկոս տանող ճանապարհը փակ է, եւ չենք կրնար արտահանել Այնճարի ապրանքները: Ուստի, ասիկա տնտեսութեան անկման մեծ հարուած էր, տուժեցինք շատ:

Հրատապ լուծելի խնդիրներէն է աշխատավայրերու պակասը, որուն պատճառով եւս երիտասարդները կը լքեն Այնճարը:

 

-Պարո՛ն  Հաւաթեան, Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները ինչպէ՞ս անցան:

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի եւ Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի ձեռնարկներուն՝ կեդրոնական մարմինի հայրենակցական բոլոր միութիւններով սկսանք պատրաստուիլ 2010 թուականին:

Ուրախութեամբ պէտք է ըսեմ, որ նախաձեռնած բոլոր ծրագիրները յաւուր պատշաճի իրականացուցինք:

Կեդրոնական մարմինի անդամներով քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք որոշեցինք, որ ձեռնարկները պէտք է տեղի ունենան հերոսամարտի օրերուն` Յուլիս 31–Սեպտեմբեր 13-ը: Միայն Լիբանանի մէջ կազմակերպեցինք 18 ձեռնարկ` իւրաքանչիւրը նուիրելով մէկ նահատակի:

Որոշուեցաւ նաեւ, որ եզրափակիչ հանդիսութիւնները տեղի պիտի ունենան Հայաստանի մէջ: Ուստի կոչ ըրինք աշխարհով մէկ սփռուած մուսալեռցիներուն՝ միանալու հայաստանեան ձեռնարկներուն: Միայն մեր շրջանէն 66 ուխտաւոր մուսալեռցի եկաւ Հայաստան: Իսկ այլ երկիրներէ շուրջ 200 մուսալեռցիներ արձագանգեցին մեր կոչին. նոյնիսկ Թուրքիոյ Վագըֆ գիւղէն եկած էին մուսալեռցիներ:

Ձեռնարկները տեւեցին Սեպտեմբեր 14-20:

 

-Քայլարշաւը կազմակերպելու գաղափարը որո՞ւն կը պատկանէր:

-Անիկա որոշուած էր կեդրոնական մարմինին կողմէ` ցոյց տալու համար, որ մենք յաղթած ենք թուրքին: Ուզեցինք ըսել` միայն միասնականութեան շնորհիւ մուսալեռցիները յաղթեցին: Քայլարշաւը ծրագրուած էր սկսիլ Սեպտեմբեր 20-ին` Երեւանի Շահումեանի հրապարակէն եւ հասնիլ մինչեւ Մուսա Լերան հերոսամարտի յուշահամալիր: 23 հոգի մասնակցեցաւ քայլարշաւին: Երեք ժամուան ընթացքին հասանք յուշահամալիր: Նախաձեռնութիւնը կարելի է յաղթանակի քայլարշաւ համարել:

Յատուկ այս նպատակով պատրաստած էինք խորհրդանշանակ խաչ-դրօշակ, որուն վրայ պատկերուած էին Մուսա Լերան յուշահամալիրի չորս երկիրներու մէջ` Այնճարի, Հայաստանի, Գանատայի, Մուսա Լեռի, գտնուող յուշակոթողները: Խաչանիշ դրօշը իրար կը միացնէ աշխարհասփիւռ մուսալեռցիները:

Շնորհակալ ենք հայաստանեան այն կառոյցներուն, որոնք մեզի աջակցեցան ձեռնարկներու կազմակերպման համար:

Շնորհակալ ենք նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, եւ յատակապես նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին: Այս օրերու ընթացքին զգացինք տիկին նախարարի ջերմ ու սրտացաւ վերաբերմունքը եւ զօրակցութիւնը բոլորիս հանդէպ: Ամենակարեւորը հասկցանք, որ Հայրենիքի մէջ անտեսուած չենք:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.