Այսօր հայ երաժշտութեան երախտաւոր Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան օրն է


Սեպ­տեմ­բեր 26ին հայ ժո­ղո­վուր­դը կը նշէ ծննդեան տա­րե­դար­ձը իր հան­ճա­րեղ զա­ւակ­նե­րէն ա­մէ­նէն հո­գե­հա­րա­զա­տին` Հա­յու Հո­գին երգ ու ե­րաժշ­տու­թեամբ վեր­ծա­նած, շնչա­ւո­րած ու աշ­խար­հով մէկ հնչե­ցու­ցած ան­զու­գա­կան, անկրկ­նե­լի՛ Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տին, ո­րուն մա­հո­ւան ութ­սու­նա­մեակն է այս տա­րի։

Հայ ազ­գա­յին ե­րաժշ­տու­թեան աշ­խար­հահռ­չակ հիմ­նա­դի­րը ոչ միայն սե­փա­կան երգ տո­ւաւ Հա­յուն, այ­լեւ իր ան­ձին օ­րի­նա­կով, բարձ­րար­ժէք ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեանց յոր­դա­ռատ կեան­քով ու խե­լա­գար­ման ե­ղե­րա­կան վախ­ճա­նով` ինք­նին եր­գը դար­ձաւ մեր ժո­ղո­վուր­դի ճա­կա­տագ­րին։

Շն­չա­ւո­րեց ու ան­մա­հա­ցուց եր­գը բա­րու­թեամբ ու վեհ ա­րա­րու­մով մարդ­կա­յին քա­ղա­քակր­թու­թիւ­նը հարս­տա­ցու­ցած հայ ժո­ղո­վուր­դին, բայց նաեւ եր­գը` թրքա­կան պե­տու­թեան կող­մէ ցե­ղաս­պա­նա­կան ոճ­րա­գոր­ծու­թեամբ ան­ճի­տուած, հայ­րե­նազր­կո­ւած ու աշ­խար­հաս­փիւռ տարտղնո­ւած Հայ Ազ­գի Ող­բեր­գու­թեան։

Ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով Սո­ղո­մոն Գէոր­գի Սո­ղո­մա­նեան ծնած էր Քէօ­թա­հիա 26 Սեպ­տեմ­բեր 1869ին։ 11 տա­րե­կա­նին որ­բա­ցած եւ յանձ­նո­ւած էր Ս. Էջ­միած­նի Գէոր­գեան Ճե­մա­րա­նի խնա­մա­տա­րու­թեան։ Իր բա­ցա­ռիկ գե­ղե­ցիկ ձայ­նով` Սո­ղո­մոն ան­մի­ջա­պէս գրա­ւեց իր ու­սու­ցիչ­նե­րուն ու­շադ­րու­թիւ­նը, ո­րոնք ո­չինչ խնա­յե­ցին ե­րաժշ­տա­կան եւ բա­նաս­տեղ­ծա­կան մեծ տա­ղան­դով օժ­տուած պա­տա­նիին գե­ղա­րո­ւես­տա­կան մշակ­ման ու կա­տա­րե­լա­գործ­ման հա­մար։

Ա­պա­գայ Մեծն Կո­մի­տա­սի ե­րաժշ­տա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան մէջ հիմ­նա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցաւ իր ու­սու­ցի­չը` Սա­հակ Ա­մա­տու­նի, ո­րուն ղե­կա­վա­րու­թեամբ պա­տա­նի Սո­ղո­մոն նո­ւի­րո­ւե­ցաւ հայ հո­գե­ւոր ե­րաժշ­տու­թեան ու­սում­նա­սի­րու­թեան, հմտա­ցաւ հայ­կա­կան նո­թա­նե­րուն եւ ա­շա­կեր­տա­կան իր տա­րի­նե­րը ան­ցուց Ա­րա­րա­տեան դաշ­տի հա­յու­թեան պահ­պա­նած հո­գե­ւոր թէ ժո­ղովր­դա­կան եր­գե­րը հա­ւա­քե­լով, գրի առ­նե­լով եւ մշա­կե­լով։

Ս­տեղ­ծա­գոր­ծա­կան իր մշա­կում­նե­րուն ձեռ­նար­կեց 1890ին, Խա­չա­տուր Ա­բո­վեա­նի, բա­նաս­տեղծ Յով­հան­նէս Յով­հան­նի­սեա­նի եւ իր կրտսեր դա­սըն­կեր Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեա­նի գոր­ծե­րը դաշ­նա­ւո­րե­լով։ 1891ին, «Ա­րա­րատ» հան­դէ­սը լոյս ըն­ծա­յեց իր «Ազ­գա­յին Օր­ներգ»ը` երկ­ձայն, ինչ­պէս նաեւ ե­ռա­ձայն ու խմբա­յին կա­տա­րում­նե­րու հա­մար նա­խա­տե­սո­ւած ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը, ո­րուն բա­ռե­րը Ճե­մա­րա­նի ա­շա­կերտ Ա. Թաշ­ճեա­նին կը պատ­կա­նէին։

1893ին, Ճե­մա­րա­նի ու­սում­նա­կան շրջա­նը ա­ւար­տե­լով, ան­մի­ջա­պէս կո­չո­ւե­ցաւ Ճե­մա­րա­նէն ներս ու­սուց­չու­թեան` երգ ու ե­րաժշ­տու­թիւն սոր­վեց­նե­լու, ինչ­պէս եւ Մայր Տա­ճա­րի երգ­չա­խում­բին խմբա­վա­րու­թիւ­նը ստանձ­նե­լու հա­մար։ 1894ին կու­սակ­րօն քա­հա­նա­յի իր ուխ­տը կա­տա­րեց, ի­րեն շնոր­հո­ւե­ցաւ 7րդ դա­րու բա­նաս­տեղծ ու ե­րա­ժիշտ Կո­մի­տաս Կա­թո­ղի­կո­սի ա­նու­նը։ 1895ին ար­ժա­նա­ցաւ Վար­դա­պե­տի աս­տի­ճա­նին եւ այ­նու­հե­տեւ մեր ժո­ղո­վուր­դին ու աշ­խար­հին ճանչ­ցո­ւե­ցաւ Կո­մի­տաս Վար­դա­պետ ան­մահ ա­նու­նով։

1896ին, կարճ ժա­մա­նա­կով, Թիֆ­լի­սի մէջ ա­շա­կեր­տեց Մ. Եկ­մա­լեա­նի` հար­մո­նիա­յի դա­սեր առ­նե­լով եւ այ­նու­հե­տեւ ու­ղար­կո­ւե­ցաւ Պեր­լին, Ռ. Շ­մի­թի ա­նո­ւան մաս­նա­ւոր ե­րաժշ­տա­նո­ցին եւ, ա­պա, Ար­քու­նա­կան հա­մալ­սա­րա­նին մէջ ե­րաժշ­տա­կան իր բարձ­րա­գոյն ու­սու­մը ստա­նա­լու նպա­տա­կով։

1896էն 1899 Կո­մի­տաս Վար­դա­պետ ապ­րե­ցաւ Պեր­լին, ուր ոչ միայն մե­ծահռ­չակ ու­սու­ցիչ­նե­րու հո­գա­ծու­թեան տակ կա­տա­րե­լա­գոր­ծեց իր ձայ­նա­մար­զումն ու ե­րաժշ­տա­կան գի­տե­լիք­նե­րը, այ­լեւ` հա­մեր­գա­յին ե­լոյթ­նե­րով ու ե­րաժշ­տա­կան կա­տա­րում­նե­րով հայ ազ­գա­յին ե­րաժշ­տու­թիւ­նը ծա­նօ­թա­ցուց եւ սի­րե­լի դար­ձուց օ­տար հա­սա­րա­կու­թեան։

Նոյն շրջա­նին ա­րա­րեց նաեւ գեր­ման մեծ բա­նաս­տեղծ­նե­րու գոր­ծե­րուն վրայ հիմ­նո­ւած եր­գեր, ռո­մանս­ներ եւ խմբերգ­ներ, ո­րոնք մի­ջազ­գա­յին համ­բա­ւի ար­ժա­նա­ցու­ցին հայ հան­ճա­րեղ ե­րա­ժիշ­տին։ Իբ­րեւ այդ­պի­սին` Կո­մի­տաս Վար­դա­պետ հիմ­նա­դիր ան­դամ­նե­րէն ե­ղաւ նո­րաս­տեղծ Մի­ջազ­գա­յին Ե­րաժշ­տա­կան Ըն­կե­րու­թեան, ո­րուն Պեր­լի­նի բա­ժան­մուն­քին հրա­պա­րա­կա­յին ձեռ­նարկ­նե­րուն ե­լոյթ ու­նե­ցաւ՝ հայ ազ­գա­յին ե­րաժշ­տու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նող բա­նա­խօ­սու­թիւն­նե­րով ու կա­տա­րում­նե­րով։

Վե­րա­դառ­նա­լով Էջ­միա­ծին` Կո­մի­տաս Վար­դա­պետ ե­ռան­դով լծո­ւե­ցաւ մէկ կող­մէ ման­կա­վար­ժա­կան գոր­ծու­նէու­թեան, ար­ժէ­քա­ւոր ե­րա­ժիշտ­նե­րու սե­րունդ հասցնե­լով, իսկ միւս կող­մէ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան բե­ղուն աշ­խա­տան­քի՝ ժո­ղովր­դա­կան եւ գեղջ­կա­կան մեր եր­գե­րու հա­ւաք­ման ու մշակ­ման իր հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րը ամ­բող­ջաց­նե­լով։

1906ին հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ փա­րիզ` իր յօ­րի­նում­ներն ու կա­տա­րում­նե­րը ներ­կա­յաց­նե­լու ճոխ յայ­տագ­րով, նաեւ դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ կար­դա­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին` հո­գե­ւոր եւ ժո­ղովր­դա­կան ե­րաժշ­տու­թեան վե­րա­բե­րեալ։ Նոյ­նօ­րի­նակ ե­լոյթ­նե­րու հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ նաեւ Զո­ւի­ցե­րիա, Վե­նե­տիկ եւ Վիեն­նա` ա­մէ­նուր բարձ­րա­գոյն գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նան­լով։ Աշ­խար­հահռ­չակ ե­րա­ժիշտ­նե­րու վկա­յու­թեամբ` Կո­մի­տաս Վար­դա­պետ ար­ժա­նա­ցաւ ե­րաժշ­տա­կան աշ­խար­հի մէջ Ներ­դաշ­նա­կու­թեան եւ Բազ­մա­ձայ­նու­թեան Հա­զո­ւա­գիւտ Վար­պե­տի կո­չու­մին։

1910ին սկսաւ մեծ վար­դա­պե­տին կեան­քի բախ­տո­րոշ շրջա­նը։ Էջ­միած­նէն տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ Պո­լիս, ուր ման­կա­վար­ժա­կան ծա­ւա­լուն գոր­ծու­նէու­թեան զու­գա­հեռ` հա­մեր­գա­յին եւ կա­տա­րո­ղա­կան նա­խան­ձե­լի ե­լոյթ­ներ ղե­կա­վա­րեց։ Շր­ջե­ցաւ Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան հա­յա­շատ բո­լոր քա­ղաք­ներն ու օս­մա­նեան տի­րա­պե­տու­թեան են­թա­կայ եր­կիր­նե­րու հա­յա­շատ գա­ղութ­նե­րը` ա­մէ­նուր տա­րա­ծե­լով եւ պաշ­տա­մուն­քի ար­ժա­նաց­նե­լով հայ հո­գե­ւոր ու ժո­ղովր­դա­կան երգն ու ե­րաժշ­տու­թիւ­նը։

Այդ շրջա­նի իր մե­ծա­գոյն ի­րա­գոր­ծում­նե­րէն մէ­կը ե­ղաւ «­Գու­սան» (հե­տա­գա­յին` «­Հայ Գու­սան») երգ­չա­խում­բին կազ­մու­թիւ­նը, ո­րուն մի­ջո­ցաւ Կո­մի­տաս Վար­դա­պետ լծո­ւե­ցաւ իր ար­ժա­նա­ւոր յա­ջորդ­նե­րու ե­րաժշ­տա­կան պատ­րաս­տու­թեան։ Այդ աշ­խա­տան­քին ար­գա­սի­քը ե­ղան «­Կո­մի­տա­սեան հինգ սա­ներ» ա­նու­նով` հե­տա­գա­յին ի­րենց կար­գին հռչակուած հայ մեծ ե­րա­ժիշտ­նե­րը.- Բ. Կա­նա­չեան, Մ. Թու­մա­ճան, Վ. Սար­գի­սեան, Վ. Ս­րո­ւանձ­տեան եւ Յ. Սե­մէր­ճեան։

Կո­մի­տաս Վար­դա­պետ չբա­ւա­րա­րո­ւե­ցաւ հայ ազ­գա­յին ե­րաժշ­տու­թեան սահ­ման­նե­րով։ Ե­ռան­դով լծո­ւե­ցաւ նաեւ թրքա­կան ժո­ղովր­դա­յին ե­րաժշ­տու­թեան, ինչ­պէս եւ ընդ­հան­րա­պէս ա­րե­ւե­լեան ժո­ղո­վուրդ­նե­րու եր­գա­րո­ւես­տին ու­սում­նա­սի­րու­թեան ու մշա­կու­մին։ Յատ­կա­պէս թուրք հա­սա­րա­կու­թիւ­նը մե­ծա­պէս գնա­հա­տեց հա­յոց մեծ վար­դա­պե­տին ներդ­րու­մը, բայց ա­տի­կա բա­ւա­րար չե­ղաւ թրքա­կան պե­տու­թեան վա­րիչ­նե­րուն հա­մար, որ­պէս­զի խնա­յեն կեան­քը ար­դէն ամ­բողջ աշ­խար­հին պատ­կա­նող հան­ճա­րեղ ե­րա­ժիշ­տին։

Կո­մի­տաս Վար­դա­պետ, իր կար­գին, 24 Ապ­րիլ 1915ին են­թար­կո­ւե­ցաւ հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւ­նը հա­րո­ւա­ծող ա­հա­ւոր խոր­շա­կին, ապ­րե­ցաւ տա­րագ­րու­թեան մղձա­ւան­ջը, թէեւ մարմ­նա­պէս փրկո­ւե­ցաւ սպան­դէն, բայց վերջ­նա­կա­նա­պէս կորսն­ցուց իր հո­գեմտա­ւոր հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը…

Ինչ­պէս որ տաս­նա­մեակ­ներ ետք մե­ծա­նուն Սե­ւակ պի­տի գո­ռար` «­Դէ եկ վար­դա­պետ ու մի խե­լա­գա­րիր»…

Ինչ­պէ՜ս չխե­լա­գա­րէր Մեծն Կո­մի­տաս` ի տես այն ա­նա­սե­լի ցե­ղաս­պա­նու­թեան, ո­րուն բար­բա­րո­սա­կան գոր­ծադ­րու­թեամբ թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը իր… «ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն»ը յայտ­նեց դա­րե­րով թրքա­կան հա­սա­րա­կու­թիւնն ու մշա­կոյ­թը հարս­տա­ցու­ցած հայ ժո­ղո­վուր­դին։ 1919ին, ար­դէն ծան­րօ­րէն հի­ւանդ` Կո­մի­տաս Վար­դա­պետ տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ Փա­րիզ, ուր ա­ւե­լի քան 15 տա­րի հո­գե­բու­ժա­կան խնամ­քի ար­ժա­նա­ցաւ, բայց եր­բեք չա­պա­քի­նե­ցաւ։ Եւ 22 Հոկ­տեմ­բեր 1935ին, իր ամ­բողջ ազ­գին խա­չե­լու­թիւ­նը սե­փա­կան աչ­քե­րով տե­սած եւ հո­գե­պէս «նա­հա­տա­կո­ւած» Մեծն Կո­մի­տաս նաեւ մարմ­նա­պէս հե­ռա­ցաւ մեր աշ­խար­հէն։

Հայ­կեան Հան­ճա­րին ե­րաժշ­տա­կան դափ­նեպ­սա­կը հան­դի­սա­ցող Մեծն Կո­մի­տա­սի ա­ճիւն­նե­րը տա­րո­ւե­ցան Հա­յաս­տան, ուր իր վերջ­նա­կան հան­գիս­տը գտաւ հայ ազ­գա­յին ե­րաժշ­տու­թեան ե­ղե­րա­բախտ հիմ­նա­դիրն ու ան­գե­րա­զան­ցե­լի Վար­պե­տը։

Ն.


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.