«Վերածնունդ» Ծրագրով Թաքուն Հայերը Կը Ծանօթանան Հայրենիքին Եւ Իրենց Արմատներուն
Ռաֆֆի Պետրոսեան «Armenian Weekly»-ի մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը պատմէ թաքուն հայերու (իսլամացած հայեր) այս ամրան Հայաստան այցելութեան «Վերածնունդ» Ծրագրին մասին։ «Վերածնունդ» (Project Rebirth) Ծրագիրը կազմակերպողը եղած է Ռաֆֆի Պետրոսեանը, որ Թորոնթոյէն Երեւան ժամանած է ծրագիրը իրագործելու համար:
Ան կը գրէ. «Ոմանք Տիգրանակերտէն, Սասունէն եւ Ուրֆայէն վարձուած փոխադրակառքով եկան, ուրիշներ պետական փոխադրամիջոցով Տէրսիմէն Թիֆլիսի ճամբով։ Ոմանք Համշէն շրջանի Արդուինէն Պաթումի ճամբով եկան, ուրիշներ Հոփայէն՝ իրենց ինքնաշարժով։ Բոլորին հասցէն մէկ էր՝ Երեւանը։
«Իրենց արմատներուն, մշակոյթին ու լեզուին վերատիրանալու համար Իսլամացած 50 թաքուն հայերու Տիգրանակերտէն Հայաստան առաջին այցելութեան յաջողութենէն ետք, ծրագիրը այս տարի աւելի ընդլայնուած ձեւով կրկնուեցաւ։
«Ծրագիրը, որ այժմ պաշտօնապէս կը կոչուի «Վերածնունդ», մաս կը կազմէ իսլամացած հայերուն աջակցելու մեծաթիւ ձեռնարկներուն։ Այս տարի, 80 իսլամացած հայեր Թուրքիայէն բերինք հայրենիք մասնակցելու համար Սփիւռքի նախարարութեան «Արի Տուն» ծրագրին։
«Ծրագրաւորելէ, ֆինանսաւորում ապահովելէ, կազմակերպելէ եւ Հայաստանի մէջ կառավարական պաշտօնատարներու եւ պանդոկներու հետ բանակցութիւններէ ետք, ճամբորդութիւնը տեղի ունեցաւ Օգոստոսի առաջին շաբթուան ընթացքին։
«Ծրագիրին մասնակիցները Երեւանի մէջ դիմաւորուեցան շրջապտոյտի կազմակերպիչին կողմէ, որ Թորոնթոյէն հասած էր Երեւան։ Այցելութեան թուականը ճշդուած էր զուգադիպելու համար Համահայկական խաղերուն, որոնց մասնակցելու համար աշխարհի չորս կողմէն Հայաստան եկած էին 6200 մարզիկներ, ներառեալ Թուրքիայէն 450 մարզիկներ, որոնք կը ներկայացնէին հայկական պատմական բնօրրաններ Վանը, Պիթլիսը, Մուշը, Տէրսիմը, Տիգրանակերտը եւ Մուսա լերը։
«Այս տարի, յաւելեալ աշխատանք տարուեցաւ երիտասարդ սերունդին մասնակցութիւնը ապահովելու համար։ Իբրեւ արդիւնք, շարք մը պատանիներ, որոնք անցեալ տարի ճամբորդութեան մասնակցեցան, այժմ խմբակին մաս կը կազմէն։ Մասնակիցներուն տարիքները կը տարուբերէին 11-էն 87-ի միջեւ։ Իսլամացած հայերը տարբեր ասպարէզներու տէր մարդիկ էին՝ ուսուցիչներ, փաստաբաններ, արուետագէտներ, գրողներ, բանաստեղծներ, երկրորդական վարժարաններու եւ համալսարաններու ուսանողներ, առեւտրականներ, տան տիկիններ եւ հանգստեան կոչուածներ։ Անոնք կրնան գրեթէ իւրաքանչիւր նիւթի վերաբերեալ տարբեր տեսակէտներ ունենալ, սակայն անոնք բոլորն ալ նոյն նպատակը ունին՝ փտռել եւ գտնել իրենց հայկական արմատները։ Անոնց կեանքի պատմութիւններն ու արմատներու փնտռտուքը իրարմէ տարբեր են։
«Անոնք բոլորն ալ ժառանգորդներն են 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան «կենդանի զոհերուն»՝ որբացած հայ տղաք ու աղջիկներ, որոնք գերեվարուած էին կամ վաճառուած թուրքերու եւ քիւրտերու եւ ապա՝ իսլամացուած, թրքացուած ու քրտացուած։
«Իբրեւ ձուլումի ենթարկուած այս որբերուն թոռները, անոնք իրենց հայկական ծագումին մասին տեղեակ դարձան իրենց կեանքի տարբեր հանգրուաններուն ընթացքին։ Ոմանք իրենց հայկական ծագումին մասին տեղեակ դարձան կանուխ տարիքի, իսկ ուրիշներ հասուն տարիքի՝ իրենց ծնողներուն կամ մեծ հայրերու եւ մայրերու մահուան ժամանակ։
«Այս այցելութեան ընթացքին անոնք իւրաքանչիւր առաւօտեան մեծ հետաքրքրութեամբ մասնակցեցան հայերէն լեզուի դասընթացքներուն, որմէ ետք օրուան ընթացքին այցելեցին պատմական յատկանշական վայրեր, իսկ երեկոյեան ներկայ գտնուեցան մշակութային ձեռնարկներու։ Հետաքրքրական էր, որ Համշէնի շրջանէն եղող մասնակիցները հայերէնի բարբառ մը կը խօսէին եւ դիւրութեամբ կրնային հաղորդակցիլ փողոցը գտնուող հայերուն հետ։
«Խումբին մասնակցած մշակութային ձեռնարկներէն մէկը՝ համերգս էր, որուն ընթացքին կատարեցի Կոմիտասէն, Խաչատուրեանէն, Ալան Յովհաննէսէն եւ Էտկար Յովհաննիսեանէն կտորներ։ Հայկական մամուլն ու պատկերասփիւռի կայանները լայն կերպով անդրադարձան լեցուն սրահով համերգին եւ խմբակին աշխատանքներուն։
«Այս այցելութեան իբրեւ արդիւնք, անոր մասնակիցները, երբ Թուրքիա վերադառնան պիտի դադրին թաքուն հայեր ըլլալէ, որովհետեւ իրենց ինքնութիւնը բացայայտուած է՝ նկատառելի կերպով վտանգելով զիրենք եւ իրենց ընտանիքները։ Անոնք կրնան իրենց գործատէրերուն կողմէ խտրական վերաբեմունքի արժանանալ կամ պետական պաշտօնեայ ըլլալնուն պարագային պաշտօնազրկուիլ, կորսնցնել իրենց իսլամ բարեկամները, դրացիները եւ նոյնիսկ իրենց ընտանիքի մնացեալ անդամները, որոնք կը նախընտրեն մնալ իսլամ թուրքեր կամ քիւրտեր։ Սակայն անոնք բոլորն ալ պատրաստ են այդ խնդիրները դիմագրաւելու։
«Ամբողջ ճամբորդութեան ընթացքին քննարկուեցան այցելութիւնները, Project Rebirth-ի անմիջական եւ հեռահաս նպատակները եւ թաքուն հայերու կարիքները։ Իբրեւ իրենց հայկական ինքնութիւնը բացայայտելու վտանգին դիմելու պատրաստակամ քաջ մարդիկ՝ անոնք հայերէն լեզուի դասաւանդման եւ Հայաստանի հետ մշակութային խումբերու փոխանակման առնչուած աջակցութեան մեքանիզմներու կարիքը ունին, ինչպէս նաեւ իրենց քաղաքներուն ու գիւղերուն մէջ լքուած կամ քանդուած հայկական եկեղեցիներու, գերեզմանոցներու եւ այլ յուշակոթողներու վերականգնման ծրագիրներու առնչուած մասնագիտական օժանդակութեան կարիք ունին։
«Project Rebirth-ի կազմակերպիչները կը յուսան այս նոր հայերուն մօտ խթանել փափաքը սորվելու հայերէն լեզուն ու հայոց պատմութիւնը, զանոնք մղել, որպէսզի հայկական եկեղեցիներու վերանորոգման համար ծրագիրներու մշակումն ու գործադրումը կատարեն։
«Project Rebirth-ի նպատակները լաւապէս սահմանուած են, եւ կարգ մը կարճատեւ նպատակներ արդէն իսկ իրագործուած են։ Այդպիսի օրինակ մըն է անցեալ տարի կազմակերպիչներուն եւ Սփիւռքի նախարարութեան միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը անցեալ տարուան այցելութեան մասնակցած Տիգրանակերտէն երկու համալսարանականներուն արտօնելու իրենց ուսումը ձրիաբար շարունակելու Հայաստանի մէջ։ Մեծ պարծանքով եւ գոհունակութեամբ դիտեցինք այդ աշակերտներէն մէկուն, Երեւանի պետական համալսարանին մէջ միամեայ հայերէն լեզուի խտացեալ դասընթացքներու հետեւելէ ետք, այս տարուան այցելութեան մասնակիցներուն իբրեւ առաջնորդ եւ թարգման ծառայելը։
«Project Rebirth-ի, գլխաւոր նպատակը Թուրքիոյ մէջ հայկական պատմական հողերուն վրայ վերստեղծելն է հայկական ներկայութիւն՝ ժողովուրդի, մշակոյթի եւ ճարտարապետութեան առումով։
«Թէեւ Հայաստանի մէջ որոշ ազդեցիկ ղեկավարներու կողմէ աջակցութիւն եւ գնահատանք գոյութիւն ունի, սակայն Project Rebirth-ի նշանակութիւնն ու կարողականութիւնը կարգ մը սփիւռքահայ ղեկավարներու եւ կազմակերպութիւններու կողմէ տակաւին լաւապէս չէ ըմբռնուած։ Մեր յոյսն է, որ Թուրքիոյ մէջ թաքուն հայերուն առնչուած նոր իրականութեանց յաւելեալ գիտակցութեան լոյսին տակ՝ Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ հայերը պիտի կարողանան Project Rebirth-ի ճամբով շրջել անցեալի կորուստները»։
Այցելութիւնը կազմակերպուած եւ հովանաւորուած էր Ռաֆֆի Պետրոսեանի կողմէ, իսկ յաւելեալ աջակցութիւն ցուցաբերած էին Գալուստ Կիւլպենկեան հիմնարկը, ՀԲԸՄ-ի Ասպետները եւ կարգ մը անհատներ։