Արթուր Ալեքսանեան Պարգեւատրուեցաւ Պետական Բարձր Շքանշանով


arthur-alexanyan_9-22-15

Ըմբշամարտի աշխարհի կրկնակի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով պարգեւատրուեցաւ «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար» 2-րդ կարգի շքանշանով, յայտնեց նախագահին մամլոյ քարտուղարութիւնը:

Ալեքսանեան իր այս շքանշանը ստացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 24-րդ տարեդարձին առիթով տեղի ունեցած պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին, հաղորդեց ArmSport.am:

Նշենք, որ հանդիսաւոր այս արարողութեան մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ Միհրան Յարութիւնեան:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.