Գանատայի խորհրդարանի նախկին անդամ Ճիմ Քարիճիանիս պարգեւատրուեցաւ ՀՀ «Մխիթար Գոշ» մետալով


Սեպտեմբեր 18-ին, Թորոնթոյի մէջ կայացած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման տարեդարձին նուիրուած հանդիսութեան մը ընթացքին, Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Եգանեան «Մխիթար Գոշ»ի անուան Հայաստանի Հանրապետութեան պետական մետալով պարգեւատրեց Գանատայի խորհրդարանի նախկին անդամ Ճիմ Քարիճիանիսը, հայ ժողովուրդին համար մատուցած իր ծառայութիւններուն համար։

Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առնելով, Ճիմ Քարիճիանիս յայտնեց, թէ Թուրքիոյ պետութիւնը պարտաւորութիւնը ունի ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ յոյս յայտնեց, որ պատմութեան մէջ օր մը, Արցախը վերջնականապէս կը միանայ Հայաստանի։

Գանատայի Ազատական կուսակցութեան անդամ Ճիմ Քարիճիանիս 1988-2014 եղած է Գանատայի խորհրդարանի անդամ, իսկ 2014-ի Հոկտեմբերին ընտրուած է Թորոնթոյի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ։

Ճիմ Քարիճիանիս, Գանատայի խորհրդարանին մէջ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով կարեւոր աշխատանք տարած է եւ մեծ ներդրում ունեցած է 2004-ին Գանատայի խորհրդարանի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղուած թիւ M-380  բանաձեւի որդեգրման յաջողութեան մէջ։

2012-ի Յուլիսին, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, Ճիմ Քարիճիանիս իբրեւ դիտորդ մասնակից դարձած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն։

2015-ի Մայիս 6-ի Թորոնթոյի քաղաքապետութեան խորհուրդի նիստին, Քարիճիանիս ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ MM6.7 բանաձեւը, որ նոյն օրը վաւերացուեցաւ քաղաքապետական խորհուրդին կողմէ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.