50 նոր բնակարան Արցախի Աղաւնօ համայնքին մէջ


Շուտով շահագործման կը յանձնուի 50 նոր բնակարան ԼՂՀ Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնօ համայնքին մէջ:

Վերաբնակեցման գօտիի զարգացման ծիրէն ներս ԼՂՀ կառավարութեան, Կիպրոսի մէջ արձանագրուած «ARI 3 Limited» ընկերութեան եւ Արցախի ներդրումային հիմնադրամի համաֆինանսաւորմամբ» կը գրէ zham.am-ը: Աղաւնոյի մէջ կեանքի կոչուեցաւ այս ծրագիրը, որ առաջին հերթին միտուած էր զարկ տալու Արցախի ժողովրդագրութեան աճին:

Ծրագիրը եռափուլ է, իւրաքանչիւր փուլի մէջ կը նախատեսուի կառուցել 50 բնակելի առանձնատուն: Շինարարական աշխատանքները սկսած էին 2013 թուականէն: Այն կ’իրականացնեն  քանի մը կապալառու ընկերութիւններ: Այժմ կը տարուին բնակարաններու ներքին յարդարման, տարածքի բարեկարգման եւ ջուրի ներքին կոյուղացանցի աշխատանքները:

Աղաւնոյի բնակիչները մշտական ջուր կ’ունենան:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.