6-րդ դարուն Պաղեստինի մէջ 70 հայկական վանքեր կը գործէին


6-րդ դարուն Պաղեստինի մէջ կային շուրջ 70 հայկական վանքեր, որոնցմէ շատեր յիշատակարաններն էին Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի, Տրդատ թագաւորի, եւ բարեպաշտ իշխան ու մեծատանց, ինչպէս ցոյց կու տան անոնց անունները, օրիանակ` Արծրունեաց Վանք, Մամիկոնէից Վանք, Ռշտունեաց Վանք, Խորխորունեաց Վանք, Արշակունեաց Վանք, Կամսարականաց Վանք, Ամատունեաց Վանք, Պալունեաց Վանք, Վարաժնունեաց Վանք,Վանանդացեաց Վանք, Քաջբերունեաց Վանք, Սիսնեաց Վանք. ասոնցմէ շատ շատեր կը պահուէին իրենց տանուտէրներու կողմէ ղրկուած ռոճիկներով ու ծախսագումարներով: Այս սրբավայրերէն շատեր, մասնաւորաբար Երուսաղէմէն դուրս գտնուողները, քանդուած են նախ` պարսկական պատուհասումով եւ ապա` հակաքրիստոնեայ խառնիճաղանճներու, ընչաքաղց արշաւախումբերու կողմէ, իսկ մաս մըն ալ յափշտակուած է իսլամներու կողմէ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.