Ղարաբաղը Պատրաստ Է Ազրպէյճանին Ջուր Տրամադրելու


Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները պատրաստ են համագործակցելու Ազրպէյճանի հետ եւ անոր ջուր տրամադրելու, յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի բանբեր Դաւիթ Բաբայեան` արձագանգելով ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիքին:

Ուորլիք Ինսթակրամի վրայ տեղադրած էր Սարսանգի ջրամբարին լուսանկարը եւ կատարած` հետեւեալ գրառումը.

«Գիտէ՞ք, թէ ո՛ւր եմ: Ես այս լուսանկարը նկարուած եմ նախորդ տարի համանախագահներուն հետ: Մենք պէտք է երաշխաւորենք, որ ջրամբարը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան ապահովել անվտանգ եւ յուսալի ուժանիւթ: Կարեւոր է նաեւ, որ ամբարտակը անվտանգ ըլլայ, եւ ստորին հոսանքին` Ազրպէյճանի մէջ գտնուողները ջուր ունենան, երբ ատիկա անհրաժեշտ է: Ինչո՞ւ կողմերը չեն կրնար համագործակցիլ, երբ ատիկա կը բխի անոնց փոխադարձ շահերէն: Ասիկա երկուստեք շահաւէտ է, եւ մենք պատրաստ ենք օգնելու»:

Բաբայեան նշած է, որ Ուորլիքի գրածը բազմաթիւ անգամ առաջարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի կողմէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահներուն, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանին, սակայն միշտ մերժում ստացած են Ազրպէյճանի կողմէ:

«Մենք պատրաստ ենք նաեւ ազրպէյճանական կողմին տրամադրել ջուր, դրա մասին խօսում ենք դեռ 1998-99 թուականներից», ըսած է ան` աւելցնելով, որ ներկայ դրութեամբ տնտեսական իմաստով Լեռնային Ղարաբաղ նման կարիք չունի, եւ ատիկա պարզապէս մարդասիրական մօտեցում պիտի ըլլայ` ուղղուած նաեւ փոխվստահութեան մթնոլորտի ամրապնդման:

«Բայց հակառակ կողմը մերժում է: Աւելի՛ն. փորձում է շահարկել, ցոյց տալ, որ իբր թէ  Սարսանգի ջրամբարն անվտանգ չէ, ինչն այդպէս չէ: Շահարկում են, սեւ փիարով են զբաղւում: Սա է խնդիրը: Մենք պատրաստ ենք փոխշահաւէտ համագործակցութեան, այսինքն` տրամադրենք ջուր, փոխարէնը ինչ-որ այլ ապրանքներ վերցնենք, եթէ հակառակ կողմը պատրաստ է նման համագործակցութեան: Եթէ ոչ, ոչ: Խնդիրն իրենցն է», յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի բանբերը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.