Ատրպէյճանի Լեզգիներու Եւ Թալիշներու Կոչը


ԵՐԵՒԱՆ, national.am.– Հաւանական պատերազմական գործողութիւններու պարագային, Ատրպէյճանի թուրքերը մինակ կը մնան հայերուն դիմաց, որովհետեւ փոքրամասնութիւնները յայտարարած են, որ չէզոք դիրք պիտի որդեգրեն։ Այս մասին կը գրէ Արման Յարութիւնեան։

Լեզգիներու «Ռիադերբենդ» կայքը գրած է, թէ գաղտնիք չէ այն փաստը, որ ատրպէյճանական բանակին մէջ կը ծառայեն ազգութեամբ լեզգիներ, թալիշներ, աւարներ, ցախուրներ եւ այլ ազգերու ներկայացուցիչներ: Կայքը նշած է նաեւ, որ Ատրպէյճանի մէջ տիրող փտածութեան պատճառով, յաճախ սահմանագիծին վրայ՝ հայ զինուորներուն դիմաց կը յայտնուին նաեւ ոչ ատրպէյճանցիներ։ Արդարեւ, ատրպէյճանցիներուն մեծ մասը իրենց սիրասուն զաւակները ամէն գնով հեռու կը պահեն շփման գիծին մէջ ծառայելու վտանգէն, իսկ տարբեր ազգերու պատկանողները ատիկա չեն կրնար ընել: Ահա թէ ինչու Ալիեւին համար արժէք չունին ատրպէյճանական կողմի զոհերը: Յօդուածին աւարտին կոչ կ՛ուղղուի լեզգիներուն՝ չմասնակցելու հայ-ատրպէյճանական պատերազմին՝ շեշտելով, որ ԱՍԻԿԱ ՄԵՐ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ՉԷ, ՄԵՆՔ ԱՅՍ ՊԱՀԷՆ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՆՔ, ՈՐ ՉԷԶՈՔ ԵՆՔ:

Իսկ թալիշներու կայքին վրայ կը հաստատուի, որ սահմանագիծին վրայ յաճախ տարբեր ազգերու պատկանողներ կանգնած են հայ զինուորին դիմաց՝ աւելցնելով, որ իրենց կռիւը ո՛չ թէ հայու դէմ է, այլ՝ թուրքի: Ուղղուած է հարցում մը, թէ արդեօք հայերը իրենց թշնամի՞ են, թէ ոչ. «Միթէ հայե՞րը մեզ կը թրքացնեն, միթէ հայե՞րը մեզ կ՛արգիլեն թալիշերէն խօսիլ, մեր երեխաներուն մայրենի լեզուն սորվեցնել, հայե՞րը կ՛ոչնչացնեն մեր հնամենի մշակոյթը եւ մեզ կը ղրկեն կռիւի, որուն հետ կապ չունինք»: Աւարտելով յօդուածը՝ կայքը կոչ կ՛ուղղէ թալիշ զինուորին չկռուելու հայուն դէմ, այլ պատրաստուելու Թալիշստանի անկախութեան համար կռիւի:

Նշենք, որ լեզգիները եւ թալիշները իրենց թիւով Ատրպէյճանի մէջ կը գրաւեն երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.