Համազգայինի ArtLinks 2015 Շաբաթավերջը


Թամար Տօնապետեան – Գուզուեան

Նիւ Եորք նահանգի տեսարժան վայրերէն մէկուն, խիտ ծառաստաններու գիրկը ծուարած՝ Հանթըր գիւղաքաղաքին մէջ, Հինգշաբթի Օգոստոս 27-ի երեկոյեան, «Your Own Inn» պանդոկ սկսան ժամանել Թորոնթոյէն, Նիւ Ճըրզիէն, Նիւ Եորքէն, Մասաչուսէցէն եւ Քալիֆորնիայէն երիտասարդներ ու իրենց մարզերուն մէջ մեծ համբաւի տիրացած արուեստագէտներ, Համազգային ArtLinks 2015 ծրագրին իրենց մասնակցութիւնը բերելու։
Ծրագիրը յառաջացած է Համազգայինի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան, ինչպէս նաեւ՝ Գանատայի շրջանային վարչութիւններու միացեալ ջանքերով, իբր արդիւնք Կեդրոնական վարչութեան Հիւսիսային Ամերիկայի ընկերներուն կազմակերպած միջ-շրջանային Գ. ժողովին, կայացած Պոսթընի մէջ Մարտ 7-8, 2015-ին։
Համազգայինի պատմութեան մէջ, իր բնոյթին մէջ առաջինն է ArtLinks ծրագիրը. նպատակն է մշակութային մարզերու մէջ հետաքրքրութիւն եւ տաղանդ ցուցաբերած հայ երիտասարդներ շաղկապել հայ արուեստագէտներու հետ եւ յատուկ աշխատանոցներու ու զրոյցներու միջոցով, գիտելիքներ փոխանակել, փորձառութիւններ կիսել եւ ի վերջոյ՝ կապեր ստեղծել իրարու միջեւ։

Ալին Օհաննէսեանի աշխատանոցէն

Ալին Օհաննէսեանի աշխատանոցէն

Համազգային ArtLinks 2015 ծրագրի վարիչը, Հայ Ցեղասպանագիտութեան մէջ ճանաչում գտած մտաւորական՝ Խաչիկ Մուրատեանն է։ Անոր ներդրումով, ընտիր արուեստագէտներու խումբ մը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէր ծրագրին. յանձինն՝ Գալիֆորնիոյ նահանգի համալսարանի դասախօս՝ Դոկտ. Դալար Շահինեանի, լուսանկարիչ՝ Սքաութ Թիւֆանքճեանի, գրող՝ Ալին Օհաննէսեանի, դերասան՝ Էրիք Պօղոսեանի եւ ժապաւէնի բեմադրիչ՝ Էրիք Նազարեանի։
«Your Own Inn»ը լայն ու կանաչ տարածաշրջանի մէջ, լողաւազանով, բազմաթիւ սենեակներով ու յարկերով օժտուած տուն է, Հանթըրի նեղ ու ոլորապտոյտ ճամբաներէն՝ Route 296-ի վրայ։ Հինգշաբթի գիշեր, գինիի ու պանիրի շուրջ, տախտակով ու քարով պատուած մեծ լուսամուտներով գրադարան-նստասենեակին մէջ մտերմիկ զրոյցները ծայր կ՚առնեն ու կը շարունակուին երկար։ Ծրագրին մասնակցողներէն անդին, ներկայ են Համազգայինի կեդրոնական վարչութենէն ընկերներ Հրայր Պարոնեանն ու Վիգէն Թիւֆէնքճեանը, Արեւելեան եւ Արեւմտեան Ա.Մ.Ն.-ի եւ Գանատայի շրջանային վարչութիւններէն ներկայացուցիչներ։
Ուրբաթ առաւօտեան ժամը 8-ին, սուրճի հոտը բոլորը կը քաշէ դէպի տան ճաշասենեակը, ուր Մոնրէալէն ժամանած խոհարար՝ Լեւոն Գաբրիէլեանն ու օժանդակ ընկերուհիներ նախաճաշի սեղանը պատրաստած են։ Ժամը 9-ին գրադարանին մէջ ծայր կ՚առնէ յայտագրին առաջին բաժինը։ Շրջանային վարչութիւններու կողմէ խօսք կ՚առնէ Թամար Տօնապետեան Գուզուեան, հակիրճ ակնարկ մը նետելով ArtLinks ի գերագոյն նպատակին վրայ ու կը հրաւիրէ Հաւաքի ընդհանուր վարիչ՝ Խաչիկ Մուրատեան, որ ներկայացնէ առաջին դասախօսը, Քալիֆորնիայէն ժամանած՝ Դոկտ. Դալար Շահինեան։

Էրիք Նազարեանի աշխատանոցէն

Էրիք Նազարեանի աշխատանոցէն

Նիւթը հայ գրականութեան կը վերաբերի։ Դոկտ. Շահինեանի աշխատանոցը կը սկսի Վարուժանի մէկ յօդուածէն հատուածով մը, լոյս տեսած Ազատամարտի մէջ 1912-ին, «Հայ լեզուի խնդիրը» խորագրին տակ, հայ լեզուի զարգացման, գրաբարէն աշխարհաբար, արեւելահայերէնի ու արեւմտահայերէնի մշակման մասին։ ժամանակագրական զուգահեռ մը քաշելով հայ գրականութեան զարգացման եւ հայ ազգի պատմութեան միջեւ, Դոկտ. Շահինեան կը յաջողի հետաքրքրութիւն ստեղծել հայ լեզուի կրած փոփոխութիւններուն մասին, յատկապէս լուսարձակը նետելով անցնող հարիւր տարիներուն վրայ ու հասնելով մինչ մեր օրերը, ըլլայ այդ Հայաստանի թէ սփիւռքեան զանազան գաղթօճախներու մէջ։ Ան խմբակներու բաժնելով թիւով 15 մասնակցողները, վեց տարբեր նիւթեր կը յանձնէ իրենց, նիւթերը սերտելու եւ տեսակէտներ կամ առաջարկներ ներկայացնելու համար։ Օրինակ՝ ինչպէ՞ս կարելի է մշակոյթի եւ մշակութային հրատարակութիւններու մասին մեր հասկացողութիւնը զարգացնել. արդեօք առցանց հրատարակութիւնները, ընկերային ցանցերու գոյութիւնը հայութեան միջեւ կապեր հաստատելու, տեսակէտներ բաժնելու եւ գործակցելու հնարաւորութիւններ կը ներկայացնե՞ն։ Այլ օրինակ մը՝ ի՞նչ է դերը թարգմանական աշխատանքին, հայ գրականութեան ապագան ապահովելու համար. մտահոգութիւնները կա՞ն կամ յառաջիկայ քայլերու մասին ծրագիրներ կա՞ն այս գծով։11917679_10153490961356132_1465973582738935307_n

Աշխատանոցին յատկացուած երկու ժամը կը սահի. մասնակցողները այնքան հետաքրքրուած կը շարունակեն զրուցել իրարու հետ, որ կը որոշեն չդադրիլ մինչեւ ճաշի պահը, որմէ ետք կ՚անցնինք երկրորդ աշխատանոցին։
Հանրաճանաչ լուսանկարիչ՝ Սքաութ Թիւֆանքճեանի համար լուսանկարներու պատմութիւնը կամ նիւթը կը բխի իր հետաքրքրութիւններէն։ Ի հարկէ, լուսանկարներու հաւաքածոներ ունի որոնք ստանձնած պարտականութեան մը արդիւնքն են. օրինակ՝ նախագահ՝ Պարաք Օպամայի ընտրական արշաւին իբր լուսանկարիչ իր պաշտօնը։11896240_10153490949106132_7037088779762963925_nՍակայն, կը բացատրէ Թիւֆանքճեան, այն ինչի որ ինք կը ձեռնարկէ, ինչ որ ինք կը ծրագրէ, կը բխի իր հետաքրքրութիւններէն։ Սահիկներու ցուցադրութեան ընդմէջէն, անձնական փորձառութիւններ կը բաժնէ ծրագրին մասնակցող երիտասարդներուն հետ. ըլլան անոնք Կազայի մէջ ապրած իր կեանքէն առնուած արկածախնդրական պահեր, աշխարհի տարածքին հայկական գաղթօճախներու մէջ ունեցած փորձառութիւններ եւ այլ։ Անդրադառնալով իր ստուար գրքին՝ «Միայն աշխարհը կայ», Թիւֆանքճեան իր ոսպնեակէն դիտուած կը պատմէ հայկական գաղթօճախներու հայութեան մասին. իւրաքանչիւր լուսանկարի ետեւ պատմութիւն մը կայ եւ այդ պատմութիւնը խտացուած է Թիւֆանքճեանի սրամիտ լուսանկարներուն մէջ։ Բազմաթիւ հարցումներէ ու մտերմիկ զրոյցէ ետք, դադարի պահը կը յաջորդէ։ Լողաւազանին շուրջ ոմանք կը զրուցեն իսկ անդին ուրիշներ կ՚որոշեն մօտակայքը քալել ու բնութիւնը վայելել։

Սքաութ Թիւֆանքճեանի աշխատանոցէն

Սքաութ Թիւֆանքճեանի աշխատանոցէն

Ընթրիքին կը յաջորդեն խարոյկին շուրջ մտերիմ խօսակցութիւնները, իրարու հետ ծանօթանալու հրաշալի առիթ ընծայելով բոլորին։ Մասնակցողները զանազան հետաքրքրութիւններու տէր, ուսումնական գետնի վրայ եւ գործի ասպարէզին կամ արուեստին մէջ յաջողութիւն գտած եւ զանազան տաղանդներով օժտուած երիտասարդներ են։ Գրադարանին մէջ մինչեւ ուշ ժամերը նստելէ եւ խօսակցելէ ու երաժշտութիւն ունկնդրելէ ետք կը պատրաստուինք յաջորդ օրուան։11892089_10153490961586132_6850037586749023309_n
Նախաճաշին կը յաջորդէ գրող՝ Ալին Օհաննէսեանի աշխատանոցը։ Ալին Օհաննէսեան կը բացատրէ թէ գրելը ամբողջութիւնն է չափուած ու գծուած ուղեցոյցի մը եւ այն կախարդանքին, որ իւրաքանչիւր անձ կը զգայ ու կ՚ապրի։ Գրելու համար պէտք է գիտնանք այդ ուղեցոյցին տուեալներուն մասին, սակայն պէտք է կարենանք մենք մեզ անջատել ատկէ, զարկ տալով մեր ստեղծագործական կարողութիւններուն։ Ազատ գրելը կ՚օգնէ, որ մենք պեղենք թաքնուած զգացումները ու կարողութիւնները որոնք այլապէս յայտնաբերելը դիւրին չէ գրականութեան ընդմէջէն։ Ապա, հինգ տարբեր բառեր կը բաժնէ ներկաներուն հետ, եւ վեց վայրկեան առիթ կու տայ որ անոնք ազատօրէն գրեն բառի մը շուրջ։ Մասնակցողներէն ոմանք կ՚ընթերցեն իրենց գրութիւնները եւ համապատասխան կարծիք կը ստանան Օհանէսեանի կողմէ։ Ապա, Օհանէսեան կ՚անցնի գրելու ուղեցոյցի մասին բացատրութեան, առաջին արարէն սկսեալ պատմութիւն մը զարգացնելու հանգրուաններուն անդրադառնալով։ Օհաննէսեանի գիրքը՝ «Orhan’s Inheritance» իր առաջին վէպն է. արժանացած է #1 Indie pick for April 2015 եւ Amazon top 20 picks 2015 արժանիքներուն։

Էրիք Պօղոսեան

Էրիք Պօղոսեան

Աշխատանոցէն ետք, մասնակցողները կ՚ուղղուին դէպի Հանթըր գիւղաքաղաք, մինչ ճաշի պատրաստութեան ընթացքին մէջ են խոհարարն ու օգնականները։
Ճաշին կը յաջորդէ հանրաճանաչ դերասան, գրող, բազմատաղանդ՝ Էրիք Պօղոսեանի հետ զրոյցի պահը։ Պօղոսեանի կեանքը հետաքրքրական հանգրուաններու շարան մըն է։ Ան կը բացատրէ, թէ իր մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթին շուրջ զգացումները կը շեշտուին երբ Աթոմ Էկոյեանի «Արարատ» ժապաւէնին մէջ դեր կը ստանձնէ։ «Մեծ հայրս վերապրողներէն էր» կ՚ըսէ Պօղոսեան։ Ան կը նշէ Փիթըր Պալաքեանի, Վահագն Տատրեանի եւ այլոց անունները, որոնք գրած եւ ուսումնասիրած են Ցեղասպանութեան մասին։ Ապա կը բացատրէ, թէ իր գրքին՝ «Operation Nemesis»ի հրատարակութիւնը տիտանական աշխատանքի արդիւնք էր, երկու հարիւր յիսունէ աւելի աղբիւրներու վրայ հիմնուած, եօթը տարիներու մանրակրկիտ աշխատանք մը, որուն արդիւնքը մեծ գոհունակութիւն պատճառած է Պօղոսեանի։ Ապա, ան կը խօսի իր անձնական կեանքին մասին. թէ ինչպէս իբր ձայնասփիւռի խօսնակ, ապա թատերական աշխարհի մէջ դերեր ստանձնած, որոշ սայթաքումներէ յետոյ ինքզինք վերագտած, շարժապատկերի աշխարհին մէջ ճանաչում գտած դերասանը, իր վերջին հրատարակութեան իբր արդիւնք մեծապէս զարգացուցած է իր գիտելիքներու պաշարը հայոց պատմութեան եւ մշակոյթին առնչութեամբ։ Իր տեսակէտով՝ դէպի առաջ երթալու դրական քայլը ազգային հպարտութեամբ մենք մեզ առաջնորդելու քայլն է։ Իսկ իբր անձ եւ իբր արուեստագէտ, 62-ամեայ Պօղոսեանի պատգամներէն մէկն է փորձել, ձախողութիւններէ չվհատիլ, այլ դարձեալ կանգնիլ ու դարձեալ փորձել։

Խաչիկ Մուրատեան

Խաչիկ Մուրատեան

Յետ ընթրիքի, գրադարանին մէջ կը հաւաքուին բոլորը ու այս անգամ դերակատարները մասնակցողներն են, որոնցմէ է հանրաճանաչ ջութակահար՝ Նունէ Մելիքեան։ Սիպերիայի ծնունդ 25-ամեայ այս տաղանդաւոր հայուհին կը գրաւէ բոլորը, Կոմիտասի սրտաճմլիկ Կռունկի հրաշալի մեկնաբանութեամբ. բուռն ծափերուն կը յաջորդէ «Քելէր Ցոլէր»ը….։ Կատարումներուն միջեւ Մելիքեան հակիրճ բացատրութիւններ կու տայ Կոմիտասի կեանքին ու արուեստին մասին։
Մելիքեանի կը յաջորդէ լրիւ տարբեր ժանրի՝ «Րափ» երաժշտութեան մեկնաբան՝ Եղիա Սիւմպիւլեան, գնահատանքի արժանանալով բոլորին կողմէ։ Երեկոյի ընթացքին խօսք կ՚առնեն Արեւմտեան Ա.Մ.Ն.-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ Մանուկ Չուխաճեան, գնահատանքի խօսք ուղղելով Խաչիկ Մուրատեանի, աշխատանոցները համադրելու իր կարեւոր աշխատանքին համար։ Ապա, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ խօսք կ՚առնէ Վիգէն Թիւֆէնքճեան, բարձր գնահատելով Հիւսիսային Ամերիկայի երեք Շրջանային Վարչութիւնները այս կարեւոր նախաձեռնութեան համար։ Վերջապէս, Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Շրջանային Վարչութեան կողմէ Դալար Մաւլեան «Մինաս եւ Գոհար Թէօլէօլեան» գրական մրցանակը կը յանձնէ գրող՝ Ալին Օհաննէսեանի։

Դոկտ. Դալար Շահինեան

Դոկտ. Դալար Շահինեան

Հինգերորդ եւ վերջին աշխատանոցի վարիչն է բեմադրիչ՝ Էրիք Նազարեան։ Էրիքի կեանքին մէջ, արուեստը էական դեր ունեցած է ծնած օրէն իսկ։ Ծնեալ Հայաստան, պարսկահայ ծնողներէ, առաջին օրէն իսկ հայ մշակոյթը, շարժապատկերի աշխարհը, լեզուն ու գրականութիւնը կարեւոր տեղ գրաւած են իր հոգեմտաւոր աճին մէջ։ Էրիք կը խօսի ժապաւէնի պաստառին համար գրելու մասին եւ կը բացատրէ, թէ բեմադրելու համար կարեւոր է գրել գիտնալ։ Այն ինչ որ բազմաթիւ էջերու վրայ տարածուած կը գտնենք, մէկ վայրկեանի մէջ ի յայտ կու գայ ժապաւէնի մէջ: Ժապաւէնի արուեստը աշխարհը պտտելու տոմս է, ըստ Էրիքի։ Ան կը քաջալերէ բոլորը որ ինչ բանի որ ձեռնարկեն, իրենց սէրն ու կիրքը այդ գործին մէջ դնեն։ Հակիրճ վաւերագրական ֆիլմի մը ընդմէջէն, Էրիք բացատրութիւններ կու տայ թէ ինչպէս ժապաւէնի մը նիւթը ծայր կ՚առնէ ու կը զարգանայ տեսարան առ տեսարան։ Ապա ան առիթ կու տայ մասնակցողներուն որպէսզի հերոս մը ի մտի ունենան եւ այդ հերոսը նկարագրեն շրջապատին ընդմէջէն։ Ներկաները քանի մը վայրկեան կը տրամադրեն այդ աշխատանքին համար։ Ապա, կիզակէտը դարձնելով հայ շարժապատկերի արուեստին վրայ, ներկաները առիթ կ՚ունենան դիտելու երկու հանրաճանաչ ժապաւէններ, որոնցմէ է Տժվժիկը, որը մեծապէս կը խանդավառէ բոլորը։ Նազարեան կը շեշտէ կարեւորութիւնը հայ արուեստի ներկայութեան եւ զարգացման մեր յառաջիկայ սերունդին մօտ։Դալար Շահինեանի աշխատանոցէն
Ու այսպիսով, իր աւարտին կը հասնի Համազգային ArtLinks 2015 հաւաքը։ Հինգ արուեստագէտներ, իւրաքանչիւրը իր կարգին ներշնչման աղբիւր, իրենց սուղ ժամանակը տրամադրեցին ու հայ երիտասարդը խրախուսեցին իրենց ներկայութեամբ ու փորձառութեամբ։ Պէտք է խոստովանիլ, որ երազային ծրագիր մըն էր որուն կարեւորութեանը հաւատալով ճամբայ ելան հաւատաւոր Համազգայնականներ եւ որուն արդիւնքը յառաջիկային կարելի է աւելի երկար ժամանակներու վրայ արժեւորել։ Մասնակցողներուն կողմէ բարձր գնահատուած այս նախաձեռնութիւնը յառաջիկային պիտի շարունակուի, համախմբելով արուեստասէր ու արուեստագէտ երիտասարդ տարրը, Հիւսիսային Ամերիկայի տարածքին։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.