Եւրոխորհրդարանը Ատրպէյճանի Դէմ Պատժամիջոցներու Կոչ Ընող Բանաձեւ Ընդունած Է


Եւրոխորհրդարանը մարդու իրաւունքները խախտող ատրպէյճանցի պաշտօնատարներու նկատմամբ հասցէական պատժամիջոցներ կիրառելու կոչ պարունակող բանաձեւ մը ընդունած է:

Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-­ը, կ՛ըսուի Եւրոպական խորհրդարանի պաշտօնական կայքին մէջ: Բանաձեւի օգտին քուէարկած են նիստին 365 մասնակից խորհրդարանականներէն 202-­ը:

Բանձեւին մէջ կը նշուի Ատրպէյճանի մէջ բռնաճնշումներու եւ ձերբակալուած իրաւապաշտպաններու ու լրագրողներու թիւի աճի մասին:

Բանաձեւի 17-­րդ յօդուածին մէջ կ՛ըսուի, որ Եւրոխորհրդարանը պէտք է քննարկէ Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու խախտման մէջ մեղաւոր ատրպէյճանցի պաշտօնեաներու նկատմամբ Եւրոմիութեան կողմէ հասցէական պատժամիջոցներ (նաեւ վիզայի արգելք) մտցուելու հարցը:

Բացի այդ, Եւրոմիութիւնը պէտք է Ատրպէյճանի կառավարութեան կոչ ընէ չեղեալ յայտարարելու ԵԱՀԿ Պաքուի գրասենեակը փակելու որոշումը եւ շարունակէ այդ կազմակերպութեան հետ համագործակցութիւնը:

Բանաձեւի 21-­րդ յօդուածին մէջ հեղինակները Եւրոմիութեան երկիրներուն, ինչպէս նաեւ Եւրոմիութեան արտաքին գործոց ծառայութեան կոչ կ՛ուղղեն հրաժարուելու Ատրպէյճանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններուն դիտորդներ ուղարկելու մտադրութենէն: «Ներկայ պայմաններու մէջ դիտորդներ ուղարկելը անիմաստ է եւ կը ծառայէ ընտրութիւններու օրինականացման, որոնք կ՛անցնին լուրջ խախտումներով»,- կ՛ըսուի­ բանաձեւին մէջ:

Ընդունուած բանաձեւին նախագիծը Եւրոխորհրդարան ներկայացուցած է Ազատական­ընկերվարականներու խմբակցութիւնը (ALDE group): Վերջին պահուն անիկա քննարկման ներկայացուած է Եւրոխորհրդարանի բոլոր խմբակցութիւններու անունէն:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.