Արցախէն Տավուշի Սահմանագօտի Մեկնած է Հարիւր Ազատամարտիկ


«Արցախփրես» կը հաղորդէ, որ 5 Սեպտեմբերի կանուխ առաւօտուն, Արցախի ազատամարտիկներու միութեան (ԱԱՄ) նախաձեռնութեամբ Ստեփանակերտէն Հայաստանի հանրապետութեան հիւսիսարեւելեան՝ Տավուշի սահմանագօտի մեկնած է հարիւր ազատամարտիկ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեանի եւ միութեան նախագահ Սամուէլ Կարապետանի գլխաւորութեամբ։

«Արցախփրես»-ի թղթակիցը մեկնելնէն առաջ այդ առնչութեամբ զրուցած է ազատամարտիկներուն հետ՝ անոնց տրամադրութեան եւ նպատակներու մասին, որ կը ներկայացնենք ստորեւ.

Սամուէլ Աղաջանեան, Արցախի ազատամարտիկներու միութեան Ասկերանի տարածքային միաւորման նախագահ.«Մենք պատրաստ ենք «Մէկ ազգ, մէկ հայրենիք» կարգախօսի տակ ծառայելու մեր հայրենիքի բոլոր հատուածներուն մէջ։ Կը մեկնինք մեծ ոգեւորութեամբ ու բարձր տրամադրութեամբ։ Մեր նպատակն է անգամ մը եւս թշնամիի ջախջախիչ հարուած հասցնել եւ հասկցնել, որ այլեւ հրաժարի այդպիսի ոտնձգութիւններէն։ Աւելին, Արցախի ազատամարտիկները միշտ պատրաստ են մեկնելու նաեւ Արեւմտեան Հայաստան՝ ազատագրելու համար նաեւ մեր հայրենիքի միւս հատուածները։ Ասկերանի տարածքային միաւորման անդամներէն շատերը ցանկութիւն յայտնած են սահմանագիծ մեկնելու, սակայն տեղերու սահմանափակ ըլլալուն պատճառով այս անգամ աւելի քիչ ազատամարտիկներ ընդգրկուած են Ասկերանէն»։

Էդիկ Խաչատրեան, Արցախի ազատամարտիկներու միութեան աշխատակազմի ղեկավար.«Կը մեկնինք մեծ ոգեւորութեամբ։ Իւրաքանչիւրիս պարտքն է պաշտպանել հայրենիքի սահմաններն ու ապահովել մեր ժողովուրդի անվտանգութիւնը։ Մենք ունինք մէկ հասարակաց հայրենիք ու սահման եւ պատրաստ ենք որեւէ պահու դիմակայելու թշնամիի բոլոր ոտնձգութիւններն ու դաս տալու անոր։ Սահմանագիծ մեկնելու եւ մեր զինուորներու կողքին կանգնելու մեր հերթական առաքելութեան նպատակը անգամ մը եւս ցոյց տալն է, որ հայ ազգը պատրաստ է որեւէ պահու միասնական կերպով գործելու, ինչը մեր յաղթանակի գրաւականն է»։

Յարութ Մնացականեան, ԱԱՄ «Հայրենեաց պաշտպան» երիտասարդական հասարակական կազմակերպութեան նախագահ.«Մենք տրամադրուած ենք մարտական, եւ երիտասարդական խումբին մէջ կամաւոր ընդգրկուած 7 տղաքը կազմ ու պատրաստ են փորձառու ազատամարտիկներու կողքին իրականացնելու որեւէ մարտական առաջադրանք։ Նաեւ ոգեւորուած ենք, որովհետեւ դարձեալ մեր հայրենիքի սահմանին պիտի կանգնինք։ Այս այցելութիւնը սահմանագիծ խորհրդանշական բնոյթ կը կրեն, որովհետեւ սահմանին կանգնած մեր զինուորները անթերի ու վստահ կ՚իրականացնեն իրենց առաքելութիւնը։ Մեր նպատակն է անգամ մը եւս ցոյց տալու մեր միասնականութիւնը եւ այն կամքը, որ պատրաստ ենք կանգնելու բոլորիս հայրենիքի սահմանի որեւէ հատուածի պաշտպանութեան դիրքերուն վրայ»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.